Հայաստանի զինուած ուժերու հրասայլի եւ հրաձգային ստորաբաժանումները Ռուսիոյ մէջ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պիելոռուսիոյ, Իրանի, Մեանմայի, Փաքիստանի եւ այլ երկիրներու հետ պիտի մասնակցին «Կովկաս-2020» միացեալ զօրավարժութիւններուն: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ պիտի չմասնակցի 21-26 սեպտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք զօրավարժութիւններուն: «Քորոնա»-ի պատճառով զօրավարժութիւններուն պիտի չմասնակցի նաեւ Հնդկաստանը:
Շուշան Ստեփանեան աւելցուց, որ հոկտեմբեր 2020-ին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան «Փոխգործակցութիւն-2020» եւ «Որոնում-2020» հրամանատարական կազմերու զօրավարժութիւնները:



