Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Ու Հայաստանի Քաղաքական Նկատառելի Նշանակութեամբ Հաւաք` Ալֆորվիլի Մէջ

October 6, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի հայաշատ արուարձանին` Ալֆորվիլի մէջ քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի կազմակերպութեամբ կիրակի, 4 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հաւաքը` առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու Հայաստանի, խուռն բազմութեան եւ քաղաքական նկատառելի ընտրանիի մը մասնակցութեամբ, յատկանշուեցաւ քաղաքական կարեւոր եւ յստակ կեցուածքներով, ուր մասնաւորապէս մատնացոյց եղաւ Անգարա-Պաքու ուղիղ գիծը` Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուող ռազմական, քաղաքական եւ քարոզչական յարձակումներու գծով:

Ալֆորվիլի քաղաքապետարանը, որ Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ կնքած է բարեկամութեան համաձայնագիր, ծածկուած էր Արցախի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դրօշներով: Ներկայ էին նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, քաղաքապետը` Լիւք Քարվունաս, Փարիզի փոխքաղաքապետ Օտրէ Փիւլվար, մեծաթիւ երեսփոխաններ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հոգեւոր հայրեր եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները շեշտեցին Անգարայի ուղղակի մասնակցութիւնը Պաքուի կողքին` դատապարտելով զայն, ինչպէս նաեւ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելով Արցախին ու Հայաստանին:

Քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս յայտնեց, որ հպարտ է, որ իր նախաձեռնութեամբ Ալֆորվիլը բարեկամութեան համաձայնագիր կնքած է Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ, ի հեճուկս` Պաքուի բոլոր տեսակի միջամտութիւններուն: Ան ըսաւ, որ դատարան դիմած ազրպէյճանական կողմին քայլերը չեն կրնար կասեցնել Ալֆորվիլը, եւ կոչ ուղղեց ֆրանսական իշխանութեանց` դադրեցնելու այս դատական անընդունելի հոլովոյթն ու որոշումը, որ առաւել առիթ կ՛ընծայէ էրտողաններուն եւ ալիեւներուն անընդունելի ոտնձգութեան: Ան իր խօսքը աւարտեց «Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը» համարձակ արտայայտութեամբ:

Դիպուկ էր Փարիզի փոխքաղաքապետ Օտրէ Փիւլվարի խօսքին հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան միակ պատասխանը կ՛ըլլայ Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչումը»:

Բուռն ճառ արտասանեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Ան վեր առաւ հայոց բանակի փայլուն առաքելութիւնն ու յաղթական երթը ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական նենգ յարձակումին, ողջունեց հայ զինուորին ու թիկունքի կամաւորներուն անկոտրում կամքն ու քաջարի դիմադրութիւնը` հաստատելով, որ յաղթանակը մերն է անկասկած:

Իր խօսքը ուղղելով ֆրանսական իշխանութեանց` Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Անչափ շնորհակալ ենք Ֆրանսային, որ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախին ու Հայաստանին, մանաւանդ յստակ նշելով Պաքուի նախայարձակ ըլլալը եւ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը: Անչափ շնորհակալ ենք ֆրանսացի ցարդ 173 խորհրդարանականներուն, որոնք զօրակցագիր ստորագրած են ի նպաստ Արցախի ու Հայաստանի` ընդդէմ ազրպէյճանական նախայարձակումին: Շնորհակալ` այս պատերազմին գծով նախագահ Մաքրոնի արդար ու յստակ դիրքորոշումին, որ կը յատկանշուի թուրք-ազրպէյճանական կողմին դատապարտումով ու հայկական կողմին զօրակցութեամբ: Իրապէս շնորհակալութիւն` Ֆրանսա: Բայց, բաւարար չէ, հաւատացէ՛ք, եւ կ՛ակնկալենք շատ աւելին, ուղղակի շօշափելի ու գործնական քայլեր` կասեցնելու Էրտողանի եւ Ալիեւի վաշխառու ընթացքը»:

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ըսաւ, որ իր իշխանութեան ժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հրաւիրած է Էլիզէ, եւ բանակցութիւնները հասած են որոշ տեղ, սակայն Էրտողանի Թուրքիոյ ճնշումով` խանգարուած: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա հատած է բոլոր սահմանները, կը հովանաւորէ միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ անոր քաղաքականութիւնը կը հակասէ Եւրոպական Միութեան բոլոր չափանիշներուն: Հետեւաբար, ըսաւ ան, պէտք է Անգարայի դէմ սահմանել պատժամիջոցներ, նոյնիսկ վերատեսութեան ենթարկել անոր ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը, որովհետեւ Անգարա իր վարած քաղաքականութեամբ կը մեղանչէ նոյնինքն ՕԹԱՆ-ի սկզբունքներուն դէմ:

Ֆրանսուա Հոլլանտ իր խօսքը եզրափակեց այսպէս. «Կոչ կ՛ուղղեմ ֆրանսացի ժողովուրդին` ըլլալու զօրակից` հայ ժողովուրդին, իր այս դժուար պահերուն: Արցախի հարցը միայն նահատակ հայ ժողովուրդի հարցը չէ, այլ միջազգային խնդիր է: Արդ, եթէ Ֆրանսան եւ Եւրոպան ներկայ ըլլան պէտք եղած ձեւով ու չափով, Էրտողանի քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ այստեղ»:

 

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Այս Պատերազմը Շարունակութիւնն Է 1915-ի Ցեղասպանութեան` Ուղղուած Աշխարհասփիւռ Համայն Հայ Ժողովուրդին Դէմ»

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրի Դիմակալման Գծով Բագրատունի Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասանի

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը  Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան  Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են  Թրամփի Թեկնածութիւնը»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են Թրամփի Թեկնածութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.