Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան WhoScored-ի վարկածով ընդգրկուեցաւ Եւրոպայի բարձրագոյն 5 ախոյեանութիւններու (Անգլիա, Սպանիա, Գերմանիա, Իտալիա, Ֆրանսա) հերթական շաբթուան խորհրդանշական հաւաքական: Մխիթարեան ամէնէն բարձր գնահատականը` 10 կէտ ստացաւ:
Ռոմա Շնորհաւորեց Մխիթարեանը`
Քուէարկութեան Մէջ Յաղթելու Առիթով
Ֆոնսեքա. «Մխիթարեանի Հեթ Թրիքը Գեղեցիկ Էր»
Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընտրուեցաւ Ճենովայի դէմ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումի լաւագոյն ֆութպոլիստ:
Ճենովայի դէմ յաղթական մրցումին (1-3) Հենրիխ Մխիթարեան դարձած էր հեթ թրիքի հեղինակ:
Ռոմայի մամլոյ ծառայութիւնը Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետը շնորհաւորեց քուէարկութեան մէջ յաղթելուն առիթով` կատարելով հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ցնցիչ յաղթողը»:
Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքա իր կարգին ըսաւ.
– Մխիթարեան մեծ փորձառութիւն ունի: Ան կրնայ խաղալ տարբեր դիրքերու վրայ, ան իսկապէս խելացի խաղացող է: Այսօր ան 3 կարեւոր կոլեր նշանակեց խումբին համար եւ կատարեց մեծ աշխատանք, բայց կարեւորը այն է, որ մենք յաղթեցինք: Ան իրականացուց գեղեցիկ հեթ թրիք»:
Մխիթարեան ըսած է, որ մրցումէն առաջ պոսնիացի յառաջապահ Էտին Զեքօ այս մասին խօսած է իրեն հետ:
«Ես խաղէն առաջ զրուցեցի Էտինի հետ: Ան ըսաւ, որ ես կոլ պիտի նշանակեմ այսօր, եւ ես ըրի ատիկա», Մխիթարեանի խօսքը կը մէջբերէ Ռոմայի մամլոյ ծառայութիւնը:
31-ամեայ Մխիթարեան նախորդ անգամ հեթ թրիքի հեղինակ դարձած էր 2016 թուականին տեղի ունեցած Հայաստան – Կուաթեմալա բարեկամական մրցումին (7-1):
Իտալիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ Մխիթարեան մասնակցած է 7 մրցումի, նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած կոլային 4 փոխանցում (էսիսթ):