Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փելէ՞, Թէ՞ Լեւոն Իշտոյեան

November 10, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆութպոլի աշխարհին մէջ անվերջ վէճ մը կայ. Փելէ՞ն է թագաւորը, թէ՞ Մարատոնան, Ռոնալտո՞ն, թէ՞ Մեսսին:

Հայաստանի մէջ 1970-ական թուականներուն այդ վէճը լուծուած էր:

Այդ ժամանակաշրջանին Փելէի ասպարէզին մայրամուտն էր, մինչ Լեւոն Իշտոյեանի` արշալոյսը:

Յառաջապահ Լեւոն Իշտոյեան ծնած է Գիւմրի: Տարի մը մաս կազմելէ ետք «Շիրակ» խումբին, 1968-ին միացած է «Արարատ»-ին, որուն հետ 1973-ին նուաճեց Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութիւնը եւ երկու անգամ բաժակը: 1971-1974 թուականներուն ան մաս կազմեց Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի հաւաքականին, որուն հետ նշանաւոր մրցում մը ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ հաւաքականին դէմ:

Մրցումի ընթացքին թուրք յետսապահը շատ մեծ դժուարութիւն ունեցաւ զայն զսպելու եւ խմբակիցներէն մէկուն ըսաւ. «Արջի պէս մարդ է»: Իշտոյեան, որ թրքերէն գիտէր, անմիջապէս պատասխանեց. «Այը պապան տըր» (Արջը հայրդ է):

Յաջորդ օրուան թրքական մամուլը այս միջադէպին անդրադարձաւ, իսկ թրքական թերթի մը գլխաւոր վերնագիրն էր. «Հայ մը թուրքի մը ա՛րջ ըսաւ»:

Գիւմրեցիները իրենց յատուկ սրամտութեամբ առասպելացուցին զինք:

Յիշենք քանի մը պատումներ.

. Ամառ մը Փելէ Գիւմրի (այդ օրերուն` Լենինական) կ՛այցելէ: Օդակայանին մէջ պաշտօնեաներէն ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէ անոր: Այս վերաբերմունքէն  վիրաւորուած, Փելէ կը հարցնէ անոնց.

– Դուք գիտէ՞ք ես ո՛վ եմ:

– Ո՞վ ես:

– Ես աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստն եմ:

– Վա՜յ, Լեւոն ջա՛ն, արեւէն որքան սեւցեր ես, չճանչցանք:

  • . Փողոցին մէջ Փելէ կը հանդիպի Լեւոն Իշտոյեանին եւ կ՛ըսէ.

– Այս հայրենակիցներուդ ըսէ, որ ե՛ս եմ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Իշտոյեան կը հարցնէ.

– Դուք ո՞վ էք:

  • . Կը հաղորդուի, որ Փելէ մտային խանգարում ունեցած է: Ան սկսած է յաճախ կրկնել.

– Իշտոյեանն եմ, Իշտոյեանն եմ, Իշտոյեանն եմ…

. Այդ տարիներուն Փելէ «կախեց իր կօշիկները». աւարտեց ֆութպոլիստի իր ասպարէզը: Գիւմրեցիները ըսին.

– Իշտոյեան հասաւ իր նպատակին. Փելէն դուրս ձգեց ֆութպոլէն:

  • . 2100 թուականին տղեկ մը իր հօրը կը հարցնէ.

– Պապ, ո՞վ է Փելէն:

Հայրը կը պատասխանէ, որ չի գիտեր: Կը դիմեն «Կուկըլ»-ին, ուր գրուած է.

– Փելէ. ֆութպոլիստ մը` Լեւոն Իշտոյեանի ժամանակաշրջանին:

  •  «Արարատ» խումբը 1973-ին նուաճեց Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութիւնը եւ բաժակը: Բաժակի աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մարզադաշտին վրայ, Տինամօ Քիեւի դէմ: Մրցումի 61-րդ վայրկեանին իրաւարարը Տինամօ Քիեւին շնորհեց փենալթի մը, որ կոլի վերածուեցաւ: Երբ կը կարծուէր, թէ մրցումը պիտի աւարտի ի նպաստ Քիեւի, վերջին վայրկեանին Լեւոն Իշտոյեան նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Խաղը երկարաձգուեցաւ: Իշտոյեան նշանակեց կոլ մը եւս, «Արարատ» նուաճեց Խորհրդային Միութեան բաժակը եւ գիւմրեցիք առաջարկեցին.

– Երեւանի մէջ գտնուող «Բարեկամութեան ձեռքեր» յուշարձանին փոխարէն տեղադրեցէք Լեւոն Իշտոյեանի ոտքերը…

 

 

Նախորդը

Արոնեան Եւ Մարտիրոսեան Կը Մասնակցին 2020-ի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան Մրցաշարքին

Յաջորդը

Հենրիխ Մխիթարեան` Եւրոպայի 5 Բարձրագոյն Ախոյեանութիւններու Շաբթուան Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

RelatedPosts

Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումին` Մեսսի Յուզեց Բոլորը
Մարզական

Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումին` Մեսսի Յուզեց Բոլորը

October 9, 2026
Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան  Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 9, 2026
Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը Պատրաստ Է
Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Պատրաստ Է

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.