Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Գեղամ Կադիմեան շատ հաւանաբար հեռանայ ներկայիս իր մաս կազմած ակումբէն, այս մասին յայտնեց «Թրանսֆերմարքեթ»-ը:
Կադիմեան, որ մաս կը կազմէ Նեմանի (Պիելոռուսիա), կրնայ հեռանալ իր ակումբէն` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Ան Նեմանին միացաւ այս տարուան մարտին:
Ան այս տարեշրջանին, իր կազմին հետ իր կատարած 29 մրցումին ընթացքին նշանակեց 12 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:
Նշենք, որ վերջին շրջանին ան ընդգրկուած էր Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան հերթական հանգրուանի խորհրդանշական կազմին մէջ: