Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Վերանորոգ Գոյամարտին Առընթեր. Հայաստանի Եւ Հայութեան Զօրակցող Կեցուածքները Յաւելեալ Ոգեւորութիւն Կը Ներշնչեն

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր վերստին բռնկած Արցախի գոյամարտին գծով Արցախի, Հայաստանի թէ հայութեան զօրակցող կեցուածքները կը շարունակուին:

Այս ծիրին մէջ լիբանանցի նախկին նախարար, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի հետեւեալը արտայայտուած է դիմատետրի իր էջին վրայ.  «Հայաստանի ուժը իր ժողովուրդի միասնութեան մէջ է` ընդդէմ արտաքին որեւէ յարձակման, եւ անոր յաղթանակը մօտալուտ է Աստուծոյ կամքով… Կը զօրակցինք անոր ժողովուրդին ու կը սորվինք անոնցմէ: Կը դատապարտենք անոր բնակչութեան եւ հողերուն դէմ յարձակումը… Այն յոյսով, որ իբրեւ լիբանանցի ժողովուրդ կը միանանք արտաքին որեւէ միջամտութեան դէմ, ըլլայ անիկա զինուորական, ապահովական թէ քաղաքական կամ` ելեւմտական սառեցում թէ տնտեսական պաշարում, յարձակում թէ արգելափակում»:

Նախկին նախարար Նատա Պուսթանի Խուրի հետեւեալ գրառումը կատարած է դիմատետրի իր էջին վրայ. «Այս երեկոյ բոլորս աղօթենք մեր սիրելի Հայաստանին համար: Ու համայն հայ ժողովուրդին ուղղելով խօսքս, կ՛ողջունեմ ձեր դիմադրողական կարողականութիւնն ու կառչածութիւնը ձեր հողին ու դատին: Թող Աստուած ուժ տայ ձեզի ձեր պայքարին մէջ եւ կարենաք յաղթական դուրս գալ: Ամենայն ու համայն սիրով»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքս Մաթոսեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Հայաստան մեծ հայրերուն հողն է ու Լիբանան թոռնիկներուն հողն է: Մեծ հայրերուն եւ թոռնիկներուն մէջ կայ պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որ կը սիրէ կեանքը ու երբեք կքելով ծունկի չի գար, բացի Աստուծոյ առջեւ»:

Լիբանանեան ուժերու հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա գրած է. «Մեր եղբայր հայ ժողովուրդի կողքին կը կանգնինք անոր մղած պայքարին մէջ` ի պաշտպանութիւն իր գոյատեւման, արժանապատիւ ապրուստին եւ իր հաւատալիքները խաղաղ ու ազատօրէն կիրարկելու եւ  արտայայտելու իր սեփական հողին վրայ: Ամբողջական համերաշխութիւն եւ միասնութիւն Հայաստանի ու անոր ղեկավարներուն եւ զաւակներուն` պահպանելու համար իրենց հայրենի բնօրրանի գերիշխանութիւնը»:

Նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հետեւեալ գրառումը կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ.  «Կարելի՞ է, ընդունելի եւ տրամաբանակա՞ն է որ Էրտողան մեզ վերադարձնէ դէպի օսմանեան սեւ ժամանակաշրջանը, դէպի այն օրերը, երբ ամէնէն տգեղ ու գարշատեսիլ ջարդերը գործադրուեցան պատուական այս ժողովուրդին` մեր սիրելի ու խրոխտ հայ ժողովուրդին դէմ»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան դատապարտելով թուրք-ազրպէյճանական ու անոնց ընկերացող վարձկան ահաբեկիչներու հակահայ արարքները հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Կարգ մը   վարձկաններ չեն ըմբռներ, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սուրբ ու պատուական նահատակներու արեամբ ազատագրուած հողերը անձեռնմխելի են չար սատանաներու եւ ահաբեկիչներու համար: Կը դատապարտենք այս յարձակումները եւ յստակօրէն կոչ կ՛ուղղենք  միջազգային ընկերութեան` զօրավիգ կանգնելու հողի եւ իրաւունքի տէրերուն եւ իրականացնելու ու կիրարկելու ժողովուրդի ճակատագիրի ինքնորոշման եւ հողային պաշտպանութեան իրաւունքը»:

Հրաժարեալ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.  «Հաւատալով մեր դրական աշխուժ չէզոքութեան, որ կ՛առաջադրէ զօրավիգ կանգնիլ մարդկային արդար դատերուն` կը վերանորոգենք մեր զօրակցութիւնն ու զօրավիգ կը կանգնինք Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն կողքին` յուսալով, որ միջազգային ճիգերը միանալով կարենան վերջ դնել տիրող պատերազմական իրավիճակին եւ արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատել Կովկասի շրջանին մէջ»:

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Աղօթք Ու Զօրակցութիւն` Հայոց Բանակին

Յաջորդը

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Հայաստանն Ու Արցախը Սուղ Գին Վճարեցին Ազատութեան Համար. Կոչ Կ՛ուղղեմ Միջազգային Ընկերութեան` Միջամտելու Եւ Պաշտպանելու Զանոնք»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?