Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոյեմբեր 9-ի «Գոյժը»

Դեկտեմբեր 7, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օր, հաւանաբար բոլորին նման, հեռաձայնս ձեռքիս ու ինչպէս միշտ` հեռատեսիլին դիմաց նստած, օրուան հայկական լուրերուն կը հետեւէի: Պատերազմ էր, եւ հակառակորդը դարձած էր ոսոխ: Պատահեցաւ անսպասելին: Անիծեա՛լ օր: Ու ահա գլխաւոր լուրը եկաւ ու ամէն բան եւ ամէն ինչ գլխուս մէջ խառնեց: Ինչպէ՞ս բացատրեմ, երբ արդէն երեւակայութիւնս սկսած էր զիս ալ հալածել: Միտքերու պատկերաւոր ժխոր: Իսկ եթէ լսածս ճիշդ էր, ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի գտնէի կեանքիս նոր ճամբան: Ինչպէ՞ս դիմանալ այս «նոր» անստուգութեան: Մէջս ամէն բան սառած էր կարծես: Իրականութիւնը ի՜նչ անողոք է եղեր, ըսի մտովի ու փորձեցի գէթ տնեցիներու աչքին հանդարտութիւն ձեւացնել: Սակայն այս հանդարտութիւնս միայն արտաքին երեւոյթ էր, ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` տեսողական խաբկանք, որովհետեւ բուն շարժումը տեղի կ՛ունենար մտածումներուս ներքին շերտերուն մէջ: Ամիսէ մը աւելի պատերազմ կար հայրենի մեր հողերուն վրայ, իսկ այսօր` նուաստացուցիչ փաստաթուղթ մը ստորագրուած: Այս մէկը սարսափելի էր ու տագնապալի: Անոր համար ստեղծուած տագնապներն ու անոնցմէ բխող անկաշկանդ պոռթկումները` սկսած էին աւելի պրկել հոգեվիճակս:

Ուրեմն ո՞ւր մնացին ազգիս տարիներու մեծ բաղձանքները, յոյզերը, խորհուրդները, ակնկալութիւնները: Այդ օրուան այդ մեծ «լուրը» եկած ու խեղդած էր ամէն բան: Լուր ըսի, պէտք էր զայն գոյժ ալ անուանէի: Որակէի: Ուրեմն այս լուրը իսկապէս, որ գոյժ ալ էր: Արդ, ի՞նչ էր այս գոյժ ըսուածը: Կ՛ըսէին, որ անիրաւ էր եւ չարամիտ: Անձնապէս մօտէն ծանօթ չէի անոր հաստատ կարողականութեան, անոր վայրագ ու անգութ ուժի ցուցադրութեան եւ չափանիշին: Իսկ հիմա արդէն այդ «բոլորով» կ՛ապրիմ պարտադրաբար:

Նախ ըսեմ, որ նման լուր կամ լուրեր, մարդոց հոգիներն ու միտքերը հարուածող ջարդող- կոտորող, անխիղճ եւ անգութ ճշմարտութիւններ էին: Անիծեա՛լ կերպարներ: Եթէ կ՛ուզէք` նա՛եւ սարսափազդու իրականութիւն եւ անախորժ ներկայութիւն ու նոյնքան ալ` վայրագ գոյութիւն, որ մեր կեանքի անբաժան մասնիկներ ալ եղած էին եւ են: Տագնապ «բուրող»: Դամոկլեան սուրի նման` բոլորիս գլխուն վրայ կախուած: Անխնայ հարուածող մը: Արագաւազ:

Ըսէ՛ք, ո՞վ կ՛ընդունի նման տառապանք: Նման շրջուն իրականութիւն: Ո՞վ: Ո՛չ ոք: Անոր համար մարդիկ, իբրեւ մխիթարանք, դէպի Ամենակալին իրենց աղօթքներով եւ աղերսներով կը փորձեն միշտ հեռու մնալ անոր «հարուածներէն»: Ան այսպէս իր անակնկալ ծնունդով վայրկեանին իրականութիւն դարձող ու իր թիրախը ճշդող ու խօսքը յարգողի պարտաճանաչութեամբ գերիշխող ազդակ մըն է: Ան նոյնիսկ կրնայ ակնթարթի մէջ իր նշանակած թիրախաւորած վայրը հասնիլ ու իր բոլոր հնարքներով որոշուած վայրէն անսանձ մտնել եւ իր «պարտականութիւնն» ու «առաքելութիւնը» լրիւ ու կատարեալ իրականացնել:

