
Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարաց յանձնախումբը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան մէկ ամիսով երկարաձգումը պահանջեց: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ արաբ դէտերու առաքելութեան ղեկավար Մոհամետ Ահմետ Տապի ժողովի ընթացքին պահանջած է դէտերու առաքելութիւնը երկարաձգել: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը Նեպիլ Արապի յանձնախումբի ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ «արաբ դէտերու անվտանգութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ անոնց փոխադրութիւնը ապահովելու պատասխանատուն Սուրիան է»` դարձեալ շեշտելով, որ Սուրիա պէտք է բռնի ուժի կիրարկումը դադրեցնելու առնչութեամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնը գործադրէ:
Ժողովի ընթացքին սուրիացի ցուցարարներ պաշարած էին Արաբական լիկայի կեդրոնատեղին եւ բարձրացուցած պաստառներ, որոնք կոչ կ՛ուղղէին արաբ դէտերու առաքելութեան անմիջապէս վերջ տալու եւ սուրիական թղթածրարը փոխանցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` նշելով, որ Արաբական լիկան ձախողեցաւ սուրիացի ժողովուրդին պաշտպանութիւնը ապահովել եւ կոչ ուղղելով, որ լիկան դադրի այս հարցով զբաղելէ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիա որոշած է իր դէտերը Սուրիայէն տուն կանչել: Ան միջազգային եւ իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ նկատմամբ իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու, ինչպէս նաեւ «ճնշում բանեցնելու Սուրիոյ վրայ` ստիպելու համար, որ ան Արաբական խաղաղութեան ծրագիրին յանձնառու մնայ»: Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ որոշումը եւ կոչ ուղղեց սուրիական տագնապի թղթածրարը փոխանցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Նախքան այս յայտարարութիւնը, սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սէուտ Ֆայսալ իշխան առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ Ազգային խորհուրդէն պատուիրակութեան մը հետ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ անոր ղեկավարը` Պուրհան Ղալիուն: Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը` բռնարարքներու եւ սպանութեանց շարունակման լոյսին տակ: Ըստ նշեալ լրատու գործակալութեան, Ֆայսալ իշխանը մտիկ ըրած է Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին Սուրիոյ կացութեան հետ վարուելու պատկերացումին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատեց, որ իր երկիրը զօրավիգ պիտի կանգնի Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարական յանձնախումբի ժողովէն բխած որեւէ որոշումի: Ան նշեց, որ «Թուրքիա Արաբական լիկային հետ սերտ խորհրդակցութեանց մէջ է, սակայն եթէ շրջանային նախաձեռնութիւնը անկարող է Սուրիոյ մէջ արեան բաղնիքը դադրեցնելու արդիւնքին հասնելու, ապա բնական է, որ հարցը վերածուի միջազգային եւ ՄԱԿ-ի ուշադրութեան արժանի մարդասիրական հարցի»: Ան յոյս յայտնեց, որ հարցը այդպիսի ընթացք մը չառնէ, եւ սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց «իր ժողովուրդին դէմ անիրաւ պատերազմը դադրեցնելու»` նշելով, որ սուրիական հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար երեքշաբթի օր Ռուսիա պիտի այցելէ:
Մինչ այդ, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վերջին դէպքերուն պատճառով ձերբակալուածներէն մինչեւ օրս ազատ արձակուածներուն թիւը հասած է 5255-ի:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր յայտարարեցին, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական կացութեան պատճառով կը մտադրեն մինչեւ ամսուան վերջը Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատունը փակելու որոշում մը տալ:


