Մրցաշարքը («Սփիտ Չես Չեմփիընշիփ») կը կայանայ նոքաութ համակարգով. պարտուողը կը լքէ պայքարը: Մրցաշարքի մասնակիցներուն մէկ մասը, որոնց շարքին` Լեւոն Արոնեան, ստացած է մասնակցելու անհատական հրաւէր, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան այդ իրաւունքը նուաճած է շարք մը նախընտրական մրցաշարքերու մէջ յաջող մրցումներու շնորհիւ:
2020 Արագ ճատրակի ախոյեանութեան մրցաշարքին նոյնպէս կը մասնակցին աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսեն, Ֆապիանօ Քարուանա, Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Եան Նեպոմնիաշչի, Անիշ Կիրի եւ շարք մը այլ հռչակաւոր վարպետներ: 1/8 հանգրուանի որոշ մրցումներ արդէն կայացած են. մասնաւորապէս Մակնուս Քարլսեն յաղթած է Փարհամ Մաղսուդլուին, Վլատիմիր Ֆետոսէեւ` Ֆիրուզա Ալիռեզային, իսկ Մաքսիմ Վաշիէ-Լաքրաւ` Նիհալ Սարինին:
Լեւոն Արոնեան վաղը` 11 նոյեմբերին, պիտի մրցի Եան Նեպոմնիաշչիի դէմ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան 12 նոյեմբերին` Հիքարու Նաքամուրայի դէմ: