Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Օգտուելով արձակուրդի վերջին օրերէն, շարունակենք մեր կարճ պտոյտները եւ այսօր ուղղուինք դէպի Զուիցերիա:
Մեր ճամբորդութիւնը պիտի սկսի իւրայատուկ շոգեկառքով մը: Զուիցերիոյ Տոնթրըյի շրջանէն ընթացք առնող այս «Տուրմի շոգեկառք»-ը մեզի կարելիութիւնը պիտի տայ վայելելու Զուիցերիոյ ամէնէն նշանաւոր երկու երեւոյթները` տուրմը եւ «Կրիւյեր» պանիրը:
Շոգեկառքին մէջ, գաւաթ մը տաք տուրմէ եւ տուրմով քրուասանէ ետք, ժամանակն է իջնել Կրիւյեր գիւղը: Այս շրջանին մէջ է, որ 1115 թուականէն ի վեր կը շինուի նոյն անունը կրող պանիրը: Հոն ճամբորդները առիթը պիտի ունենան այցելելու պանիրի գործարանը եւ համտեսելու պանիրի տարբեր տեսակներ: Այդ գործարանին մէջ օրական մինչեւ 48 պանիրի մեծ «անիւ» կը շինուի:
***
Կէսօրուան ճաշը գիւղին մէջ ուտելէ ետք, ճամբորդները դարձեալ կ՛ելլեն շոգեկառք` ճամբան շարունակելու համար դէպի Պրոք, ուր կը գտնուի Մեզոն Քայէն` Զուիցերիոյ ամէնէն հին տուրմի վաճառանիշը: Գործարանին ցուցասրահը կարծքէք «Տիզնի» շարժապատկերի մը տեսարաններէն մէկն է: Հոն այցելուները կրնան համտեսել եւ գնել տուրմի տարբեր տեսակներ:
Տուրմի Աղբիւրը
Մնանք Զուիցերիա, սակայն ուղղուինք դէպի Ցիւրիխ, ուր կը գտնուի «Լինտթ» տուրմի գործարանը:
13 սեպտեմբերին տուրմի այս նշանաւոր վաճառանիշը բացումը կատարեց տուրմի յատկացուած իր թանգարանին: Այս «Տուրմի տան» 1500 քառակուսի մեծ տարածքին վրայ սրահներուն մէջ այցելուները կրնան ծանօթանալ տուրմի 5000 տարուան պատմութեան, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստութեան բոլոր գաղտնիքներուն:
Սակայն թանգարանին գլխաւոր գործը անոր 9 մեթր բարձրութիւն ունեցող տուրմի աղբիւրն է: Այդ աղբիւրէն մօտաւորապէս 1000 լիթր իսկական տուրմ կը բխի: Ճիշդ է, որ աղբիւրը տպաւորութիւնը կու տայ օդին մէջ կախուած զարնելու գործիքի մը, որմէ կը թափի տուրմը, սակայն անոր շինութիւնը կարօտած է մեծ աշխատանքի, յատուկ նիւթերու եւ մանրակրկիտ ծրագրումի: Ան կը կշռէ երեք թոն` անոնց մէջ հաշուելով տուրմի 1500 քիլոները, որոնք կը հոսին ամէն երկվայրկեան մէկ քիլօ արագութեամբ: Ընդամէնը 94 մեթր երկար խողովակներու դրութիւնն է, որոնք տուրմի աղբիւրին 9,3 մեթր հասակը կու տայ:
Գիտէի՞ր, Թէ
Ճոն Հարիսըն ունի շատ հետաքրքրական գործ մը` պաղպաղակներ համտեսել: Ան արդէն համտեսած է աւելի քան 750 միլիոն լիթր պաղպաղակ: Անոր համի զգայարանները 1 միլիոն տոլարի ապահովագրուած է:
Դանիոյ մէջ, մարդիկ իրենց զաւակներուն կրնան տալ պետութեան կողմէ ընդունուած 7000 անուններու ցանկէն անուն մը: Այլապէս անոնք պէտք է ներկայացնեն արտօնագիր մը, որ կ՛ուղարկուի յատուկ յանձնախումբի մը` ուսումնասիրուելու համար:
Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ քաղաքացիներուն նոյն ատեն ունենալ աւելի քան 55 քիլոկրամ գետնախնձոր:
Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ մարդիկ կրնան նոյն սեղանին շուրջ նստիլ առանց երկրին սահմաններէն դուրս ելլելու:
Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունէին մեծ փոխադրակառքեր, որոնք փողոցներուն մէջ անուշահոտ կը սփռէին, որպէսզի ժողովուրդը ուրախ զգար եւ կարենար մտածել:
Սիտնէի արեւմուտքը գոյութիւն ունի 102 տարուան ընկղմած նաւ մը, որ վերածուած է ծփացող անտառի մը: Ան դարձած է Սիտնէի նոր այցելավայրերէն մէկը:
Ժամանց



