Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով թուիթըրեան իր էջին վրայ անդրադարձած է 31 օգոստոս 1993 թուականին` Արցախեան ազատամարտի ընթացքին, հայկական զօրքերու կողմէ Կուբաթլուի շրջանի (վարչական կեդրոնը` Որոտան) ազատագրման եւ յայտարարած. «Պիտի ազատագրուին Ազրպէյճանի բոլոր բռնագրաւուած տարածքները»:
«27 տարի առանց Կուբաթլուի», գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Պայրամով նաեւ նշած է.«Շրջանը Հայաստանի զինեալ ուժերու կողմէ բռնագրաւուած է 1993 թուականի 31 օգոստոսին եւ ազգայնօրէն մաքրուած ազրպէյճանցիներէն»:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը նշած է.«Կուբաթլուն եւ միւս բոլոր բռնագրաւուած տարածքները պիտի ազատագրուին, ազրպէյճանցիներն ալ պիտի վերադառնան իրենց տուները»: