Երէկ սկսաւ ՖԻՏԷ-ի 2025 աշխարհի ճատրակի բաժակի Դ. հանգրուանը, ուր տեղի ունեցան առաջին ճակատումները:
Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի Դ. հանգրուանի 16 մրցումներէն 14-ը հաւասարութիւններով աւարտեցան:
Թիւ 15 դասուած Լեւոն Արոնեան կրցաւ յաղթել թիւ 47 դասուած Ռատոսլավ Վոյթասեքի (Լեհաստան), մինչ թիւ 57 դասուած Մեքսիքայի Խոսէ Էտուարտօ Մարթինես Ալքանթարա իր կարգին յաղթեց թիւ 40 դասուած սերպ Ալեքսի Սարանայի:
Հայաստանի ներկայացուցիչներ Շանթ Սարգսեան (թիւ 33) հաւասարեցաւ գերմանացի Ֆրետերիք Ցվանի հետ (թիւ 64), իսկ Գաբրիէլ Սարգիսեան (թիւ 76) կրցաւ հաւասարութիւն խլել Աուոնտըր Լիանկէն (Միացեալ Նահանգներ):
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Սամուէլ Սեւեան իր կարգին հաւասարութիւն արձանագրեց իտալացի Լորենցօ Լոտիչիի հետ:


