Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Հայաստանն Ու Արցախը Սուղ Գին Վճարեցին Ազատութեան Համար. Կոչ Կ՛ուղղեմ Միջազգային Ընկերութեան` Միջամտելու Եւ Պաշտպանելու Զանոնք»

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այն ինչ որ կը պատահի ներկայիս Արցախի մէջ աղէտալի եւ անբարոյական է: Փաստօրէն, ոմանք դիտումնաւոր կերպով կը հաւասարեցնեն դահիճն ու զոհը, յարձակողն ու յարձակեալը, սպաննողն ու սպաննեալը, որուն պատմութիւնը, հողն ու տունը ներխուժման ենթարկուեցան» յայտարարեց երէկ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:

«Այն ինչ որ կը կատարուի Արցախի մէջ, մէկ կողմէ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ գոյատեւման արտայայտութիւն է, միւս կողմէ կասկածելի փորձ`  փոխելու ժողովրդագրական, պատմական ու աշխարհագրական գոյերթի ընթացքը եւ կնքուած դաշինքները սեղանն ի վայր շրջելու ծրագիր եւ անտեսում` Հայաստանն ու Արցախը զիրար կամրջող աշխարհագրական, մարդկային, ցեղային ու ժողովրդային առնչումի շարունակականութեան», շարունակեց Օհանեան-Գէորգեան եւ աւելցուց. «Այն ինչ որ կը կատարուի` օրին հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած ոսոխի ծածուկ ու ոխակալ տենչերու եւ նոր ցեղասպանութիւն գործելու ախորժակի  դրսեւորումն է, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման ու ապահով եւ խաղաղօրէն ապրելու իրաւունքի անտեսումն է»:

«Ինչ որ աւելի կասկածելի է եւ վտանգաւոր, Թուրքիոյ ճամբով Սուրիայէն եւ զանազան երկիրներէ դէպի Ազրպէյճան ուղարկուող ահաբեկիչներու, զինամթերք եւ զէնքի մասին տեղեկութիւններն են, ինչ որ արիւնալի բռնարարքներու պիտի յանգի» դիտել տուաւ Օհանեան-Գէորգեան:

Ան նշեց, որ Հայաստան եւ Արցախ իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին շատ սուղ գին վճարեցին վասն ազատութեան ու տնտեսական ծաւալապաշտ ախորժակներու դիմակալման: «Արդ, կարելի չէ արտօնել վերադառնալու այդ սեւ փուլին, փոխանակ յարգելու հայ ժողովուրդի իրաւունքը` ապահով ու խաղաղօրէն ապրելու իր նախնիներու բնօրրանին մէջ», շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով միջազգային ընկերութեան միջամտելու պաշտպանելու համար ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, արդարութիւնը եւ ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ մերժելու սուլթաններու ցեղասպանական վարքագիծին վերադարձը եւ պաշտպանելու մարդու իրաւունքը իր տան, ապագային, հողային սահմաններուն եւ հայրենիքին մէջ»:

 

Նախորդը

Արցախեան Վերանորոգ Գոյամարտին Առընթեր. Հայաստանի Եւ Հայութեան Զօրակցող Կեցուածքները Յաւելեալ Ոգեւորութիւն Կը Ներշնչեն

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծել Խաղաղ Միջոցներով»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?