Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի շուրջ ընթացող քաղաքական առեւտուրներուն մէջ Թուրքիան հետեւողականօրէն կը փորձէ դեր վերցնել: Այստեղ սակայն առաջին հայեացքով տարակուսանք կը ստեղծեն Անգարայի հակաիսրայէլական եւ շեշտուած ձեւով պաղեստինամէտ դիրքորոշումները: Պարզ տրամաբանութեամբ, յստակ կողմնորոշում ունեցող եւ հակամարտող կողմերէն մէկուն ի նպաստ դիրք ճշդած պետութեան առջեւ կը դժուարանան միջնորդի կամ երաշխաւորի կարգավիճակ ստանալու փորձերը:

Այս դերը, այ՛ս եղանակով դժուար թէ Անգարան ինքնուրոյն վերցուցած ըլլայ: Թուրքիոյ նախագահը նախ կը խօսի Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումներու սաստկացման, ապա նոյնիսկ Թել Աւիւի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութեան մասին, ապա կը յայտնէ, որ Կազայի վերականգնման համար համակողմանի համակարգում եւ ներդրում անհրաժեշտ է` ընդգծելով, որ արդէն ձեռնարկած է ենթակառուցուածքային աշխատանքներու:

Յայտարարութիւններու այս շղթային մաս կազմող օղակ է նաեւ Թուրքիոյ նախագահին ելոյթը առ այն, որ Սուրիայէն մինչեւ Ուքրանիա կարելի չէ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել առանց Թուրքիոյ: Ինքզինք խաղաղութեան ջահակիր եւ անշրջանցելի գործօն նկատած Թուրքիան  իր նախագահին ճամբով կ՛ուզէ փոխանցել, որ առանց իրեն այսօր միջազգային որեւէ հաւասարակշռութիւն կարելի չէ ստեղծել: Նշուած է նաեւ աշխարհագրութիւնը` Սուրիայէն մինչեւ Կազա, Պարսից ծոցէն մինչեւ Ռուսիա-Ուքրանիա:

Աշխարհագրական այս տարածականութիւնը ուշագրաւ է: Այս հաստատումին անմիջապէս կը յաջորդէ պաշտօնական Անգարայի հետեւեալ պատկերացումը յառաջիկայ գործընթացներուն. Թուրքիան մաքրել ահաբեկչութենէն եւ ապա տարածաշրջանը` նոյն վտանգէն:

Ահաբեկչազերծումը ուրեմն Անգարայի յայտարարած առաքելութիւնն է: Ահաբեկչութիւն արտահանած երկիրը  հիմա պիտի լծուի իր արտահանած արտադրութեան վնասազերծումին: Ակնարկը անշուշտ նախ քրտական գործօնին կը վերաբերի: Կը հետեւին լուրեր, որոնց համաձայն քիւրտ զինեալները կը հեռանան թրքական տարածքներէ: Այնքան միանշանակ պէտք չէ ընկալել այս միտումը: Կը թուի, որ քրտական գործօնը ամբողջականօրէն եւ միանգամայն պիտի չդադրի կրելէ իր խաղաթղթային կարգավիճակը:

Վերադառնանք սակայն Կազա եւ այնտեղ նկատենք Պաքուի աշխուժացումը` մաս կազմելու տեղակայուելիք բազմազգեան զօրախումբերուն: Որոշ աղբիւրներ նոյնիսկ աւելի առաջ կ՛երթան այս առումով` ըսելու համար, որ բազմազգեան ուժերը պիտի գլխաւորեն Ազրպէյճանն ու Ինտոնեզիան: Ահա այստեղ աւելի կը պարզուի թրքական մարտավարական խաղը:

Անգարան կը կոշտացնէ իր հռետորաբանութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ, կ՛առաջադրուի մաս կազմելու տեղակայուելիք զօրախումբերուն եւ առջեւ կը քշէ Ազրպէյճանը, որ խորացուցած է իր համագործակցութիւնը իր դաշնակից Իսրայէլին հետ:

Դերերու այս բաշխումի յայտարարողական երեսը երեւցաւ նաեւ Տոհայի մէջ, երբ Թուրքիան ներկայացաւ առաջին դէմքով, մինչ Ազրպէյճանը` արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Յստակ տարբերութիւն կար, նոյնիսկ հակասութիւն, Անգարայի եւ Պաքուի մօտեցումներուն միջեւ:

Աւելորդ պիտի չըլլար մտաբերել Ուաշինկթընի կեցուածքը առ այն, որ Կազա տեղակայուելիք ուժերու բաղադրութեամբ հանգիստ պէտք է զգայ Թել Աւիւը: Թել Աւիւ հանգիստ է Պաքուով: Հակառակ երեւցած լարուածութեան, կրնայ հանգիստ զգալ նաեւ Անգարայով: Մանաւանդ եթէ այդ հանգստութիւնը երաշխաւորուի Ուաշինկթընով:

«Ա.»

Նախորդը

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?