Ռուսիան նոր «Պաղ պատերազմ»-ի սկսելու վտանգի կը դիմէ, եթէ փորձէ իր սահմաններէն դուրս ուժի ցուցադրութիւն կատարել։ Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ։
Ան նշած է, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի ցուցաբերած կեցուածքը եւ «ազդեցութեան ընդլայնման փորձը կը պահանջեն ՕԹԱՆ-ի արձագանգը»։
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին խօսքերը հնչած են Հիւսիսատլանտեան դաշինքի նիստէն քանի մը օր ետք։ Նիստի ընթացքին քննարկուած էր ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի «թունաւորման» հարցը։
«Մենք չեն ուզեր նոր «Պաղ պատերազմ», մենք չենք ուզեր սպառազինութիւններու նոր արշաւ, սակայն նոյն ատեն մենք պէտք է համոզուինք, որ կը յարմարինք, որովհետեւ աշխարհը կը փոխուի», յայտարարած է Սթոլթենպերկ։
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշած է, որ Մոսկուայի «ազդեցութեան գօտին» ընդլայնելու նպատակով դրացի երկիրներու նկատմամբ յարձակողական գործողութիւնները ՕԹԱՆ-ի մտահոգութեան կեդրոնն են։
«Մենք ատիկա տեսանք Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Մոլտովային մէջ, եւ ատիկա կը պահանջէ ՕԹԱՆ-ի արձագանգը», ըսած է Սթոլթենպերը։
Ան նշած է նաեւ, որ Փութին պէտք է «շատ լուրջ հարցերու պատասխանէ» այն բանէն ետք, երբ բացայայտուած է, որ անոր քաղաքական հակառակորդ Ալեքսէյ Նաւալնին թունաւորած են։