Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն հետ պատերազմի մասին խօսելու ատեն պէտք չէ վախցնել զանոնք: Յատկապէս այս օրերուն շատ մը երեխաներ հարցումներ կ՛ուղղեն պատերազմի մասին: Բնականաբար յստակ եւ վերջնական պատասխաններ գոյութիւն չունին: Պատասխանը պէտք է համապատասխանեցնել երեխայի տարիքին, իրավիճակին եւ տուած հարցի բնոյթին:
Ամէն պարագայի քանի մը բան յստակ է.
– Պէտք չէ երեխային ըսել այն, ինչին դուք անձնապէս չէք հաւատար ու համոզուած չէք:
– Պէտք չէ երեխան վախցնող, սարսափ ներշնչող բառեր եւ արտայայտութիւններ գործածել:
– Հարցումին պատասխանելու ատեն պէտք չէ ձեր սեփական քաղաքական համոզումներն ու պատկերացումները ներկայացնել, ատոնք երեխան չեն հետաքրքրեր եւ աւելորդ կը ծանրաբեռնեն միտքը:
– Երեխային մի՛ ըսէք բաներ, զորս կրնան սխալ մեկնաբանուիլ անոր կողմէ, օրինակ` «կարելի է սպաննել» կամ` «պատերազմը սուրբ գործ է»:
Հոս կը ներկայացնենք քանի մը հարց-պատասխանի օրինակ.
Ի՞նչ Է Պատերազմը
– Դուն գիտես, որ մարդիկ երբեմն կը կռուին: Երեխաները եւ նոյնիսկ մեծերը կը վիճին, երբ չեն համաձայնիր հարցի մը շուրջ: Պատերազմի ժամանակ ալ կը կռուին ոչ թէ առանձին մարդիկ, այլ` պետութիւններ: Երբ ի վերջոյ երկիրները համաձայնութեան կու գան եւ կը հաշտուին, խաղաղութիւն կը տիրէ:
Ինչո՞ւ Զինուորները Զիրար Կը Սպաննեն
– Երբ պատերազմի ժամանակ հակառակորդը կը յարձակի, զինուորները ստիպուած են պաշտպանելու իրենց ընտանիքները, տուները, հողը: Լաւ, ազնիւ զինուորները կ՛ուզեն, որ պատերազմը շուտ աւարտի եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի:
Երբ Մեծնամ, Ե՞ս Ալ Պիտի Կռուիմ
– Պատերազմը շատ վատ բան է, բայց կու գայ օր, երբ ան կ՛աւարտի: Կը յուսամ, որ երբ դուն մեծնաս, ա՛լ պատերազմ տեղի չ՛ունենար:
Անշուշտ այս պատասխանները կը վերաբերին շատ փոքր եւ կամ հոգեպէս «փխրուն» երեխաներուն: Ինչպէս վերը ըսինք, պատասխանները կախեալ են երեխային տարիքէն, պայմաններէն եւ հոգեվիճակէն:
Հետաքրքրական
Մեր Շատ Սիրելի Յուշարձան-Կոթողը
Արդէն 53 Տարեկան Է
Այո՛, օրեր առաջ «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողը դարձաւ 53 տարեկան: Այս առիթով կ՛արժէ տալ կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնք թերեւս բոլորին ծանօթ չեն:
– Յուշարձանին իսկական անուանումը «Մենք ենք մեր սարերը»-ն է, անիկա ծանօթ է նաեւ որպէս «Պապիկ Տատիկ»-ի արձան:
– Ազգային հաւաքական խորհրդանիշ դարձած տուֆակերտ յուշարձանի հեղինակն է քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանը, ճարտարապետը` Եուրի Յակոբեանը:
– Կոթողը տեղադրուած է 1 նոյեմբեր 1967-ին, Ստեփանակերտի մէջ:
– Յուշարձանը միտումնաւոր ստեղծուած է առանց պատուանդանի, կարծես միաձուլուած բնութեան ան վեր կը խոյանայ հայրենի հողէն` ի պաշտպանութիւն ազգային եւ հայրենասիրական գաղափարներու, եւ կը խորհրդանշէ արցախեան հողի եւ ժողովուրդի կապը:
– Յուշարձանը կը ներկայացնէ աւանդական տարազով տարեց ղարաբաղցի ամուսիններ` ուս-ուսի, հպարտ ու խրոխտ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով:
