Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Օրերու Փառատօնային Ձեւաչափի Առաջնեկ

Սեպտեմբեր 16, 2020
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հայաստանի մէջ օգ. 22-սեպտ. 1-ի միջեւ կայացաւ «Fresco -Արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժապատկերներու» միջազգային փառատօնը: Անկախ ամէն նկատառումէ, յուսադրիչ է, որ գտնուեցան մարդիկ, որոնք համավարակի պայմաններու տակ ձեռնարկեցին նման աշխատանքի: Այս իմաստով Հայաստանի մէջ առաջնեկ մըն էր: Ինչպէս բներգէն խորհրդանշանէն (Logo) կարելի է ենթադրել, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (World Council of Churches) նախաձեռնած փառատօնը կը վայելէ ոչ միայն մշակոյթի նախարարութեան, այլ նաեւ Էջմիածնի հովանաւորութիւնը(1):

Փառատօնը առաջնեկ էր նաեւ այլ իմաստով: Բացման ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ սահմանամերձ Տաւուշի մէջ, առաւել եւս ժապաւէնով մը, որուն բներգն է ծագումով տաւուշցի բեմադրիչի մանկական յուշը: Հարկ չկայ ընթեցողին բացատրելու, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու տակ կը գոյատեւէ իր բնակավայրին կառչած հայ գիւղացին: Ինչպէս «լոկոյին» մէջ տեսնուող «ժայռապատկեր»-ները կը թելադրեն, փառատօնը այնուհետեւ կայացաւ պատմամշակութային յուշարձաններու կից: Այդ քայլը եւս առաջնեկ մըն էր: Նախարարի տեղակալ Ա. Խզմալեան կ’ըսէ, թէ նման քայլեր պիտի պահանջէ բոլոր փառատօններէն:

Միջոցառումներու գլխաւոր վայրն էր կաթողիկէ Ս. Աստուածածնի շրջափակը, որ համավարակի պարտադրանքով պիտի ընդունէր միայն 40 հանդիսատես: Բաղդատած 2019-ի՝ ցուցադրութիւններու թիւը աճած է.- 23 երկրէ 63 ֆիլմ, փոխան 10 երկրէ 37-ի: Այս թերեւս ցուցանիշ մըն է համավարակի դէմ պայքարելու ընդհանուր տրամադրութեան: Դատական կազմը բաղկացած էր 16 անձերէ, որոնցմէ 3-ը կրօնականներ էին: Հայաստան ունէր 4 ներկայացուցիչ: Շնորհուած են 11 «Լաւագոյն ուղերձ» մրցանակներ՝ հաւատք, յոյս, սէր, քաջութիւն, ընտանեկան արժէքներ, մաքուր մոլորակեւ նման այլ դասաւորումներով:

Նախքան դատական կազմի վճիռը, ընտրած էի 8 ժապաւէններ, բայց յաջողեցայ անոնցմէ միայն 5-ը դիտելու համար բեմադրիչի հաւանութիւն ստանալ: Անոնցմէ երեքը մրցանակներ ստացան:

Ա.- «Անիկօ» բեմագիր եւ բեմադրիչ Աննա Յարութիւնեան, 46.5 վ.,  Հայաստան, 2019: Ստացած է  «Ընտանեկան արժէքներ ուղերձող լաւագոյն երկարամեթրաժ ժապաւէն» մրցանակը: Նախապէս «Լույս աշխարհին» փառատօնին արժանացած էր լաւագոյն ֆիլմ եւ լաւագոյն նկարահանում մրցանակներուն:Դիպաշարը ինքնակենսագրական է: «Անիկօ», նոյնինքն բեմադրիչը, ամառնային արձակուրդ կ’անցընէ պապենական Նաւուր գիւղին մէջ, Տաւուշ, իր առանձին մնացած պապիկին հետ: Անիկօ չարաճճի կամակոր աղջնակ մըն է, որ չ՛ուզեր իրեն համար նշանակուած դասերը պատրաստել: Անիկոյի գլուխը «ոջլոտ» է: Ի հարկէ խորհրդանշական: Պապիկը աւանդական միջոցներով (ընկոյզի տերեւ, քարիւղ, եւն) կը փորձէ «բուժել» գլուխը:Աւանդական պարզ միջոցները, սակայն այլեւս սպեղանի չեն: Խորհրդանշակա՞ն: Պապը կը պարտադրէ կարդալ պատմութեան գիրք մը: Անիկօ խոր կը տպաւորուի Արամ նահապետի եւ անոր որդի Արա Գեղեցիկի առասպելներով: Հարեւանի պատանի որդին Արամը (ցուգադիպութիւ՞ն) կը սիրահարի Անիկոյի: Սէրը երկուստեք կը բոցավառի, երբ Անիկօ գիւղական գրադարանէն կը գողնայ եւ կը կարդայ Շէյքսպիրի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»-ը: Արձակուրդի աւարտին, երբ հայրը զինք քաղաք կը վերադարձնէր, Անիկօ ինքնաշարժին պատուհանէն հացի փշրանքներ դուրս կը ձգէ, որպէսզի տխուր հեքիաթի մանուկ հերոսներուն նման կարենայ վերագտնել ետդարձի ճամբան (2): Արամ կ՛երազէր կրկէսի աստղ դառնալ: Աւարտական սուտ ու իրաւ տեսարաններուն մէջ փոքրիկ կրկէս մը կ’այցելէ գիւղ: Արամ՝ վրդոված, կը լքէ ելոյթը, երբ կը ծաղրեն հտպիտի «քաջալ» գլուխը: Այդ ակնարկ է ոջլոտ Անիկոյի ճակատագիրին, երբ դպրոց վերադառնայ: Կը մնան միայն երկու հտպիտներ, որոնք այլեւս պարտաւոր չեն ուրախ ձեւանալ, մինչ գիւղի կոյր երաժիշտը իր ձեռնադաշնակով տխուր մեղեդի մը կը նուագէ: Քաղաքի մէջ Անիկօ երջանիկ չէ: Դասընկերները դաժան են քաջալ Անիկոյի հանդէպ: Կը թռչի մտքով դէպի գիւղի աղբիւր, ուր Արամ զինք կը սպասէ եւ զինք կ’ընդունի այնպէս, ինչպէս որ կայ:

Պատկերաւոր լեզու.- Բացման տեսարանին մէջ Անիկօ խորապատկերի մշուշէն դուրս կու գայ որպէս վարանոտ կոյր՝ որ ուղի փնտռէ: Ճամբան զինք կը տանի պապենական տուն: Բացատրելու կարիք կա՞յ: Այլ տեսարանի մը մէջ Անիկօ կը տեսնէ (յոյժ խորհրդանշական) կամիր թել մը: Կը հետեւի թելին եւ կը հասնի … իր պապին: Անիկոյի մանկական խաղը կը տեսնենք ալեկոծ շղարշ վարագոյրի մը ընդմէջէն:  Հարկ կա՞յ բացատրելու աղօտ մշուշի եւ շղարշի իմաստը: Անիկօ կը հագնի իր պապի աշխատանքային կրկնակօշիկները, որոնք ի հարկէ շատ խոշոր են իր տոտիկներուն համար: Հարկ կա՞յ բացատրելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հագնիլ պապի կօշիկները: Առաւել եւս կոշտ կօշիկներ, որոնք նախատեսուած են գիւղական աշխատանքի համար:Բայց պապը լոկ այգեպան չէ, ինքն է, որ գիւղի գերեզմանաքարերը կը քանդակէ: Իմա՝ պատմութիւնը կ’ամրագրէ: Պապն էր, որ պատմութեան հանդէպ սէր կ’արթնցնէ Անիկոյի մէջ:

Կայ նաեւ քաղաքական խորք: Արամի հայրը անդադար կը փորձէ կարգի բերել «սովետի օրէն» մնացած քարշակը (tractor), բայց չի յաջողիր: Այսուհանդերձ, գիւղացին չի հրաժարիր իր հնամաշ մեքենայէն:

Արամի ուսուցիչը վերամուտի առաջին պահուն կը թելադրէ կարդալ «Սեւանի Ափին» եւ «Յովազաձորի գերիները»: Հեղինակը՝ Վախտանգ Անանեան, 50-60-ական թուականներու սովետական ընկերութեան բարոյական արժէքները ջատագովող ամէնէն կարկառուն գրողն էր (3):

Շատ յաճախ ժապաւէնի քատրերուն խորապատկերը լուսաւոր է, մինչ առաջամասը՝ ստուերոտ (4):

Այս երեք նկատողութիւնները գումարած՝ կը թուի, թէ բեմադրիչը գիտակցաբար կամ ոչ կարօտախտ ունի այն ժամանակներուն, երբ ընկերային յարաբերութիւնները աւելի մարդկային էին:

Բ.-«Բաղադրատոմս Աքսորի մէջ» (Recipe in Exile), գծանկարային (animation), Բեմադրիչ եւ նկարիչ Շանթալ Գասարճեան, 4.5 վ. Միացեալ Նահանգներ, 2019 ։ Նոյնպէս ստացած է «Լաւագույն ուղերձ՝ ընտանեկան արժէքներ» մրցանակը:

Դիպաշարը նոյնպէս ինքնակենսագրական է: Ներշնչուած է սուրիահայ ընտանիքներու երկրորդ աքսորէն: Ընտանիքը նախ կը հաստատուի Հալէպ ապա, սուրիական պատերազմէն ետք, չորրորդ սերունդը կ’ապաստանի Հայաստան: Բայց Հայաստանը անոր համար սրտաբաց, ապահով տուն չի դառնար: Այս մեր բոլորին խոր ցաւն է …Բացման տեսարանին մէջ տղամարդը կեանքը կը զոհէ փրկելու համար իր ընտանիքը: Հետագայ տեսարաններուն մէջ տղամարդիկ բացակայ են: Կիներն են, որ կը պահպանեն ընտանիքը եւ աւանդութիւնները: Այդ, ի հարկէ, կ’արտայայտէ բեմադրիչին աշխարհահայեացքը: Աւանդոյթը ներկայացուած է «Մանթը» ճաշով, որ իւրաքանչիւր սերունդ նուրբ, բայց նկատելի փոփոխութիւններով կը պատրաստէ: Մշակոյթը խտացնել ճաշատեսակի մը մէջ պարզաբանութիւն է: Բացի այդ, «Մանթը»-ն միայն վերջերս ստացած է ծիսական հանգամանք (5): Այս եւս կարելի է դասել որպէս ժամանակի սղութենէ պարտադրուած մեղք:

Պատկերաւոր լեզու.- Գասարճեան կ’ըսէ, թէ գծապատկերը կարելի կը դարձնէ խտացնել ժամանակը, դար մը պատմութիւն ներկայացնել մի քանի վարկեանի ընթացքին (6): Առ այդ, բեմադրիչը աղէտը ներկայացուցած է խորհրդանշական ձեւերով՝ հողմամրրիկ, հսկայ մութ թաթ, եւն.  … (7):

Հայերը ներկայացուած են որպէս մարդակերպ ոչխարներ, իսկ արաբներ՝ որպէս կովեր: Այդ կրնայ վրդովեցուցիչ ըլլալ, մանաւանդ անոնց համար, որոնք ծանօթ են հայաստանեան «ժարգոն»-ին (8): Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ այդ միջոց մըն էր յստակօրէն զանազանելու հայերը ոչ հայերէն: Ժապաւէնը անխօս է: Ոչխարը կ’առնչուի զոհի հետ, իսկ կովը՝ առատաձեռնութեան: Այդ ակնարկ է հիւրընկալ վերաբերմունքին: Հայ կիները կը զանազանուին իրենց մազերու յարդարումով եւ հագուկապով: Առաջին երեք սերունդները դրօշակի եռագոյնը կը կրեն, իսկ նոր սերունդը՝ կանաչ, որ նոր ծաղկող կեանքի գոյնն է: Գոյներու հիւսքը(texture) թելադրուած է իւղաներկ պաստառներէ:

Պէտք է յուսալ, որ շնորհալի երիտասարդ բեմադրիչը առիթը կ’ունենայ աւելի լայնամաշտապ գործեր արտադրելու:

Գ.- «Կրակմարիչ».- Ռոտրիկօ Քոսթալէս, 5վ. Սպանիա, լաւագոյն «Յոյս»  մրցանակ:

Յիսուս մանուկի նուիրուած մատուռի մը խնամատարը կրակմարիչ մը եւ կցուած պետական հրամանագիր մը կը ստանայ զայն հաստատելու մատուռին մէջ, որովհետեւ այդտեղ կան պատմական արժէք ներկայացնող իւղանկարներ եւ իրեր: Յոյժ հաւատացեալ կինը այդ Մանուկ Յիսուսի ուղղուած վիրաւորանք կը համարէ: Նախ կը փորձէ պահել կրակմարիչը: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է ոեւէ բան պահել Տիրոջմէ: Կը դիմէ Յիսուսին, որ մեր ականջներուն համար անլսելի թելադրանք մը կու տայ: Կինը կրակմարիչը դուրս կը հանէ եւ ընդդէմ հովին կը պարպէ: Փրփուրները կը ծածկեն զինք: Դատարկ սրուակը կը վերադարձնէ մատուռ եւ կը հեռանայ: Քիչ ետք հով մը կը բանայ պատուհանը եւ մոմակալ մը կը շրջի: Գորգը կը սկսի այրիլ, բոցը շուտով կը մեղմանայ եւ կը հանգչի: Յստակ չէ, թէ հրա՞շքը կը կատարուի իսկապէս, թէ՞ հաւատացեալ կնոջ երեւակայութեան մէջ: Ժապաւէնի յուզիչ է անգամ անաստուածներու համար, որովհետեւ բոլորը կարիք ունին հաւատքի եւ յոյսի, մանաւանդ ճգնաժամային այս օրերուն: Բեմադրիչը կարողացած է տալ ե՛ւ մատուռի խորհրդաւոր մթնոլորտը, ե՛ւ պարզամիտ կնոջ ծիծաղաշարժ վարքը:

Այժմ երկու գեղեցիկ եւ բովանդակալից ժապաւէնները չեն արժանացած «Ֆրեսքօ» մրցանակի: Թերեւս ստանային մրցանակներ, եթէ ունենային բարեզարդ աւարտ եւ յուսադրիչ ուղերձներ:

Դ.- Անգոյն Երազներ.-Այուպ Շախոպիտինով 75 վ., Ուզպեքիստան, 2019։

Երկար բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուած կին մը կը մերժուի իր հարազատներուն եւ գործատէրերու կողմէ: Բարձրագոյն կրթութիւն ստացած շնորհալի կինը կը պարտադրուի դառնալ հասարակ կարուհի: Սպաննած էր ամուսինը, որ արտասահմանի մէջ զինք եւ այլ կիներ վաճառէր որպէս սեռային գերիներ: Կ’իմանամ, որ այդ այժմ թէժ հարց է Ուզպեքիստանի մէջ: Դատի ընթացքին կինը հրաժարած էր ինքնապաշտպանութենէ, որովհետեւ Ուզպէք ընկերութեան մէջ սեռային գերի եղած ըլլալը աւելի անընդունելի հանգամանք է, քան ոճրագործութիւնը: Կինը հազիւ թէ կարենայ ունենալ տժգոյն երազներ (9): Աւարտական տեսարանին մէջ հայրը (իշխանութեան խորհրդանշակա՞ն) կ’իմանայ դառն իրականութիւնը եւ կ’անշարժանայ Քաշմիրի դրան առաջ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր վճիռը … Տխուր իրավիճակը կը ներկայացուի տպաւորիչ պատկերներով: Դալուկ եւ վառ գոյներու, լոյս ու մութի հակադրութեամբ:

Ե.- «Ցեց».-(BUG) Խոաքին Օրթիզ, 7,5 վ. Արժանթին,2018

Ապագայապաշտ գորշ մեքենա-քաղաքի մը միջատանման աշխատաւորները դատապարտուած են ապրելու առանձին խուցերու մէջ: Անոնցմէ մէկը, BUG, որ գաղտնաբար թուղթէ (օրիկամի) գեղեցիկ իրեր կը շինէ, յանկարծ կը նկատէ, որ փապուղիի օդանցքէն թիթեռնիկ մը ներս կը մտնէ (10): Պակ ի գին դաժան պատիժի կ’ազատագրէ թիթեռնիկը, որ կը միանայ գաղթող երամի մը: Ամպոտ երկինքը կ’երթայ դէպի մայրամուտ:  Գետնի վրայ կը տեսնուին նմանատիպ այլ Մեթրոփոլիսներ (11): Կառոյցէն ներս Պակ գրագիր միջատ մըն է մինչդեռ, երբ պահ մը կը յաջողի դուրս գալ, կը տեսնենք անոր բանուոր- մարդու կերպարը: Թիթեռնիկներ, որոնք թերեւս մեր անկարելի երազները կը խորհրդանշեն դիւրաբեկ եւ կարճակեաց էակներ, որ կը թփրտան առնագոյն խոժոռ երկնքին վրայ:

Մեթրոպոլիսը ներկայացուած է պաղ մոխրագոյն եւ կապոյտ գոյներով: Թիթեռնիկը ստացած է նոյն գոյնը թերեւս աննկատ մնալու համար թռչող հսկիչներէն (drone): Ցնցող է Պակի այլափոխումը երբ դուրս կու գայ դէպի բնութիւն: Բայց այդ պահը կարճատեւ է: Անտեսանելի ոյժ մը զինք կը քաշէ դէպի վար: Թերեւս պարզապէս անոր կը պակսի համարձակութիւնը, թերեւս շատ երկար ապրած է որպէս «Ցեց»  …

