Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 21, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ՄԵԾԵՐԸ

ՖԱՐԵՍ ԽՈՒՐԻ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊ

Դամասկոսի մէջ մեռաւ Ֆարես Խուրի, երկար հիւանդութենէ ետք: Սուրիացի յայտնի դիւանագէտը աւելի քան 85 տարեկան էր: Միջազգային դէմք դարձաւ, երբ ներկայացուց Սուրիան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մօտ` ծառայելով նաեւ որպէս Սուրիոյ ներկայացուցիչ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: Իր անձին շուրջ հիացում ու գնահատանք ունեցան` իբրեւ կարող դիւանագէտի, եւ` մէկուն, որ կը ներկայացնէր փոքրիկ պետութիւն մը, որ ամէն բանէ վեր կը պահէր ազատութիւնն ու մարդկային իրաւունքները:

Իր մահով կ՛անհետանայ մեծ արաբ ազգայնական ղեկավար մը:

Ան եղած է արաբ ազգայնականութեան կարեւորագոյն անհատներէն մէկը: Ան եղած է նաեւ օսմանեան խորհրդարանի անդամ` որպէս քրիստոնեայ երեսփոխան` Դամասկոսի վիլայեթէն:

Մենք իրեն շատ մօտէն ծանօթացանք հոս` Ամերիկայի մէջ: Կը խօսէր եւ կը յիշէր օսմանեան խորհրդարանի անդամակցութեան յիշատակներէն, որոնց կարգին օր մը պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ինք բանտարկուած էր պատերազմի ժամանակ, որովհետեւ հարց էր տուած խորհրդարանի մէջ, թէ` «Ո՞ւր է Գրիգոր էֆենտի Զոհրապը»:

«Լսած էինք, որ Զոհրապը տարած են», կ՛ըսէր ան: Տեղեկութիւն կը պահանջէ` նախքան խորհրդարանի պաշտօնական նիստը:

Իրեն կը թելադրուի, որ լուռ մնայ եւ այս հարցը խորհրդարանի մէջ «հարցումի չվերածէ»:

«Ոչ», կը պատասխանէ Խուրի:

Հարցը կը բանայ, երբ խորհրդարանը իր նիստը կ՛ունենայ. «Ո՞ւր է Գրիգոր էֆենտի Զոհրապը, ճի՞շդ են մեր լսածները»:

Պատասխան չեն տար ու յաջորդ օրն իսկ զինք դէպի Դամասկոս ճամբու կը դնեն եւ հոն կը մնայ մինչեւ պատերազմի վերջաւորութիւնը:

Ժամանակին գրի առած էի Զոհրապի մասին իր ըսածները, բայց, դժբախտաբար ներկայիս չեմ կրնար գտնել այդ թուղթերը. ինչ որ կը գրեմ, յիշողութեամբ է:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ
ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Աւետիք Իսահակեանի Երեւանի տունը վերածուած է թանգարանի: Ամէն ինչ պահուած է իր բնական վիճակին մէջ: Թանգարանը երկյարկանի շէնք մըն է, հինգ սենեակով` ննջասենեակ, աշխատասենեակ, գրադարան, ճաշասենեակ-հիւրանոց: Տան մէջ խնամքով պահուած են բանաստեղծին անկողինը, գրասենեակը, հագուստները, կօշիկները, ձեռնափայտը, ակնոցները եւ հարիւրաւոր նկարներ եւ նուէրներ:

Աւետիք Իսահակեանի տունը ունէր պարտէզ մը` պտղատու ծառերով, որոնցմէ շատերը տնկած է ինք` իր կենդանութեան օրով: Պարտէզին մէջ կայ նաեւ զարդաքանդակներով քարէ նստարան մը, որ հայ ճարտարապետները նուէր ըրած են իրեն:

Աւետիք Իսահակեան ձգած է գրական մեծ ժառանգութիւն մը: Թանգարանին մէջ հաւաքած են իր բոլոր գործերը: Ունի նաեւ կէս ձգած ձեռագիրներ: «Ուստա Կարօ»-ին 250 էջնոց մէկ տարբերակը, «Եօթը օր անապատում», «Ղազարոս», «Հայկական Ֆաուստ» եւ տասնեակ այլ անաւարտ գործերու ձեռագրեր:

 

Նախորդը

Օդերեւոյթ (21 յունուար 2012)

Յաջորդը

ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.