Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

January 21, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

270 միլիոն տարիներ առաջ

Մեր մոլորակին պատմութեան սկիզբէն ի վեր ցամաքամասերը կը շարժին անոր մակերեսին վրայ: 270 միլիոն տարիներ առաջ անոնք իրարու միացած էին եւ կը կազմէին մէկ հսկայ ցամաքամաս, զոր կը կոչենք Փանժէա:

 

 

250 միլիոն տարիներ առաջ

20 միլիոն տարիներ ետք Փանժէան երկուքի կը բաժնուի: Այս երկու կոյտերուն միջեւ կազմուած ծովը մեր Միջերկրական ծովուն նախահայրն է:

 

135 միլիոն տարիներ առաջ

Երկու հսկայ հողակոյտերը կը ճեղքուին, եւ բազմաթիւ պզտիկ ցամաքամասեր կը սփռուին երկրագունդին մակերեսին վրայ:

 

40 միլիոն տարիներ առաջ

Ցամաքամասերուն ներկայի ձեւը հաստատուած է 40 միլիոն տարիներ առաջ: Հիւսիսային Ամերիկան եւ Հարաւային Ամերիկան իրարու միացած են: Մեր աշխարհը աւելի տարբեր պիտի ըլլայ քանի մը միլիոն տարիներ ետք:

 

ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ

– 350 միլիոնէն մինչեւ – 240 միլիոն տարի

Երկու հսկայ ցամաքամասեր կամաց-կամաց բախումի մէջ կը մտնեն եւ կը կազմեն մէկ ցամաքամաս մը` Փանժէան:

– 208 միլիոն տարի առաջ

Ծովը Փանժէան երկուքի կը բաժնէ. հիւսիսը` Լորազին, հարաւը` Կոնտուանան:

– 137 մինչեւ – 65 միլիոն տարի

Այս ժամանակաշրջանին սկիզբը, երկու ցամաքի բաժինները կտոր-կտոր կը բաժնուին: Ներկայի ցամաքամասեր կը սկսին ձեւաւորուիլ:

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

  • 1915-ին գերմանացի գիտնական Ալֆրետ Ուէնեկըր կը բացայայտէ, թէ ցամաքամասերը կը շարժին երկրագունդին մակերեսին վրայ:
  • Անոնք կը շարժին, որովհետեւ անոնք զետեղուած են ծածկոյթին վրայ (երկրագունդին ներսը գտնուող բաժինը):
  • Ծածկոյթին մէջէն կ՛անցնին շատ զօրաւոր հոսանքներ: Այս հոսանքները թաւալող գորգերու նման կը բանին եւ կը շարժին ցամաքամասերը կամ ովկիանոսները շալկող կոյտերը` դէպի տարբեր ուղղութիւններ:
  • Այս կոյտերը նոյն կշռոյթով չեն տեղափոխուիր: Սակայն, երբ անոնք շարժին, երկրաշարժեր կամ հրաբուխի ժայթքումներ կրնան յառաջանալ:

ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԻՆ ՎՐԱՅ

Աւստրալիացի գիտնականներ հետախուզած են Հնդկաց ովկիանոսին մէջ մինչեւ հիմա անծանօթ վայրեր: Անոնք իւրայատուկ բաներ գտած են:

Անոնք ջուրէն դուրս հանած են բրածոյ  (գետնին մէջ պահուած հետքեր) անասուններու, որոնք ջուրերուն խորքը չէին ապրեր: Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի եղած է:

ՀԵՏՔԵՐ

Պարզապէս որովհետեւ այն ժամանակաշրջանին երբ այդ էակները ապրած են, այն վայրերը, ուր անոնք կը գտնուէին, ջուրին  տակը չէին: Անոնք կ՛ապրէին Կոնտուանայի մէջ: Կոնտուանան հսկայ ցամաքամաս մըն էր, որ միլիոնաւոր տարիներ առաջ կը համախմբէր հողեր, որոնք այժմ կը գտնուին մոլորակին հարաւային բաժինին մէջ:

Այս բրածոներուն գտնուիլը պիտի օգնէ գիտնականներուն աւելի լաւ հասկնալու, թէ Կոնտուանա հսկայ ցամաքամասը ինչպէ՛ս բաժնուած է:

ԻՍԿ ՀԵՏԱԳԱՅԻ՞Ն

Տակաւին այսօր ցամաքամասերը կը շարունակեն տեղափոխուիլ:

Մենք կրնա՞նք երեւակայել, թէ 50 միլիոն տարիներ ետք Միջերկրական ծովը կրնայ անհետանալ, Հարաւային Ամերիկան պիտի բաժնուի Հիւսիսային Ամերիկայէն, կամ Աւստրալիան միանայ Ինտոնեզիոյ:

Սակայն անշուշտ մենք այլեւս ներկայ պիտի չգտնուինք այս ամէնը ստուգելու համար:

 

Ո՞ՒՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԻ
ԱՄԷՆԷՆ ԽՈՐՈՒՆԿ ՎԱՅՐԸ

Մեր մոլորակին վրայ ամէնէն խորունկ վայրը Մարիանայի փոսն է, որուն խորութիւնը 11,033 մեթր է: Այս փոսը կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Մարիանա կղզիներուն մօտ, Ճափոնի հարաւ-արեւելքը:

Այս փոսին խորութեան պատճառը երկրագունդին կեղեւը կազմող կոյտերն են: Երկրագունդին կեղեւը կազմուած է շարժող կոյտերէ, որոնք կը ծփան ծածկոյթին հալած մակմային վրայ:

Երբ մակման կեղեւի ճեղքերէն դուրս կը ժայթքէ, ան իրարմէ կը հեռացնէ կեղեւին կտորները, իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ ան կեղեւի կտորներ դէպի իրարու կը քշէ: Մինչ այլ շրջաններու մէջ ովկիանոսին կեղեւը կը հրէ ցամաքին տակի կեղեւը` Մարիանայի նման խորունկ փոսեր յառաջացնելով:

Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ԱՊՐԻԼ ԱՅԴ ԽՈՐՈՒԹԵԱՆ

Մարդիկ չեն կրնար սուզուիլ եւ հասնիլ Մարիանա փոսին խորերը, որովհետեւ անոնք կը ճզմուին ահաւոր ճնշումին պատճառով:

Սակայն ձուկի հարիւրաւոր տեսակներ կ՛ապրին այդ խորութեան մէջ: Հոնկէ բերուած ցեխի կոյտ մը ուսումնասիրուած է գիտնականներուն կողմէ, եւ բացայայտ դարձած է, որ այդ փոքր ծաւալին մէջ մօտաւորապէս 200 տարբեր մանր մարմիններ գոյութիւն ունին:

Սակայն ո՛չ միայն բազմաթիւ անասուններ կ՛ապրին այդ խորունկ ջուրերուն մէջ, այլ անոնցմէ շատեր կ՛ապրին աւելի քան 100 տարիներ:

 

ՔՈ՞ՅՐ ՄԸ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ  ՀԱՄԱՐ

Մարտ 2009-ին անջրպետ ղրկուած «Քեփլեր» արբանեակին պաշտօնն է մեր երկրագունդին նմանող մոլորակներ գտնել:

Այս ձեւով, ան գտած է մեզմէ 600 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ գտնուող մոլորակ մը (1 լոյսի-տարի=9460 միլիառ քմ):

Այս մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը հաւանաբար մօտաւորապէս 22 աստիճան է: Ան իր աստղին շուրջ կը դառնայ, ինչպէս երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջ, 290 օրէն: Արդեօ՞ք ան պիտի դառնայ մեր ապագայի ծառերուն բնակավայրը…

 

ՍԱՄՈԱ, ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Սամոա կղզիները կը գտնուին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ժամանակի գիծին վրայ (մոլորակին երեւակայական գիծ մը` ժամանակը նշելու համար):

Երբ մենք այդ գիծին վրայ գտնուինք, մենք կ՛ըլլանք կա՛մ նախօրեակին, կա՛մ յաջորդ օրը:

Մինչեւ հիմա Սամոա կղզիները կը գտնուէին այս գիծին արեւելքը: Սակայն հիմա ամէն ինչ փոխուեցաւ: Անոնք արեւմուտք անցան:

Այս ժամերու փոփոխութեան նպատակն է դրացի երկիրներուն հետ (Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա) առեւտուրը դիւրացնել: Նախապէս Սամոա կղզիները գրեթէ 24 ժամ ուշ էին Նոր Զելանտայի բաղդատմամբ: Այժմ անոնք մէկ ժամ առաջ են:

Սակայն, այս փոփոխութեան իբրեւ հետեւանք, բնակիչները 29 դեկտեմբերէն ուղղակիօրէն անցան 31 դեկտեմբերին: Ուրբաթ, 30 դեկտեմբերը «ցատկեց»:

Ժամանակին մէջ այս ճամբորդութիւնը ունեցաւ նաեւ ուրիշ հետեւանք մը. 700 անձեր զրկուեցան իրենց տարեդարձէն…

 

ՄՐՑԱՆԻՇ

7

Ճորտըն Ռոմերօ 15 տարեկան է: Այս ամերիկացի պատանին դարձած է աշխարհի եօթը ամէնէն բարձր գագաթները մագլցող ամէնէն փոքր տարիքով անձը:

Դեկտեմբերի վերջաւորութեան ան մագլցած է Անթարքթիքի ամէնէն բարձր գագաթը` Վինսըն լեռը (4897 մեթր բարձրութիւն): Այս ձեւով, ան կրցած է կտրել 16 տարեկան անգլիացի Ճորճ Աթքինսոնի մրցանիշը:

Ճորտըն կը բացատրէ, որ արկածախնդրութեան հանդէպ իր սէրը սկիզբ առած է, երբ փոքր տարիքին տեսած է իր դպրոցին պատին վրայ գծուած մեծ նկար վրայ: Սակայն հաւանաբար նաեւ` իր ծնողներուն միջոցով, որովհետեւ անոնք երկուքն ալ լեռնագնացներ են, եւ անոնք ընկերակցած են իրենց զաւկին` անոր արշաւներուն ընթացքին:

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու նկարները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս ամբողջացնել նկարը` քառակուսիներուն հետեւելով:
Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻՆ` ՌՈԶՎԱՐԴ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.