Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսեւթրքական Յարաբերութիւններու Հոլովոյթը` Մինչեւ Նոյեմբեր 9

Դեկտեմբեր 7, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 17 դեկտեմբեր 2015-ի տարեկան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց: «Շատ դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի է, ինչպէս կը տեսնէք, համաձայն գտնուիլ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս մեր փորձառութիւնը ատիկա կ՛ապացուցէ: Եւ նոյնիսկ երբ մենք այո՛ ըսենք թուրքերուն, կը դաշունահարուինք մեր կողքէն կամ կռնակէն` մեզի համար անհասկնալի պատճառներով»:

Փութինի կատարած այս բնութագրումը բացառիկ մեկնաբանութիւն մըն է ռուսեւթրքական յարաբերութիւններուն մասին, որոնք առնուազն երկու հարիւր տարուան բաւական փոթորկալից պատմութիւն մը ունին` ռազմական, դիւանագիտական, մշակութային, առեւտրատնտեսական թէ այլ մարզերու մէջ, եւ որոնք գլխաւոր երեք բաժիններու պէտք է բաժնել: Կայսրութիւններու եւ Ա. Աշխարհամարտի շրջան, Պաղ պատերազմի եւ յետպաղպատերազմեան շրջաններ:

Օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ տասնհինգ պատերազմներ մղուած են, եւ ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումները յաճախ յօգուտ Ռուսիոյ են: Բաւական նշանակալից հոլովոյթ ունին այս շրջանի ռուսեւթրքական յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով, որ ցարական Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ծիրը ուղղակի բախման մէջ կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքներէն ամէնէն խնդրայարոյցին` Արեւմտեան Հայաստանի պարագային: Բախումներու, ետդարձերու, դիւանագիտական խուսանաւումներու, սիրալիր յարաբերութիւններու քողին տակ շահերու հետապնդման վայրագ դրսեւորումներու դրուագներով լեցուն է այս ժամանակաշրջանը: Մինչդեռ Համաշխարհային Ա. պատերազմին տարբեր խրամատներու մէջ գտնուող Թուրքիա եւ Ռուսիա, պատերազմին աւարտով, բացառիկ գործակցութեան փուլ մը կը մտնէին: Ռուսերը, թեւ ու թիկունք ըլլալով Աթաթուրքի, օժանդակեցին, որպէսզի ազգային անկախութեան թրքական պատերազմը` 1919-1922, յաղթանակով պսակուի, եւ որուն իբրեւ արդիւնք` ծնունդ կ՛առնէր Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը: Բազմաթիւ պատմաբաններ համակարծիք են, թէ համայնավարներուն հոսեցուցած ոսկիներուն եւ զէնքերուն շնորհիւ է, որ Աթաթուրք յաղթանակներ արձանագրեց, նոյնիսկ դարձաւ այնքան ուժեղ, որ մերժեց 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը, հակառակ անոր որ սուլթան Մեհմետ Վահտէտտին վեցերորդի օրինական իշխանութիւնները համամիտ գտնուած էին Սեւրի պայմաններուն:

Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական այս խոր հետաքրքրութիւնն ու բարեացակամութիւնը ունի իր գլխաւոր եւ երկրորդական պատճառները, որոնց գումարն է, որ Մոսկուայի իշխանութիւնները միշտ մղած է առաւել կամ նուազ չափով, ըստ պահանջի, զարգացումներու եւ իրադրութիւններու, բարելաւելու, պահպանելու, կամ որոշ չափով ալ հակադրուելու Անգարայի:Այս պատճառներուն մէջ առանցքային են Վոսփորն ու Տարտանելը, որոնք Մեծն Պետրոսի օրերէն իսկ մնայուն ուշադրութեան առարկայ են, եւ որոնք ռուսական թէ՛ պատերազմական եւ թէ՛ առեւտրական նաւատորմերը Միջերկրականի տաք ջուրեր առաջնորդելու ջրային դարպասներ են: Անգարա շատ լաւ հասկցած ու ըմբռնած է Վոսփորի եւ Տարտանելի ներկայացուցած կարեւորութիւնը եւ զանոնք վերածած` յուսալի խաղաքարտերու, յատկապէս` Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ:

