Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շարք մը անդամներ Արցախի հանրապետութեան վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի հարցով դիմած են ամերիկեան վարչակազմին:
Մարքի
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Էտուըրտ Մարքի իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին կոչ ուղղած է` 23 հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին, ձգտելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անյապաղ զինադադարի հաստատման եւ յառաջ մղելու սեպտեմբերի աւարտէն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ թէժացած տագնապին բանակցային լուծումը:
«Մարդասիրական զինադադար հաստատելու նախորդ երկու համաձայնութիւնները` նախաձեռնուած Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, ամբողջովին խախտեցան: Մարտերը քաղաքային հազարաւոր զոհերու պատճառ դարձած են, նոյն ատեն կան տեղեկութիւններ, որ Թուրքիան Սուրիայէն զինեալներ կը տեղափոխէ Ազրպէյճան` հայկական բնակչութեան դէմ կռուելու համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւնները, որոնք լիակատար աջակցութիւն կը ստանան Թուրքիոյ կողմէ, պէտք է դադրեցուին: Արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոն պէտք է յստակացնէ, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին տագնապի խաղաղ լուծման ու պատրաստ են բանակցութիւններու վերսկսման օգնելու: Խաղաղութեան համար նախադրեալներ ապահովելու եւ արդիւնաւէտ զինադադարի հաստատման համար Թուրքիոյ պէս երրորդ կողմերը պէտք է դադրեցնեն իրենց յարձակողական քայլերն ու զինուորական ներխուժումները:
«Միացեալ Նահանգներ պէտք է անմիջապէս նպաստեն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադադարի հաստատման ու Մինսքի խմբակի հովանիի տակ կատարուող բանակցութիւններու վերականգնման», Մարքի գրած է իր հրապարակած նամակին մէջ:
Ծերակուտականը ընդգծած է, թէ` որովհետեւ Ազրպէյճան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական ուժի անօրինական կիրարկմամբ լուծելու փորձերը, միջազգային ընտանիքը այլ ելք պիտի չունենայ, եթէ ոչ ճանչնալ Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ պէտք է յստակացնէ, որ Ազատութեան աջակցման թիւ 907 օրէնքը լիարժէք պիտի կիրարկուի, եւ պիտի դադրեցուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճանին յատկացուող աջակցութիւնը: Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոն եւ նախագահ Թրամփը, որոնք սերտ կապեր ունին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, պէտք է յստակ դարձնեն իրենց մենատիրական ընկերոջ, որ այս տագնապին մէջ Թուրքիոյ հետագայ ներգրաւումը պիտի արժէ իրեն տրամադրուող զինուորական աջակցութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմին հետ ջերմ յարաբերութիւնները», շեշտած է Ծերակոյտի անդամը:
Նափոլիթանօ
Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանօ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է` պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Նափոլիթանօ նշած է, որ Արցախը չի կրնար միանալ Ազրպէյճանին` աւելցնելով, թէ Արցախը հազարամեակներ շարունակ եղած է Հայաստանի մէկ մասը:
«Յառաջ ընթանալու ճամբան ազատութեան ճամբան է, ուստի, այսօր, ես կոչ կ՛ուղղեմ` Միացեալ Նահանգներու կողմէ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը», նշած է Նափոլիթանօ:
Փալոն
Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչ ուղղած է` օգտագործելու Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող հանդիպումը` Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար եւ ստիպելու, որ վերջ տայ Արցախի վրայ սանձազերծած յարձակումին:
«Միացեալ Նահանգներ կրնան առանցքային դեր խաղալ Արցախի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու մէջ: Արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոն պէտք է այս հանդիպումները օգտագործէ` Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար, որպէսզի վերջ տայ իր յարձակողական վարքագիծին: Ճնշումները պէտք է ներառեն նաեւ ամերիկեան պատժամիջոցներու սպառնալիք` իբրեւ կանխարգելիչ միջոց անոնց մահացու արշաւի դէմ», գրած է քոնկրեսականը:
Հոուլահան
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քրիսսի Հոուլահան, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտարարած է, որ խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վրայ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ու հրահրուած զինուորական յարձակումը:
«Միացեալ Նահանգներ աջակցած են եւ պէտք է շարունակեն աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բանակցային լուծման: Քոնկրեսի մէջ ես յորդորած եմ անվտանգութեան ոլորտի մէջ աջակցութիւն ցուցաբերել թէ՛ Հայաստանի հանրապետութեան, թէ՛ ալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայութեան: Ելեւմտական այդ աջակցութիւնը աւելի քան արդիական է` տեսնելով բռնութեան այս գործողութիւնները:
«Ես կ՛ողջունեմ արտաքին գործոց նախարարութեան` խաղաղ լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը: Մենք պէտք է արագ գործենք մարդկային կեանքերու հետագայ կորուստները կանխարգիլելու համար: Երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեմ` անմիջապէս պահպանելու զինադադարը», գրած է Հոուլահան:
Տիլպըն
Քոնկրեսական Սիւզըն Տիլպըն միացած է Թուրքիոյ աջակցութեամբ Արցախի հայութեան վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող թիւ 1165 բանաձեւին, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է, եւ որուն միացած է աւելի քան 100 օրէնսդիր:
«Սեպտեմբեր 27-ին Ազրպէյճան, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարիներու մեծագոյն յարձակումը կատարած է Հայաստանի դէմ: Համաշխարհային շարք մը առաջնորդներ կրակոցը դադրեցնելու կոչ ուղղած են, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, սակայն երբ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւններ ձեռք բերուեցան, անմիջապէս ատոնց խախտման դէպքեր արձանագրուեցան:
«Թիւ 1165 բանաձեւը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի ձեռնարկած զինուորական գործողութիւնները եւ ատոնց մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը: Ես կը կիսեմ ձեր մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան մագլցումին առնչութեամբ ու հաւատացած եմ, որ Միացեալ Նահանգներ բարոյական պարտաւորութիւն ունին աշխատելու միջազգային ընտանիքին հետ այս աղէտէն վնասուածներուն աջակցելու:
«Բանաձեւը հասէագրուած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, որուն կողմէ պէտք է հաստատուի», նշած է քոնկրեսականը:




