Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶԻՆՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ԼԻՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻ

January 23, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտել Ժալիլ կը զրուցէ ցուցարարներու հետ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ, երկրի նոր իշխանութիւններուն գործունէութենէն դժգոհ շուրջ երկու հարիւր զինուած ցուցարարներ ներխուժած են Ազգային փոխանցման խորհուրդի կառավարական շէնք:

Ըստ ցուցարարներուն, ժամանակաւոր իշխանութիւնները որդեգրած են շարք մը ընտրական օրէնքներ, առանց հանրային քննարկումի եւ ոչ ժողովրդավարական ձեւով:

Ցոյցերուն մասնակիցներէն իրաւաբան Թամիր Ճահան «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ «ընտրական օրէնքները մեծամասնութեան զօրակցութիւնը չեն ստացած եւ չեն յարգեր այն անձերը, որոնք իրենց կեանքը տուին ազատութեան համար»: Այլ ցուցարար մը` Ահմետ Պորաս յայտարարած է, որ «մենք չենք ուզեր մէկ բռնապետ փոխարինել այլ բռնապետով մը: Կը կարծենք, որ այդ մարդիկը (Ազգային փոխանցման խորհուրդի անդամները) Քազզաֆիէն տարբեր չեն եւ կը խօսին ուժի լեզուով»:

Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդէն անանուն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ցուցարարները խորհուրդի կեդրոնատեղիին վրայ յարձակում գործելով քանդած են անոր գրասենեակները, իսկ ականատեսներ յայտնեցին, որ նախկին ըմբոստներու ջոկատ մը փորձած է խորհուրդը պաշտպանել եւ անոր նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլը եւ այլ անդամներ շէնքէն դուրս բերել:

Ապտել Ժալիլ փորձած է ցուցարարները հանդարտեցնել, սակայն վերջիններս խորհուրդի հասցէին վարկաբեկիչ կանչերով դիմաւորած են զինք եւ շէնքին վրայ դատարկ շիշեր նետած:  Նախկին ըմբոստներու ջոկատը փորձած է շէնքին շուրջ ապահովական գօտի ստեղծել, սակայն ցուցարարները, որոնց թիւը բարձրացած է շուրջ երեք հազարի, պաշարած են շէնքը եւ անոր մէջ գտնուողներուն արգելք հանդիսացած, որ դուրս գան: Ըստ ԱՖՓ-ի ցուցարարները յաջողած են շէնք ներխուժել «Զենթանի նահատակներ»-ու ջոկատին օժանդակութեամբ:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ազգային փոխանցման խորհուրդի փոխնախագահ Ապտել Հաֆիզ Ղուքա իր հրաժարականը ներկայացուցած է: Ան վերոնշեալ դէպքէն երկու օր առաջ Պենկազիի համալսարանի շարք մը նահատակներու մեծարման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար համալսարան ուղղուելու ընթացքին  խոշտանգուած էր եւ հայհոյանքներու տարափի ենթարկուած:

ԱՖՓ երէկ Ազգային փոխանցման խորհուրդի անդամ մը վկայակոչելով հաղորդեց, որ Լիպիոյ մէջ ընտրական օրէնքի որդեգրումը յետաձգուած է: Լիպիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են յունիսին:

Նշենք, որ Պենկազի քաղաքի ցուցարարները իշխանութիւններէն նաեւ կը պահանջեն իսլամութիւնը որդեգրել իբրեւ պետական կրօն: Ցուցարարները կը պնդեն, որ այս հարցին շուրջ նոյնիսկ հանրաքուէ կատարելու կարիք չկայ:

 

Նախորդը

ՍԻՊԵՐԻԱԿԱՆ ՑՈՒՐՏԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԻՐԱՔ ԵՒ ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

Յաջորդը

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ԻՐ ԴԷՏԵՐԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ ԱՄԻՍՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.