Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Մարդասիրական Նպատակներով Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն

October 12, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր, ուրբաթ, 9 հոկտեմբերին սկսած եւ 11 ժամ տեւած խորհրդատուական բանակցութիւններէ ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած է մարդասիրական նպատակներով զինադադարի համաձայնութիւն:

Լաւրով ներկայացուց Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միացեալ յայտարարութիւնը, որ կը նշէ.

«Ի պատասխան Ռուսիոյ նախագահ Վ.Վ. Փութինի ուղերձին եւ համապատասխան Ռուսիոյ նախագահ Վ.Վ. Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն.Վ. Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի.Հ.Ալիեւի համաձայնութիւններուն` կողմերը համաձայնեցան ստորեւ ներկայացուած քայլերուն շուրջ.

1.- 2020 թուականի 10 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն մարդասիրական նպատակներով կը յայտարարուի կրակոցի դադրեցման մասին` ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձերու, զոհուածներու մարմիններու փոխանակման համար` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ վերջինիս չափանիշներուն համաձայն:

2.- Կրակոցի դադրեցման յստակ շրջագիծերը յաւելեալ համաձայնեցման պիտի ենթարկուին:

3.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն հիման վրայ ձեռնամուխ պիտի ըլլան առարկայական բանակցութիւններու` խաղաղ լուծման շուտափոյթ հասնելու նպատակով:

4.- Կողմերը կը վերահաստատեն բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափի անփոփոխութիւնը:

Նշենք, որ Ազրպէյճան զինադադարի հաստատման ժամէն ետք շարունակեց իր զինուորական գործողութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով 10 հոկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

Զրոյցներու ընթացքին կողմերը հաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը 9 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան եւ ընդգծած են ատոր խիստ պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Եւ Դպրեվանքի 90-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացման Առիթով

Յաջորդը

Ֆրանսայի, Նետերլանտներու Եւ Պելճիքայի Ընկերվարական Երիտասարդական Կազմակերպութիւններու Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.