Նաեւ պէտք է աւելցնեմ, որ ան իր այս «արշաւանքի» առաջին վայրկեանին նախ արմատախիլ կ՛ընէ մարդկային ամէն տեսակի տրամադրութիւն: Կը քանդէ հոն ստեղծուած մթնոլորտը ու հանդիպած անհատի ուղեղէն ներս թափանցելով` կը մկրատէ անոր մօտ գտնուող տրամաբանութիւն կոչուած հոսանքին բոլոր թելերը: Կը հաւաքէ անոր ժպիտն ու խինդը եւ անոնց տեղ սուգ կ՛ամբարէ: Իր իսկ «կրակով» ան նաեւ կ՛այրէ ամէն սիրտ եւ զգացում, ու երբ ամէն մարդ իր կսկիծէն ու ցաւէն որոշ բաժին ստացած ըլլայ, ինք`գոհանալով, անձայն կը հեռանայ` իր ետին ձգելով ողբ ու կոծ, լաց ու արտասուք:

«Կրակ» ըսի: Այս բառը ողորմած մեծ մօրմէս լսած էի տակաւին մանկութեանս տարիներուն: Ան միշտ նման պարագաներուն ըսած ու կրկնած էր.

«Ո՜վ Աստուած, թշնամիիս դուռն իսկ չձգես այդ կրակը»:

Բայց իմ այդ մանուկ հասակիս ինծի համար շատ դժուար էր հասկնալ այդ կրակին խոր իմաստը, խորհուրդը, ծանրութիւնն ու կատաղութիւնը: Տարիներ վերջ միայն հասկցայ, որ այդ «կրակը» ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` չարագուշակ տեղեկութիւն: Մէկ խօսքով` գոյժ, որ նոյնիսկ այս օրերուն հեռաձայնիս թելերէն եւ Դիմատետրիս պաստառէն սողալով ինծի ալ հասած էր, իբրեւ հաստատ աղէտաբեր ու զիս` հոգեկան անդամալուծութեան մատնած: Ուստի քարացած ու ժամանակ մըն ալ անշարժացած մնացած էի: Ականջներուս հասած եւ միւս կողմէ ալ աչքերէս ուղեղիս մէջ տեղաւորուած տողերը իրապէս որ զիս նետած էին չեմ գիտեր ուրտեղերը: Պահս ու ժամերս անկէ ետք դարձած էին մտածումներուս ամբոխին իբրեւ աժան կեր: Ու չեմ յիշեր, թէ որքա՜ն ժամեր ինկած էի նման անորոշութեան մը գիրկը:

Հաստատապէս ես ինծի կը մերժէի այդ գոյժի ալիքներէն հասնող անժամանակ ցնցումները:

Զարտուղի որոշում` կը կրկնէի մտովի ու կ՛աւելցնէի.  «Միայն Աստուած տար, որ անճիշդ ըլլար»:

Իրապէս այս մինակութեանս մէջ կեանքիս համը փախած էր, որովհետեւ գեղեցիկ եւ թանկագին բան մը կորսնցնողի նման, այս ճշմարտութեան առջեւ խեղճացած էի: Ջարդուած: Այս էր այդ օր կեանքէն ինծի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ազգիս հրամցուած իրականութիւնը, գոյժը` չար լուրը, որուն դառնութիւնը ապրեցայ ճիշդ նոյեմբեր 9-ին: Ինծի հասածը լուր մըն էր, ծանր եւ ցաւալի, եւ որ միաժամանակ նոր էջ մը պիտի բանար ազգիս պատմութեան մէջ` անոր ճակատագիրը  կարմիր բոց դարձնելով: Զարմացած էի: Ապշած մը` եթէ կ՛ուզէք:

