ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Րաֆֆի Գատեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Անի Մուրաջանեան եւ զաւակունք
Տիար Սարօ Գատեան
Տիար Համբարձում Ֆոտուլեան
Տէր եւ տիկին Արա Ֆոտուլեան եւ զաւակունք
Տիար Սերժ Գատեան
Տէր եւ տիկին Լութֆիկ Մուրաջանեան
Ֆոտուլեան եւ Գատեան ընտանիքներ
Համալեան եւ Հալաճասմինեան ընտանիքներ
Մուրաջանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, զոքանչին, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱԶՆԻՒ ԳԱՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ֆոտուլեան)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2020-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք պողոտայ, Քանթարի, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Թահուիթայի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած պայմաններուն բերմամբ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եւ հեռաձայնով. Րաֆֆի` 03-259896, Անի` 03-912544 եւ Սարօ` 03-471901:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել բարեսիրական հաստատութիւններու:
————————————-
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՎԵՐԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Պատարագը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանիս «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի դիմատետրի եւ «Եու. Թիուպ»-ի էջերէն:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎՐԷԺ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՇԱՆԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Վարանդ Փափազեանի մահուան առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Արա եւ Նորա Չըպլաքեան 100.000 լ.ո.
Տիկին Սիլվիա Աճեմեան 150.000 լ.ո.
————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ ՏԱՆ
Քէշիշեան ընտանիք վեհամայր Լուսին Քէշիշեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը`
750.000 լիբանանեան ոսկիով:
————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններ իրենց ծնողներուն` Մինաս եւ Սրբուհի Մարթայեաններու յիշատակին
կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 1.000.000 լիբանանեան ոսկիով:
(20 սեպտեմբեր 2020)