Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Աղօթք Ու Զօրակցութիւն` Հայոց Բանակին

October 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած` ի զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ արեան նահատակութեամբ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու աստուածատուր իրաւունքը: Վեհափառ հայրապետը խնդրեց Աստուծմէ, որ հեռու պահէ Հայաստանը, Արցախը եւ ամբողջ հայութիւնը երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ, բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ հոգւոց խաղաղութիւն պատերազմին զոհուած հերոսներուն ու բոլոր հայորդիներուն:

Ապա, պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` նահատակ զինուորներու ու հայորդինեդու հոգիներուն համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ եւս կատարուեցաւ աղօթք` հայոց բանակին զօրակցութեան եւ հոգեհանգիստ` պատերազմի զոհ հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը միջեկեղեցական շրջանակներու հետ կապեր հաստատեց` անոնց ներկայացնելով Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին իրաւ պատկերը, թշնամիին սադրանքները, Թուրքիոյ ու ահաբեկիչներուն մասնակցութիւնը ազերիներու կողքին եւ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու աստուածատուր իրաւունքը: Միջեկեղեցական կառոյցները, յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը դատապարտեցին ազերիական յարձակումները եւ քաղաքական բանակցութեան ճամբով հարցերը լուծելու կոչ ուղղեցին:

Յիշեցնենք, որ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց բոլոր թեմերուն ու հայորդիներուն` «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին ճամբով եւ այլ միջոցներով գործնապէս զօրավիգ կանգնելու հայոց բանակին:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Պատմաբան Արտակ Մովսիսեան

Յաջորդը

Արցախեան Վերանորոգ Գոյամարտին Առընթեր. Հայաստանի Եւ Հայութեան Զօրակցող Կեցուածքները Յաւելեալ Ոգեւորութիւն Կը Ներշնչեն

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.