Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցոյցեր` Ի Զօրակցութիւն Արցախի Հերոսական Ժողովուրդին

October 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս օրերուն ամբողջ աշխարհին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սանձազերծած ահաբեկչական պատերազմին դէմ բողոքի իրենց ձայնը  բարձրացուցած են ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնները:

Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ կը դատապարտեն 27 սեպտեմբերին Արցախի դէմ սկսած  լայնածաւալ յարձակումը եւ այդ մարտական գործողութիւններուն Թուրքիոյ բացայայտ ներգրաւուածութիւնը:

Դաշնակցական երիտասարդները աշխարհի տարբեր պետութիւններու կառավարութիւններէն կը պահանջեն զսպել Թուրքիան եւ բոլոր կարելի միջոցներով կասեցնել Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական գործողութիւնները:

Անոնք իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Արցախի ժողովուրդին, որ հերոսաբար կը դիմադրէ թուրք-ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն:

ՀՅԴ Երիտասարդները Բողոքի Ցոյցեր
Կազմակերպեցին Քանատայի Տարածքին

 

3 հոկտեմբերին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութիւնն ու ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը թուրք-ազրպէյճանական ռազմական յարձակումը դատապարտող բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Օթթաուայի, Թորոնթոյի եւ Վանքուվըրի մէջ:

Օթթաուայի մէջ, ցուցարարները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ազրպէյճանական եւ թրքական դեսպանատուներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներուն դիմաց: Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դրօշակներով, դաշնակցական երիտասարդները բացագանչեցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:

Նոյն օրուան ընթացքին, բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ եւ Վանքուվըրի քաղաքակեդրոնին մէջ:

Զօրակցութեան Ցոյց` Նիւ Եորքի Մէջ

Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքներու բազմաթիւ անդամներ ցոյց կատարեցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մերձակայքը գտնուող «Տակ Համարշոլտ»  հրապարակը` զօրակցելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին, որ հերոսաբար կը դիմագրաւէ ազրպէյճանաթրքական ռազմական յարձակումը:

Աւելի քան երեք հարիւր ցուցարարներ մասնակցեցան այս հաւաքին: Ներկայ էին նաեւ երկու առաջնորդները` Դանիէլ եպս. Ֆընտըքեան (Էջմիածնական թեմ) եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ) եւ իրենց կողքին ունենալով շրջանէն հովիւներ:

Տէրունական աղօթքէն ետք, անոնք խօսք առնելով կոչ ուղղեցին յաւելեալ միասնականութեամբ դիմադրելու այս յարձակումին` շեշտելով, որ Արցախի մէջ մեր հարազատները ենթարկուեցան պատերազմական ահաւոր յարձակումի, շղթայազերծուած Ազրպէյճանի կողմէ` թրքական կառավարութեան զօրակցութեամբ:

Անոնք շեշտեցին, թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակները ամբողջական սրտով կ՛աջակցին Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն` մաղթելով շուտափոյթ խաղաղութիւն, որպէսզի շրջանային բարգաւաճումը ընթացք առնէ իրարհասկացողութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ:

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով եւ պաստառներով, երիտասարդներ հետեւողական կերպով եւ բարձրաձայն բացագանչեցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրթիռային Հարուած` Գանձակ Քաղաքի Ռազմական Կեդրոններու Վնասազերծման Նպատակով

Յաջորդը

«Թուրքիան Դարձեալ Անցած Է Կարմիր Գիծը» Կ՛ըսէ Վուրտեվինտ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.