Հուսկ բանք.- Փառատօնը ունի բացայայտ կրօնական ուղղուածութիւն: Բացի այդ, անոր հիմնական ֆինանսաւորումը արտասահմանեան է: Ոչ բոլոր հովանաւորներու արտաքին կապակցութիւնները բացայայտելի են: Այս կրնայ բացատրել այն հանգամանքը որ յայտարուած նպատակներուն մէջ տեղ գտած է յոյժ մեկնաբանելի «տարածաշրջանային խաղաղութիւն եւ հաշտեցում» առաջադրանքը: Ինչպէս նախապէս անդրադարձած եմ, «Տարածաշջան» կը նշանակէ Հայաստանի սահմանակից երկիրներ ի բաց առեալ Իրանէ: Ինչեւիցէ:

Ժապաւէնները դիտած եմ շնորհիւ անդուլ ճիգերուս ուղղակի կապուելու համար բեմադրիչներուն հետ: Այս ուղղութեամբ կազմակերպիչներուն հասցէագրուած բազմաթիւ նամակները մնացած էին անպատասխան: Չեմ ուզեր խորանալ այս ցաւոտ հարցին մէջ(12): Փառատօնի կայքէջը ունէր թէքնիք հարց: Ժապաւէնները հասանելի չեն համացանցի վրայ: Համավարակի պայմաններու տակ այդ կը նշանակէ, որ սակաւաթիւ անձեր կարողացան դիտել: Հարկ է առնուազն ժամանակաւորապէս մեղմացնել հեղինակային իրաւունքներու պարտադրած սահմանափակումները:

Կը թուի, թէ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ն տեղատուութեան մէջ է: Ծրագրուած են բազմաթիւ թատերական եւ այլ միջոցառումներ, ոոնց շարքին է վաւերագրական ժապաւէններու «Ծիրանի Ծառ»-ը Ուջանի մէջ (սեպտ. 14-20): Ուսանելի պիտի ըլլայ հետեւիլ անոր ընթացքին:

Տաղանդաւոր գրագէտ Կապրէլ Կարսիա Մարքէզ վէպ մը ունի, որ կը կոչուի «Սէրը քոլերայի ժամանակին մէջ»: Թերեւս ժամանակն է այդ ուշադիր կարդալու:

7 Սեպտ. 2020

  1. Ձուկը առաջին քրիստոնեաներու գործածած նշանագիրն էր, որովհետեւ յունարէնով ԻԽԹՈՒՍ (ΙΧΘΥΣ – ձուկ) կրճատումն էր «Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ (եւ մեր) Փրկիչ» -ի
  2. «Փոքրիկ եղբայր եւ փոքրիկ քոյր», Կրիմմ Եղբայրներ, 1812։
  3. Կը յիշեմ, որ շատ տարիներ առաջ կը շրջանցէի բացայայտ քարոզչական բնոյթի հատուածները, մինչ կրկին ու կրկին կը կարդայի այլ հատուածներ։
  4. Ի զուր չէ, որ ժապաւէնը այլ փառատօներու մէջ ստացած է լաւագոյն նկարահանումի մրցանակ։
  5. Ծանօթ վարպետ խոհարար Սեդրակ Մամուլեան իր Դիմատետրի կայքին մէջ կը բացատրէ ,որ Մանթըն (Մանթու) հայկական չէ, որ ունի չինական ծագում: Կեդրոնական Ասիոյ ցեղերը այդ բերած են մինչեւ Պոլիս:
  6. Անհատական նամակակցութիւն։
  7. Եղեռնը եւ Սուրիոյ պատերազմը քաղաքական իմաստով շատ տարբեր են: Խոհրդանշական ձեւով նոյնացուած են որպէս բնազանցական չարիք: Այդ ի հարկէ վիճելի է:
  8. Նախատական «ա՛յ ոչխար» կամ «ա՛յ տաւար»։
  9. Բնախօսական առումով երազներու գոյները երկբայական են: Անձնական կարծիքս այն է, որ մենք երազները կը գունաւորենք միայն երբեմն, արթննալէ ետք միայն:
  • BUG խորքին մէջ հերոսի խուցի երկրաչափական համակարգն (coordinates) է.- (B,U,G) ինչպէս ( x,y,z)
  • Քաղաքի մեքենական կառոյցը որոշ չափով յիշել կու տայ Ֆրից Լանկի Մեթրոփոլիսը (1927), բայց այդ ժապաւէնը ունէր բոլորովին այլ ուղղուածութիւն:
  • Կը թուի, թէ կարելի չէ ակնկալել անշահախնդիր աջակցութիւն։

 

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Համակիրներուն մարզադաշտ Վերադարձը՝ 18 Սեպտեմբերէն Սկսեալ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն` Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ Շրջանային Ժողովի

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?