Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Սերպիոյ Նախագահը «Աշակերտ»-ի Մը Պէս Կը Նստեցնէ Ձուաձեւ Գրասենեակին Մէջ

September 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուեցաւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի` Միացեալ Նահանգներու Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն լուսանկարներ:

Ընկերային ցանցերու օգտատէրերը մեկնաբանեցին այն ձեւը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր սերպ պաշտօնակիցը նստեցուցած է Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ: Լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ Թրամփ Վոչիչը «աշակերտ»-ի մը նման նստեցուցած է իր գրասեղանին առջեւ:

Թրամփի հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը կարդացած ատեն նշեց Իսրայէլի մէջ Սերպիոյ դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու մասին, իսկ Սերպիոյ նախագահը այնպէս վարուեցաւ, որ այդ հարցէն տեղեակ չէ, եւ իր թուղթերը աչքէ անցուց` այդպիսի կէտի մը գոյութիւնը ստուգելու համար:

Թրամփ ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Սերպիա եւ Քոսովօ Սպիտակ տան մէջ երկու օր տեւած բանակցութիւններէ ետք համաձայնութիւն գոյացուցին «տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացման» շուրջ` աւելցնելով. «Ասիկա իրապէս պատմական է»:

Սերպիոյ նախագահը յայտնեց, թէ փաստաթուղթը «կ՛ընդգրկէ ճանաչումի շուրջ կէտ մը: Կը կարծէինք, թէ այդ հարցը պէտք չէ տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ փաստաթուղթի մը մէջ ըլլայ, եւ չենք կրնար ատիկա ընդունիլ: Անկարելի է, որ ստորագրենք փաստաթուղթ մը, որ կը ճանչնայ Քոսովոն», աւելցնելով, որ այդ մէկը ըսած է «կարելի եղած բարձրագոյն ձայնով»:

Նշենք, որ փաստաթուղթը նաեւ կը ներառէ կէտ մը, թէ երկու կողմերը կը խոստանան Հըզպալլան նկատել ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը եւ ամբողջովին արգիլել իրենց երկիրներուն մէջ անոր կազմակերպչական ու ելեւմտական գործունէութիւնը:

Այլ կէտ մը կը նշէ. «Քոսովոն ու Իսրայէլը կը համաձայնին փոխադարձաբար զիրար ճանչնալ»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հիւսիսային Կիպրոսի Ուժերուն Հետ Միջերկրական Ծովուն Մէջ Ռազմափորձի Սկիզբը Յայտարարեց

Յաջորդը

«Քուշների Ռիատ Այցելութեան Ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ծիրին Մէջ Մեծ Յառաջընթացք Արձանագրուեցաւ» Կը Գրէ «Եիսրայէլ Հայոմ»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.