Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Մինչեւ 15 Նոյեմբեր Պայմանաժամ Ունի Ստորագրելու «Պրեքզիթ»-ի Համաձայնագիրը», Կ՛ըսէ Ճոնսըն

September 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն՝ «Պրեքզիթ»-ի առեւտրական գործարքի շուրջ Բրիտանիան եւ Եւրոպական Միութիւնը համաձայնութեան կրնան գալ մինչեւ 15 հոկտեմբեր, այլապէս համաձայնագիրը պիտի չկնքուի եւ ատոր պիտի յաջորդէ կողմերուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու կոշտ դիպաշարը։ «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլի մեկնարկէն առաջ, Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի յայտարարութեան մէջ։

«Եթէ մինչ չկարողանանք համաձայնութիւն ձեռք բերել, ապա ես չեմ կարծեր, թէ մեր միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ըլլայ, եւ մենք պէտք է ընդունինք ատիկա եւ յառաջ շարժինք», նշած է Ճոնսըն։

Համաձայնագիրի բացակայութեան պարագային Եւրոպական Միութեան հետ Բրիտանիոյ առեւտրական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին 1 յունուար 2021 թուականէն՝ Եւրոպական Միութեան եւ Աւստրալիոյ միջեւ գործող համաձայնագիրի տեսակին համապատասխան։

Ճոնսըն ընդգծած է, որ Բրիտանիոյ կառավարութեան գերակայութիւնը սեփական օրէնքներու եւ կանոններու վերահսկումն է. «Մենք ազատ պիտի ըլլանք առեւտրական գործարքներ կնքելու աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ եւ իբրեւ արդիւնք պիտի բարգաւաճինք»։

Նոյն ատեն, Բրիտանիան չի հրաժարիր Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան քննարկումը շարունակելէ նաեւ բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք։

«Մենք պատրաստ պիտի ըլլանք գործնական հարցերու շուրջ ողջամիտ լուծումներ գտնելու,  ինչպիսքի են՝ թռիչքները, բեռնափոխադրումները կամ գիտական համագործակցութիւնը, եթէ Եւրոպական Միութիւնը փափաքի», յայտարարած է Ճոնսըն։

Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս եկաւ 31 յունուար 2020-ին։ Մինչեւ այս տարուան վերջը պիտի տեւէ անցումային շրջանը, որուն ընթացքին կողմերը կը փորձեն համաձայնութիւն գոյացնել իրենց ապագայ յարաբերութիւններու բնոյթին շուրջ։ Այդ ընթացքին երկրին նկատմամբ կը շարունակուին կիրարկուիլ Եւրոպական Միութեան կանոնները, սակայն Բրիտանիան չի մասնակցիր Միութեան որոշումներու կայացման հոլովոյթին, բայց եւ այնպէս կը շարունակէ ներդրումներ կատարել Եւրոպական Միութեան ընդհանուր պիւտճէին մէջ։

Նախորդը

«Ռուսիոյ Յարձակողական Կեցուածքը Կրնայ Նոր «Պաղ Պատերազմ» Պատճառել», Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Յաջորդը

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ՝ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Միջերկրականի Հարցին Մէջ Արդար Եւ Անկողմնակալ Ըլլալու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.