– Օրին կոթողին շինարարութեան եւ տեղադրման դէմ արտայայտուած են Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը. այնուամենայնիւ, ան տեղադրուեցաւ եւ օրեր առաջ դարձաւ 53 տարեկան:
– Առ ի գիտութիւն` յուշակոթողը նաեւ վէճի առիթ հանդիսացած է Եւրատեսիլ-2009 մրցոյթ-փառատօնին ժամանակ, քանի որ Հայաստանի ներկայացուցիչին տեսահոլովակին մէջ անիկա պատկերուած էր:
Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Անդառնալի
Վնասներ Կրնան Պատճառել Մեր Տեսողութեան
Տեսողութիւնը շատ թանկ բան է, իսկ անոր կորուստը` անդարձ…
Տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կը թելադրեն ակնաբուժները մեր աչքերն ու տեսողութիւնը առողջ պահելու համար: Պիտի նկատէք, որ թելադրուածները աժան եւ դիւրին միջոցներ են, որոնցմէ հրաժարիլը` ուղղակի անփութութիւն:
1.- Քնանալէ առաջ աչքի լենսերը պարտադիր հանեցէք:
Ակնաբուժները կը պնդեն, որ եղջերաթաղանդի խոցի յառաջացման հաւանականութիւնը 10-15 անգամ աւելի մեծ է այն անձերուն մօտ, որոնք աչքի լենսերով կը քնանան, քան` միայն օրուան մէջ կրողներուն պարագային:
2.- Ձեր աչքերուն մի՛ դպչիք եւ մի՛ շփէք:
Զգուշութեամբ շփեցէք աչքերը` կոպերը փակելով եւ աչքին միայն արտաքին մասին հպելով: Մի՛ դպչիք լորձնաթաղանթին` անոր վրայ մանրէներու կուտակումէ խուսափելու համար:
3.- Տեսողութիւնը տարին առնուազն մէկ անգամ ստուգեցէք:
30 տարեկանէն սկսեալ թելադրելի է տարին անգամ մը ակնաբուժին այցելել, որմէ ետք ակնաբուժը ի՛նք կը ճշդէ այցելութեան յաճախականութիւնը:
4.- Ելեկտրոնային գործիքներէն կարելի եղածին չափ հեռու մնալ:
Ստիպողութեան պարագային` կէս ժամը անգամ մը քառորդ ժամով ձեր աչքերը հեռացուցէք պաստառէն եւ հանգստացուցէք զանոնք:
5.- Շպարուելու ընթացքին մատիտը կոպի ներսի մասին մի՛ քսէք:
Նախընտրելի է փափուկ ծայրամասով վրձին օգտագործել, բայց այդ մէկն ալ յանձնարարելի չէ, մանաւանդ եթէ ձեր օգտագործած շպարի ներկերը բարձրորակ չեն:
6.- Քնանալէ առաջ անպայմա՛ն մաքրեցէք ձեր աչքերուն եւ դէմքին շպարը:
Շպարի մնացորդները կրնան խցանել արցունքագեղձերը եւ բորբոքումներ պատճառել:
7.- Ժամկէտը անցած դեղերէ եւ կաթիլներէ զգուշացէք.
անոնք ոչ միայն նպատակի չեն ծառայեր, աւելի՛ն, կրնան լուրջ բարդութիւններ յառաջացնել:
8.- Մի՛ չարաշահէք աչքերու կարմրութեան եւ յոգնածութեան վերացման կաթիլները:
Անոնք նախատեսուած են ժամանակաւոր հարցեր լուծելու: Անոնք կը պարունակեն պահպանիչ եւ քիմիական նիւթեր, որոնց չարաշահումը կը վտանգէ մեր տեսողութիւնը:
9.- Արեւի ակնոց կրեցէք:
Արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն չպաշտպանուելու պարագային լուրջ խնդիրներու կրնաք բախիլ:
Խոհանոցային Սխալներ, Որոնք Կրնան
Վտանգել Մեր Առողջութիւնը
Տանտիկնոջ համար խոհանոցը այն վայրն է, ուր ան կը դրսեւորէ իր խոհանոցային տաղանդները: Խոհանոցը ի՛ր թագաւորութիւնն է, ուր միայն իր օրէնքները կը գործեն…
Բայց յաճախ ամենալաւ տանտիկինն անգամ սխալներ կը գործէ, որոնք կրնան լրջօրէն վտանգել առողջութիւնը:
Պարզենք այդ սխալներէն մէկ քանին.
Մէկ Կտրատելու Տախտակ Ամէն Ինչի Համար
Թելադրելի է առնուազն երկու տախտակ օգտագործելը: Մէկը բանջարեղէնի եւ պտուղի համար, միւսը` մսեղէնի: Թելադրելի է ոչ փայտեայ տեսակներու օգտագործումը. կերպընկալէ կամ ապակեայ տարբերակները աւելի դիւրին կը մաքրուին եւ իրենց մէջ չեն պահեր մթերքներուն հոտն ու հիւթը:
***
Համտեսել Հում Ուտեստը
Ասիկա բացարձակապէս արգիլուած է, քանի որ հում մթերքները կրնան վարակներ պարունակել եւ սննդային թունաւորումներ պատճառել:
***
Ստուգել, Թէ Արդեօք Փճացա՞ծ Է…
Եթէ թէկուզ չնչին կասկածներ կան, որ մթերքը փճացած է, նախընտրելի է զայն թափել եւ ստամոքսին առողջութեան հաշուոյն փորձարկումներ չընել:
***
Անտեսել Ձեռքերու Մաքրութիւնը
Տարբեր մթերքներու (միս, ձուկ, հաւ, բանջարեղէն, պտուղ…) հետ աշխատելու ընթացքին, մէկէն միւսը ձեռնելէ առաջ ձեռքերը պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով: Յատկապէս` հում միսի կամ ձուկի հետ գործ ունենալէ ետք:
***
Կերակուրը Երկար Ատեն Դուրս Ձգելը
Յաճախ կը պատահի, որ տաք կերակուրը դուրսը պահուի, մինչեւ պաղիլը, որպէսզի յետոյ սառնարանը դրուի: Տաք կերակուրը սառնարանէն դուրս կարելի է պահել առաւելագոյնը 3 ժամ, բայց ոչ աւելի, այլապէս ան կը դառնայ թունաւոր ու վտանգաւոր:
***
Յաճախակի Չփոխել Աման Լուալու Սպունգը
Սպունգները խոհանոցի ամէնէն կեղտոտ իրերէն են: Անոնց վրայ մանրէները կուտակուած կ՛ըլլան: Զանոնք պէտք է հականեխել Օ տը Ժաւելով եւ փոխել` երկու շաբաթը անգամ մը:
Խոհագիր
Ֆեթա Պանիրով Եւ Ազատքեղով Խմորեղէն
– Կէս ծրար մարկարին (125 կ)
– 1 թէյի գաւաթ մածուն (110 մլ)
– 1 թէյի գաւաթ բուսական ձէթ
– 2 հաւկիթ (դեղնուցներէն մէկը խմորներուն երեսը ծեփելու համար)
– 1 ապուրի դգալ քացախ
– Կէս կապոց մանրուած ազատքեղ
– 1 Թէյի գաւաթ Ֆեթա պանիր
– 2 թէյի դգալ Պէյքինկ փաուտըր
– 3,5 գաւաթ (100 մլ) ալիւր
– Աղ
Պատրաստութիւն.-
Բոլոր նիւթերը (բացի մանրուած ազատքեղէն եւ ֆեթայէն) խառնել եւ շաղել, մինչեւ որ ոչ կպչուն խմոր մը ստացուի:
Աւելցնել ազատքեղն ու ֆեթան եւ կրկին շաղել:
Հաւկիթի մեծութեամբ խմորներ առնել եւ ափերուն մէջ ձուաձեւ ձեւաւորել: Մէկ կողմ դրուած հաւկիթի դեղնուցով ծեփել իւրաքանչիւրը եւ պատառաքաղով երկայնքին գիծեր ձեւաւորել:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ո՞ւր Էք Գնում
Ո՞ւր էք գնում,
Տղե՛րք.
երկինքն այնքան մեծ է
ու այնքան հեռու,
հասցէ թողէք, Տղե՛րք,
հասցէ թողէք…
Կիսատ զրոյցներս
դրել եմ ծրարի մէջ.
նամակներս մնացել են ճամբին,
ի՞նչ հասցէ գրեմ,
երկնքում հասցէներ կա՞ն միթէ…
Ո՞ւմ ասեմ, որ կարողանայ
ձեր կենացը խմել այնպէս,
որ կուլ գնայ
յաղթանակի հացը…
Ճերմակ թղթի վրայ
ծառեր են նկարել ձեր բալիկները,
ծառը ծաղկել է թղթի վրայ,
ծառը ծաղկել է,
նրանք չեն ժպտում…
Ժպիտները աստղեր են դարձել,
երկնքում աստղերը շատ են,
էլ տեղ չկայ,
հիմա երկրին են աստղեր հարկաւոր,
Աստղեր վերցրէք եկէք,
ո՞ւր էք գնում, Տղե՛րք…
ՀԵՐՄԻՆԷ