Մինչ այդ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք սկսած Պաղ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան Թուրքիա մնաց հակառուսական խրամատին մէջ, նախ` 1952-ին անդամագրուելով ՕԹԱՆ-ի, ապա ստանձնելով Խորհրդային Միութեան դէմ ճակատային առաջատար դիրքը, որ բաւական պիտի ամրացնէր Թուրքիոյ թէ՛ ռազմաքաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական կարողականութիւնները, որովհետեւ նիւթական եւ այլ բնոյթի աջակցութիւնները դարձեալ պիտի հոսէին` իբրեւ վարձատրութիւն խորհրդայիններուն անմիջական վտանգին դէմ դնող եւ արեւմտեան աշխարհը առաջին ճակատային գիծերուն վրայ պաշտպանող Թուրքիոյ «նուիրում»-ին:

Պաղ պատերազմէն ետք է, որ խաղին կանոնները սկսան դանդաղօրէն փոխուիլ: Թուրքիոյ մէջ նախ ընթացք առաւ քաղաքական հոլովոյթ մը, որուն իբրեւ արդիւնք` երկրին ղեկը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած բանակին նոյնքան ազդեցիկ եւ ուժեղ զօրավարները կորսնցուցին իրենց ուժն ու հեղինակութիւնը, որովհետեւ պատերը փուլ եկած էին, եւ այլեւս կարիքը չկար նախկին Խորհրդային Միութեան դէմ դնող արբանեակներու: Թրքական բանակին զօրավարները երկիրը կը կառավարէին արեւմտեան արբանեակային գաղափարախօսութեամբ եւ համոզումներով: Հետեւաբար անոնց կարիքը եւ օգտակարութիւնը չկար, որովհետեւ չքացած էր պատճառը` Խորհրդային Միութիւնը:

Յետխորհրդային ժամանակաշրջանի ռուսեւթրքական յարաբերութիւններուն գլխագիր իրագործումները անշուշտ արձանագրուեցան Սուրիոյ մէջ, ուր բաւական պարանաձգութիւններէ, լարուածութենէ եւ նոյնիսկ ռուսական կործանիչի մը հարուածէն ետք, յարաբերութիւնները վերադարձան իրենց բնական հունին, որովհետեւ խաղին կանոններուն վերադասաւորմամբ, թէ՛ Ռուսիա, եւ թէ՛ Թուրքիա ստացան իրենց ակնկալած արդիւնքը: Ռուսերը յաջողեցան ճեղքել ՕԹԱՆ-ի պատնէշները եւ Էս- 400 հրթիռներու համակարգերը վաճառել Թուրքիոյ, իսկ Անգարա տիրացաւ իր շատոնց փայփայած երազը իրականացած տեսնելու մրցանակին: Հարաւկովկասեան շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական դերակատարութիւն մը, որուն հետեւանքները ազգովին ապրեցանք:

Յատկապէս Հարաւկովկասեան ընդհանուր իրավիճակին այսօրուան տուեալները մտածել կու տան, թէ ռուսեւթրքական հասկացողութիւնները, դերերու վերաբաշխումը, բաժնեկցութիւնն ու ծիրերու ընդգծումները ի՛նչ տարողութիւններ ստացած են: Երբ, օրինակի համար, Արցախի դէմ թուրքեւաbրպէյճանական ճակատին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին առաջին իսկ օրերուն անժխտելի ապացոյցներ երեւան եկան Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու զինուորագրութեան մասին, միակ գլխաւոր հարցումը առնչուեցաւ Ռուսիոյ դերակատարութեան: Կրնա՞ր ըլլալ, որ Մոսկուա տեղեակ չէր,որ ահաբեկիչներ Հարաւային Կովկաս կը փոխադրուին: Հարցումը ստացաւ իր պատասխանը: Մոսկուա պարզապէս յարգելով դիւանագիտական առնչութիւնները` յայտարարեց եւ մտահոգութիւն յայտնեց վարձկան ահաբեկիչներու արցախեան պատերազմին մասնակցութեան վերաբերեալ: Այսքա՛ն: Միայն երբ կուտակումները առաւել սաստկացան, ռուսական ռմբաձիգներ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ ռմբակոծեցին վարձկան ահաբեկիչներու մարզակայաններէն մին` հարիւրէ աւելի ահաբեկիչներ սպաննելով: Ասիկա, սակայն, բնաւ բաւարար քայլ մը չէր արցախեան ճակատներու վրայ կռուող վարձկաններու վտանգը չէզոքացնելու համար: Իսկ եռակողմ համաձայնութեան ստորագրումէն երկու օր ետք, տասնմէկ նոյեմբերին ռուսեւթրքական հասկացողութեան եւ քաղաքական շահերու միջեւ որոշ համակարգման բաւական ցայտուն ապացոյց մը եղաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադուլի վերահսկողութեան ռուսեւթրքական կեդրոնի մը մասին յուշագիրը: Այս կեդրոնին մասին խօսք անգամ չկայ եռակողմ համաձայնութեան մէջ, որուն հինգերորդ կէտին մէջ կ՛ըսուի, որ զինադուլի վերահսկողութեան կեդրոն մը պիտի հաստատուի: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ այդ կեդրոնին մաս պիտի կազմեն նաեւ թուրքերը, անշուշտ` ռուսերուն ամբողջական գիտակցութեամբ եւ հաւանութեամբ:

Այլ խնդիր մըն է թրքական անկախ կեդրոն մը բանեցնելու Անգարայի պահանջը, որ ցարդ ռուսական մերժողական կեցուածքին արժանացած է: Թուրքերը կը ջանան անկախ կեդրոնի մը ընդմէջէն ազրպէյճանական հողամասերու մէջ ամրապնդել իրենց ներկայութիւնը, որովհետեւ սահմանէն անդին` Հարաւային Կովկասի մէջ թրքական պաշտօնական ներկայութիւնը երկար ժամանակի վրայ առաւել յոյս կը ներշնչէ համաթուրանականութեան տարածման եւ ստեղծման թրքական երազը իրականացնելու իմաստով:

Նկատի ունենալով բոլոր հանգամանքները եւ զարգացումները` առաւել յստակ կը դառնայ, որ Ռուսիա-Թուրքիա գործակցութիւնը խորքային եւ բովանդակային իմաստով նոր փուլ մը  թեւակոխած է` Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ետք ահա տարածուելով նաեւ Հարաւային Կովկաս: Հայկական ճակատը բնաւ միամտութիւն պէտք չէ դրսեւորէ, որ օրը պիտի գայ եւ ռուսեւթրքական այս մեղրալուսինը ապահարզանով մը պիտի աւարտի: Այդպէս չէ: Խնդիրը կը վերաբերի նոր դրուածքներու եւ մօտեցումներու, որոնք մէկ կողմէ Ռուսիոյ համար խաղաքարտեր են` Թուրքիոյ միջոցով Արեւմուտքը նեղ կացութիւններու մատնելու համար, միւս կողմէ ալ` Թուրքիոյ համար բացառիկ առիթ են տարածուելու եւ քաղաքական ազդեցութեան աշխարհագրական ծիրը ընդարձակելու դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Ռուսիոյ իսլամ ու թրքացեղ ինքնավար հանրապետութիւններ: Հայկական դիւանագիտութիւնը այս իմաստով լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եթէ անշուշտ կարելի ըլլայ հակակշռի տակ առնել ներհայաստանեան իրավիճակը: Եթէ կարելի չըլլայ, աղէտներ կը սպասեն հայութեան:

 

 

 

Նախորդը

Նոյեմբեր 9-ի «Գոյժը»

Յաջորդը

Հմայքը, Արուեստը, Միջակութիւնն Ու Մենք

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?