ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մելինէ Սեփեթճեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Աստղիկ Սեփեթճեան եւ դստերք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին տոքթ. Շահէ եւ Հուրի Փարթամեան եւ որդիք (Լիբանան)
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Նաթալի Սեփեթճեան (Լիբանան)
Տիկին Էլիզ Հայթայեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Հայկանուշ Սեփեթճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Հանգուցեալ Սարգիս Սեփեթճեանի ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան)
Հանգուցեալ Մարի Ճուլֆայեանի ընտանիք (Քանատա, Ֆրանսա, Հայաստան)
Տիկին Մարի Եողուրթճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ժորժ Ապու Սաֆի եւ զաւակունք (Լիբանան)
Սեփեթճեան եւ Մատուռեան ընտանիքներ
Չըլտրեան եւ Սամանլեան ընտանիքներ
Եողուրթճեան եւ Փարթամեան ընտանիքներ
Ապու Սաֆի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ալեքսանտրէթ, 1934-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, իր բնակարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
«Քորոնա» ժահրի ստեղծած պայմաններուն բերումով, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնով:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային միութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան անդամ, նուիրեալ միութենական, քանդակագործ եւ ճարտարապետ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եւ հեռաձայնով:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
————————————-
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ համայն միաւորները իրենց խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Գալուստեան ընտանիքին`
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահուան առիթով:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան վարչութիւնը եւ անդամները իրենց խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնեն Գալուստեան ընտանիքին`
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահուան առիթով:
ՀԵԸ-Ի «ԱՆԴՐԱՆԻԿ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լենա Գազանճեան-Գալուստեան եւ զաւակները` Շանթ եւ Փաթիլ
Օրդ. Սիլվա Գալուստեան
Օրդ. Սեդա Գալուստեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարի Արսլանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սալբի Թերզեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Նախնիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Էլիզ Բարսեղեան եւ զաւակունք
Գալուստեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Նախնիկեան եւ Բարսեղեան ընտանիքներ
Տագէսեան եւ Քոյունեան ընտանիքներ
Արսլանեան եւ Թերզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
(Քանդակագործ եւ ճարտարապետ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած պայմաններուն բերմամբ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եւ հեռաձայնով:
————————————-
«Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրին`
Գալուստ Խտըշեան 1.000$
Հրայր եւ Սուրէն Խտըշեան 1.000$
Սօսի եւ Արմէն Պալեան 100$
Խաչեր Մարկոսեան 2.000.000 լ. ո.
————————————-
ԱՖՀԻԼ
ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող աննախընթաց տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամին, այս տարի եւս 2020-2021 կրթական տարեշրջանին համար պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու կրթանպաստ:
Դիմումնագիրները կարելի է ամբողջացնել ԱՖՀԻԼ-ի կայքէջէն` www.afhil.com «University Fund» բաժանմունքէն, մինչեւ 10 նոյեմբեր 2020:
Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:
ԱՖՀԻԼ
ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿ
————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Vresso հաստատութիւնը Իրաքի իր գրասենեակին համար կարիքը ունի հաստատութեան ներկայացուցիչի մը, որ փորձառութիւն ունենայ գրասենեկային աշխատանքներու եւ վաճառքի մարզին մէջ: Կը խնդրուի «Սի.Վի.»-ն ղրկել`
————————————-