Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետը մանրամասն անդրադարձած է Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակումին հետեւանքով տեղի ունեցող զարգացումներուն: Ռուսիոյ նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ եւ կարեւոր նկատած զինադադարի դրութեան պահպանումն ու ապամագլցողականութեան ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը: