Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քուշների Ռիատ Այցելութեան Ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ծիրին Մէջ Մեծ Յառաջընթացք Արձանագրուեցաւ» Կը Գրէ «Եիսրայէլ Հայոմ»

Սեպտեմբեր 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Եիսրայէլ Հայոմ» («Իսրայէլը Այսօր», «Ա.») օրաթերթը իսրայէլեան-սէուտական դաշինքի եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ համաձայնութեան վերաբերեալ հաղորդեց, թէ «Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ բեկում իրագործելու ջանքերուն մէջ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող յառաջդիմութիւն» արձանագրուած է, սակայն Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը կը շարունակէ դէմ ըլլալ այդ քայլին, «ուստի կասկածելի է, եթէ այդ պատմական բեկումը մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ»:

Օրաթերթը կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Քուշների անցեալ շաբաթ Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան ընթացքին առաջարկուած է Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ եռակի քայլ մը, որ նման է Քոսովոյի նկատմամբ քայլին, «եւ այդ քայլը շատ զգայուն է ու անոր յաջողութիւնը չէ երաշխաւորուած»:

Թրամփ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Քոսովոյին միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը` վերջինիս իր մայրաքաղաքը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելուն դիմաց:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ իսրայէլեան-սէուտական համաձայնութեան շուրջ ծագած է տարակարծութիւն, թէ ատիկա ներկայ փուլին Իսրայէլի համար լաւ բան մըն է: Վարչակազմի կարգ մը պաշտօնատարներու կարծիքով` պէտք է օգտագործել «պատմական պահը» իսրայէլեան-էմիրաթական համաձայնագիրի հասնելու եւ դէպի իսրայէլեան-սէուտական համաձայնութիւն մղում կատարելու:

Միւս կողմէ, վարչակազմէն այլ պաշտօնատարներու կարծիքով` «սէուտցի ժողովուրդը պատրաստ չէ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան, որովհետեւ ի տարբերութիւն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, թագաւորութիւնը տակաւին աշխարհին փակ է, եւ այդտեղ հակաիսրայէլեան կարծիքներ կը տիրեն»:

Այդ պաշտօնատարներուն կարծիքով` ներկայիս Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնելը միայն ղեկավարութեան մակարդակի վրայ խաղաղութեան պիտի առաջնորդէ, ճիշդ ինչպէս Իսրայէլի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւններուն պարագային եղաւ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Սերպիոյ Նախագահը «Աշակերտ»-ի Մը Պէս Կը Նստեցնէ Ձուաձեւ Գրասենեակին Մէջ

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Հերքէ Յունաստանի Սահման Հրասայլեր Ուղարկելու Մասին Լուրերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?