Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկներու Գծագրութիւններու Ցուցադրութիւն «Քովիտ 19»-ի Մասին

Հոկտեմբեր 31, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

2020 թուականը պատմութեան մէջ յատկապէս պիտի նշուի «Քովիտ 19» ժահրի համավարակի տարածումով: Այս համավարակը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ամբողջ աշխարհի բնակչութեան վրայ: Ան ո՛չ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ հոգեբանական հետքեր կը ձգէ մարդոց վրայ: Ինչպէս միշտ, նման ծանր պայմաններու տակ, գծագրութիւնը մեծ օգնութիւն կրնայ բերել: Ան մեզի առիթը կու տայ արտայայտելու մեր զգացումները, ապրած պայմանները` մատիտի կամ վրձինի քանի մը գիծերով ու գոյներով…

***

Այս ձեւով Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի Փոքրիկներու արուեստի միջազգային թանգարանը գերմանական «Տայ Զէյթ» թերթին հետ կազմակերպեցին գծագրութեան յատկացուած ծրագիր մը` «Մանուկները կը գծեն «Քորոնա»-ն» անունով: Այս ծրագիրը ուղղուած էր աշխարհի փոքրիկներուն` գծագրութեամբ արտայայտելու իրենց զգացումները, իրենց ապրումները, մտածումները իրենց նախընտրած միջոցներով` մատիտ, ներկ, ջրաներկ, թուղթ, տիճիթըլ գծագրութիւն, քոլաժ…

Աւելի քան 5500 գծագրութիւններ ղրկուեցան աշխարհի շուրջ 64 երկիրներէ: Տարիքով ամէնէն փոքր արուեստագէտը 23 ամսուան Քաթալինան էր` Պելճիքայէն, իսկ ամէնէն մեծը` 18 տարեկան Միրա: Գերմանիայէն:

Իրենց գծագրութիւններով մանուկները պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս իրենց առօրեան փոխուեցաւ համավարակին պատճառով, ի՞նչ էին իրենց յոյսերը, վախերը, ուրախութեան վայրկեանները, անոնք ի՞նչ պիտի մաղթէին ապագային համար, ի՞նչ կը կարօտնային այս արտասովոր օրերուն…

Շատեր գծեցին ժահրը տարբեր ձեւերով եւ արտայայտութիւններով, սակայն կային նաեւ մեծ թիւով ծիածաններ, սուփըր հերոսներ, որոնք «Քորոնա»-ին դէմ կը պայքարէին` բժիշկներ, հիւանդապահներ. գծագրութիւններուն ընդմէջէն զգալի է նաեւ կարօտը դպրոցին, ընկերներուն, մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկներուն, ֆութպոլի մրցումներու կամ բացօթեայ պտոյտներու…

 

Կապոյտ Լուսին, Հալոուինի Գիշերը

Բնականօրէն տարուան մը ընթացքին 12 լիալուսիններ կը հաշուըուին: Սակայն 2020-ը, որովհետեւ ուրիշ որեւէ մէկ տարուան չի նմանիր, պիտի ունենայ տասներորդ լիալուսին մը: Այս տասներրորդ լուսինը ընդհանրապէս կը կոչուի «կապոյտ լուսին», առանց ոչ մէկ կապ ունենալով գոյնին հետ, եւ ան այս տարի համընկաւ Հալոուինի տօնին հետ, որ այսօր է` 31 հոկտեմբերին:

Հոկտեմբեր ամսուն մենք արդէն ունեցանք լիալուսին մը, հոկտեմբեր 1-ին: Իսկ երկրորդը պատահեցաւ այսօր` շաբաթ, 31 հոկտեմբերին: Նման զուգադիպութիւն մը (13 լիալուսին,  Հալոուինին գիշերը) կը պատահի 19-ը տարին անգամ մը: Հետեւաբար յաջորդ կապոյտ լուսինը տեսնելու համար մենք պէտք է սպասենք 2039 թուականը, կամ` 2058-ը, 2077-ը կամ 2096-ը:

Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ ասիկա կոչուած է «կապոյտ լուսին»: Արդեօ՞ք ֆրանսերէն «տուպըլ լիւն», «կրկին լուսին», սխալ թարգմանութեամբ անգլերէն դարձած է «պլու մուն», եւ հետեւաբար «կապոյտ լուսին»:

Սակայն հետաքրքրական է նշել, որ անգլերէնի մէջ գոյութիւն ունի նշանաւոր դրսեւորում մը, «Ուանս ին ը պլու մուն», «Ամէն կապոյտ լուսինը անգամ մը», որ կը նշանակէ` «Ամէն երեսունվեց ամիսը անգամ մը» նման զուգադիպութիւն մը հազուադէպ է…

 

 Երեք Հարիւր Հազար Տոլար Արժող
Հեռաձայնի «Բախտաբեր» Թիւ Մը

Չինաստանի մէջ աճուրդով ծախուեցաւ հեռաձայնի թիւ մը` երեք հարիւր հազար տոլարի: Ասիկա անհաւատալի կրնայ թուիլ… Սակայն, անշուշտ, այս մեծ գումարին ետեւը պատճառ մը կայ: Ծախուած թիւը չիներուն համար «բախտաբեր» համարուող թիւ մըն է:

Այս թիւը այսքան սուղ ծախուեցաւ, որովհետեւ ան կը վերջանայ հինգ 8-երով: Չինաստանի մէջ 8 թիւը բախտաբեր կը համարուի: «Ութ»-ը բառը մանտարին (Չինաստանի մէջ խօսուած) լեզուով անուանակից է (նոյն ձեւով կը հնչուի) «բարգաւաճում» բառին: Այս թիւը շատ փնտռուած է Չինաստանի մէջ, որովհետեւ աւանդականօրէն ան բախտի եւ յաջողութեան նշան է:

Աւելի քան 5 հազար անձեր մասնակցեցան այս աճուրդին` փորձելով ձեռք ձգել այս թիւը: Վերջապէս բախտաւոր անձը եղած է երեք հարիւր հազար տոլար վճարողը:

Մինչ ամէնէն նուազ փնտռուած թիւը 4-ն է, որ մանտարին լեզուով կը հնչուի «մահ» բառին նման:

 

Ժամանց
Կրնա՞ս օգնել կատուներուն` գտնելու իրենց տիրոջ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած քսան սրտիկները:
Նախորդը

Ծննդեան 161-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Հիմնադիր Երրորդութենէն` Քրիստափոր Միքայէլեանի Կեանքն Ու Կենսագրական Գիծերը

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Իմաստով Պիտի Գործակցինք Եւ Կարելի Եղածին Չափ Պիտի Դիւրացնենք Այդ Աշխատանքը»

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?