Ամէն անգամ եւ ամէն առիթով կրկնած եմ, որ մեզի համար հայրենիքը, աւելի ճիշդ` հայրենի հողի խորհուրդը, անբացատրելի էր: Հայու կեանքի ապահով պարիսպ: Իսկ անոր կորուստը… Է՜հ… մի՛ հարցնէ՛ք: Հաստատապէս այլեւս բառերու հացով չէինք կրնար ապրիլ եւ ոչ ալ կենացներ ըսելով, գաղափարներու գինիով արբենալ: Լրջախոհութեան պահը հասած էր: Ականջիս հասնող բառերը դառնութեան ձայներով լեցուած էին: Ինչպէ՞ս պատռել այս արարքներուն կեղեւը երեւան հանելու համար միջուկը: Չէի գիտեր: Շուարած էի: Յանկարծակիի եկած էի: Անհաւատ մը դարձած, որովհետեւ իրապէս երազներս կորսուած էին: Կեանքս իր կշռոյթը հաստատապէս կորսնցուցած էր: Այդ լուր-գոյժը հալածած էր ամբողջ ազգ մը: Կը հաւատայի: Մեր պատմութեան էջերը կրկին խառնուած էին, ու անոր գիրերը դարձած էին անընթեռնլի: Ուրեմն սխալ բան մը կամ բաներ կային մեր կեանքէն ներս, որոնց գլխաւոր պատճառը մենք էինք, ամբողջ ազգով: Այնպէս կ՛երեւէր, որ մեր կեանքը սկսած էր մեզ որսալ: Մենք ալ` ուրիշներու նման, տակաւին զիրար չէինք հասկցած: Չափանիշները խախտուած էին` պատրանք մը ստեղծելով, բայց կար շեշտաւորեալ իրականութիւն մը: Փաստաթուղթի մը ստորագրութիւնը: Ցաւալի պարտութիւն եւ նոյնքան ալ տխուր:

Իսկ հիմա, այս օրերուն, եթէ տարբեր եւ վախազդու երկիւղ մը կար, այդ մէկը մօտիկ կամ հեռու մեր ապագայի անստուգութիւնն էր: Դէպի երկինք մեր աղօթքներն ու «Տէր, ողորմեա»-ն իրապէս դարձած էին անհասանելի: Կ՛անդրադառնամ: Որո՞ւ հաւատաս: Այսքան կռիւէ, զոհերէ, սխրանքներէ ետք, ո՞վ կ՛ընդունի նման նոր «տառապանք», ազգային «ցաւ» ե՛ւ «մահ»: Ցեղիս առջեւ ցցուած էին վճռական օրեր, ուստի էական ու կարեւոր էր, որ հիմա մենք ազգովին չկորսնցնէինք մեր հոգիի բանալին եւ մեր սեփական արժանապատուութեան զգացումը: Դասեր քաղելով պատմութենէն` քաղաքական իմաստութիւն ձեռք ձգէինք: Յստակ է, որ բոլորս ալ կ՛ապրէինք ծանօթ ու անծանօթ բեւեռներու մէջ, ճզմուած` զիրար առանց հասկնալու: Այլեւս ազգային մեր կեանքին ներելի չէ թեթեւամտօրէն վերաբերիլ:

Ճիշդ է, որ աշխարհը ծարաւ է արդարութեան պապակով: Ճիշդ է, որ մեր այս նոյն աշխարհը հիւանդ ալ է, եւ ամէն ժողովուրդ, կամայ թէ ակամայ, իր ջիղերով սկսած է ապրիլ, միւս կողմէ`  մեր այս «կրակն» ալ իր հարուածին ծանրութեամբ եւ կատաղութեամբ մեզ նոր շփոթանքի մը մատնած է: Պատմական եւ անօրինակ: Ուստի ամէն բանի կարիքը ունինք, բացի ազգային մեր անտարբերութենէն: Զսպուած եւ յուզուած կ՛ըսեմ, որ պարտութիւն կամ յաղթանակ էական չէ այլեւս, այլ կարեւորը բոլորէն ետք կռուելու ընդունակութիւնն է: Ճիշդ է, որ ամէն բան կորած չէ ու նաեւ ճիշդ է, որ կեանքը պիտի շարունակուի, սակայն ազգովին զգաստալ է պէտք եւ մեր պետականաշինութեան լծուիլ: Հզօր: Կայուն եւ յարգալի: Ահա նոյեմբերի գոյժէն ժայթքող հրամայականը:

Ապա, այս բոլորէն ետք, ճարահատ, բայց` ոչ յուսահատ, երբ կրկին առանձնանալ փորձեցի, հոն, այդ կէս-մութ, կէս-լոյս սենեակիս պատերէն ներս զգացի, որ սիրտս մինակը սկսած էր հեծկլտալ:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանը` Անտիրապետելին

Յաջորդը

Ռուսեւթրքական Յարաբերութիւններու Հոլովոյթը` Մինչեւ Նոյեմբեր 9

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?