Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը Յուզող Հարցերու Լուծման Ժամկէտներուն Ընդառաջ. Ղեկավար Կողմեր Կը Ջանան Համախոհութեան Յարմարագոյն Տարազի Ենթահողը Պատրաստել

Հոկտեմբեր 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 հոկտեմբեր 2019-ին Լիբանանի մէջ բռնկած ժողովրդային պոռթկումի ցոյցերէն գրեթէ տարի մը ետք պահանջուող բարեփոխման թէ բարեկարգումի ուշագրաւ քայլեր գրեթէ ձախողութեան մատնուած են, հակառակ պատասխանատուներու շուտափոյթ լուծման յանգելու պատրաստակամութեան: Փաստօրէն, տեղական թէ արտաքին գործօններ իրենց դերը ունեցան լուծման ճիգերու այս տեղքայլին մէջ: Գործող թէ նշանակեալ վարչապետներու հրաժարականները, բողոքի ելոյթներով ճամբաներու փակումը, «Քորոնա» ժահրի համավարակին գործած առողջապահական աւերը, 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը, ահաբեկչական արարքներու ստեղծած ապահովական ցնցումը եւ այլ պայմաններ ժխտական եւ յուսալքումի մթնոլորտ ստեղծեցին քաղաքացիներուն մօտ:

Աւելի՛ն, շրջանային թէ միջազգային արտաքին իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը ճնշումի յաւելեալ միջոցներ եղան նախատեսուող լուծման քայլերու հեզասահ իրագործման գծով: Արդարեւ, սուրիացի գաղթականներու Լիբանան ապաստանիլը առաւել եւս ծանրացուց երկրի ապրուստի եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման ճիգերը: Արտաքին, յատկապէս` միջազգային կողմերու` արեւմտեան նուիրատու երկիրներ, Միջազգային դրամական ֆոնտ». եւ այլն, ճշդած ժամկէտները ժամանակի իմաստով նեղ կացութեան մատնեցին երկրին պատկան պատասխանատուները:

Հոսկէ` ղեկավարներու քուլիսային թէ հրապարակային ճիգերը կեդրոնացած են նշեալ ժխտական գործօններու վերացման կամ գէթ անոնց ազդեցութեան տկարացման վրայ` յանգելու համար լուծման յարմարագոյն տարազի ենթահողի մշակման իրականացման:

Այս իմաստով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ճիգ չի խնայեր հակադիր կողմերու տեսակէտներու մերձեցման գծով: Ան քուլիսային սերտ կապերու կը ձեռնարկէ մօտիկ ապագային նախատեսուող «Նոր Լիբանան»-ի տեսլականին ընդառաջ «հիմնադիր ժողով»-ի մը գումարման յաջողութեան համար: Այս իմաստով ան նախանձախնդիր է պահպանելու լիբանանեան տարբեր կողմերու իրաւասութիւնները, որոնք ժամանակի ընթացքին վերածուած են անգիր օրէնքի, եւ անոնց բարեփոխումը կատարելու` բոլոր կողմերու ներկայութեան գումարուելիք նշեալ հիմնադիր ժողովի ընթացքին: Նախագահ Աուն կ՛ուզէ երկրի փտածութեան «հիմնաքարը» նկատուող տիրող համայնքային դրութիւնը բարեփոխել` ի սպաս Լիբանանի ընդհանրական եւ ոչ հատուածական շահերուն:

Նմանապէս, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կը փորձէ քրիստոնեայ, գէթ մարոնիական համախոհական կառոյց մը յառաջացնել` շիի երկեակին զուգահեռ: Ըստ անոր, հոկտեմբեր 1990-ին ստորագրուած Թաէֆի համաձայնագիրը ընդհանուր առմամբ կ՛երաշխաւորէ կողմերուն իրաւասութիւնները, սակայն անոր ընդգրկած օրէնքներու թերի կամ ոչ ամբողջական կիրարկումն է, որ կը ձախողեցնէ հարցերուն լուծումը: Ըստ Ռայի պատրիարքին, «ոմանք օրէնքին հակառակը կը գործադրեն ու ետքը կ՛առարկեն ըսելով, թէ «օրէնքը լաւ չէ»:  Այս դիտանկիւնէն կարելի է դիտել երէկ, հինգշաբթի, Պքերքէի մէջ անոր հիւրընկալած հանդիպումը խորհրդարանէն հրաժարած երեսփոխաններուն հետ, որ ըստ անոր մօտիկ աղբիւրներուն, կը միտի  երկիրը յուզող խրթին հարցերու լուծման նախագիծ մը պատկերացնել: Այս իմաստով առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներ (Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ, Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ եւ այլն) սկզբնական հաւանութիւն տուած են ընդառաջելու նշեալ կառոյցի կազմութեան գծով Ռայի պատրիարքին առաջադրած նախաձեռնութեան:

Զուգահեռաբար, կարգ մը դրական նախանշաններ կը թուին որոշ լաւատեսութիւն եւ խոստմնալից մթնոլորտ ստեղծել: Խորքին մէջ քանի մը օր առաջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ցուցաբերած ճկուն կեցուածքը իր արտասանած խօսքին մէջ` յատկապէս ֆրանսական նախաձեռնութեան զօրակցութեան գծով, նոյնքան յուսատու կը թուի:

Արտաքին իմաստով եւս յուսատու է Եւրոպական Միութեան խոստացած «աւետիսը», թէ միութիւնը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, պայմանով որ պահանջուած ու խոստացուած բարեկարգումները իրագործուին: Իսկ այս իմաստով  նախանցեալ օր խորհրդարանին վաւերացուցած բարեկարգչական օրինագիծերը փտածութեան թէ արգելափակեալներու մարդկային իրաւանց գծով` խոստմնալից նախաքայլեր կը նկատուին բարեկարգումներու գործընթացի մեկնարկին գծով:

Նմանապէս, հակառակ կառավարութեան կազմութեան ճիգերու ձախողութեան, Լիբանանին նիւթապէս եւ քաղաքականապէս օժանդակելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի վճռակամ կեցուածքը իր նախաձեռնութեան շարունակման գծով, նոյնքան խոստմնալից եւ յուսադրիչ թուեցան:

Իսկ Լիբանանի բարգաւաճման նպաստելու կոչուած` նաւթի եւ կազի  «պլոքներու» ջրային սահմաններու ծիրը ճշդող բանակցութիւնները` ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ եւ Իսրայէլը ներկայացնող ամերիկեան իրաւարարին միջնորդութեամբ, նմանապէս բարեփոխման հաւանականութիւնները ամրագրող խոստմնալից քայլ կը նկատուին:

Այս բոլորի լոյսին տակ, նշեալ ժամկէտներուն ընդառաջ, միջլիբանանեան տնտեսական թէ քաղաքական շինիչ «խմորումներ» կը սպասուին մօտերս:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Միջնորդութեամբ Եւ ՄԱԿ-ի Հովանաւորութեամբ Մեկնարկեց Հարաւի Ջրային Սահմանագիծի Ճշդման Շուրջ Բանակցութեանց Նախաքայլը

Յաջորդը

Հայկական Գաղութները` Հայաստանի Եւ Արցախի Հետ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?