Սահմանադրական դատարանի նախագահի թեկնածու Երուանդ Խունդկարեանը չէ ընտրուած Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնին: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին կը տեղեկացնէ Սահմանադրական դատարանի նորընտիր դատաւոր Էտկար Շաթիրեան:
«Քանի որ առաջադրուած միակ թեկնածուն էր եւ ընտրուելու համար անհրաժեշտ թիւով կողմ ձայներ չէ ստացած, ան չէ ընտրուած», ըսաւ Շաթիրեան: