Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` «ՖԻՏԷ»-ին կողմէ հրապարակուած նոյեմբեր ամսուան նոր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Արոնեան, որ նախորդ ամիս կը գրաւէր 9-րդ դիրքը, այսպիսով յաջողեցաւ երեք դիրքի կարեւոր ոստում մը արձանագրել:
Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 54-րդ դիրքը, Հրանդ Մելքումեան 79-րդ է, իսկ Կարէն Գրիգորեան` 84-րդ:
Նշենք, որ առաջին դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն: