Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Թռիչք, Նոր Վիճակ

Օգոստոս 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Արդէն եղաւ մօտաւորապէս վեց ամիս, որ չեմ ճամբորդած։ Իմ վերջին երեսուն տարիներու հեւքոտ կեանքիս համար ասիկա  իւրայատուկ է։ Այս վեց ամիսներուն ընթացքին, որոնց հիմնական տոկոսը անցաւ մեկուսացման վիճակի մէջ, կեանքի ընթացքը եւ գործունէութիւններու ոճը փոխուեցան։

Քուէյթ որդեգրած է հանգրուանային ձեւով երկիրը տակաւ առ տակաւ բանալու քաղաքականութիւն։ Հիմա արդէն մտանք չորրորդ փուլ, երբ նաեւ վերաբացուեցաւ օդակայանը։ Ասոր վրայ եկաւ աւելնալու Քուէյթի կառավարութեան մէկ յստակ եւ երեւի նոյնքան խիստ որոշումը՝ երեսուն երկիրներէ վերադարձողներու Քուէյթ մուտքը արգիլող։ Եւ այդ երեսուն երկիրներու շարքին է նաեւ Լիբանանը։

Ստիպուած էի գէթ Կիպրոս ճամբորդել, որպէսզի կարենամ որոշ գործեր հետապնդել, որովհետեւ ամէն ինչ առցանց կարելի չէր ընել։

Հինգշաբթի, 20 օգոստոսին մտայ Քուէյթի օդակայանը։ Եթէ օդակայանի կառոյցը նոյնն էր, բայց կային նաեւ բացակայ երեւոյթներ։ Իսկ բացակայողը՝ ճամբորդութեան աշխուժութիւնը եւ անոր ստեղծած հոգին։ Իրականութիւն մը, որ կը զգաս ու կը վայելես, երբ յաճախ կը ճամբորդես։ Օդակայանը դատարկ էր։ Առաջին անգամ ըլլալով կը մտնէի ներս երեսս ծածկուած։ Ամէն կողմ կային յատուկ ուղեցոյցեր, թէ ինչպէս ճամպրուկդ պիտի յանձնեց ու տակաւին անցագիրդ ստուգման ներկայացնես։ Իսկ սպասման սրահին բոլոր աթոռներու վրայ կարելի չէր նստիլ։ «Երկու մեթր հեռաւորութիւն ձգէ», դարձած է այսօրուան կարգախօսը։ Ո՞վ եւ ո՞րմէ պէտք է հեռաւորութիւն ձգել։ Մարդը մարդէ՞ն։

Սկսայ զգալ, բայց նաեւ ապրիլ, թէ նոր թռիչքի հասկացողութեան եւ կենցաղի մը մէջ մտած եմ եւ բոլորս՝ անխտիր։ Բայց այդ երեւի պիտի ըլլար միայն նախանշանը յաջորդական այլ նոր ապահովական նախաձեռնութիւններու։ Օդանաւին մէջ եթէ մէկ կողմէ ծածկած էի բերանս եւ քիթս, բայց նաեւ գլխուս վրայ կար պաստառի նման ապահովական այլ միջոցառում մը, որպէսզի ամբողջ դէմքդ եւ գլուխդ պահես դիմացինէն։ Իսկ դիմացինը։ Մարդն է, ծանօթ կամ ոչ, որ մօտդ նստած է եւ քեզի հետ է այս ճամբորդութեան ընթացքին։

Կար աւելին։ Բաժնուեցան յատուկ ձեռնոցներ եւ խնդրուեցաւ, որ նաեւ մեր ձեռքերը ծածկենք։ Եւ ձեռքերն ալ ծածկելով արդէն հագած եղայ համավարակի դէմ դնելու ամբողջական սպառազէնս՝ պատրաստ պատերազմի։

Այս մէկը երեսուն եւ աւելի երկար տարիներու թռիչքներէն շատ տարբեր էր։ Այս չէր իմ վարժուածս ու փորձառութիւնս։ Շնչառութեան նեղութիւն սկսայ ունենալ, ու տաքութիւն մը խուժեց  դէմքիս։ Սկսայ տատամսիլ, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ արդէն «Քորոնա» ժահրով վարակուեցայ։

Ունէի մէկ մխիթարութիւն։ Բարեբախտաբար թռիչքը շատ երկար չէ։ Սկսայ ինքզինքս քաջալերել, թէ ինչ լաւ է որ Ամերիկա կամ այլ հեռաւոր տեղ չեմ ճամբորդեր։

Լարնաքայի օդակայանը եթէ նոյնն էր, բայց նոյնքան փոխուած էին ստուգման միջոցառումները։ Պէտք էր սպասէինք երկար շարքի մը մէջ, որպէսզի ստուգեն, թէ ժահրէն զերծ յատուկ վկայագիր ունի՞ս, թէ՞ ոչ։ Ունէի, եւ այդ ալ՝ զերծ։ Բայց այդ մէկը երբեք չօգնեց։ «Տասնհինգ օր պէտք է մեկուսացնես ինքզինքդ», եղաւ ստուգող ոստիկանին վճիռը։

Կիպրոսի ոստիկանին ըսածը նորութիւն չէր ինծի համար։ Բայց չէ՞ որ արդէն ամիսներէ ի վեր մեկուսացման վիճակի մէջ էինք Քուէյթի մէջ։ Այս անգամ ալ պիտի փորձէի Կիպրոսի մեկուսացումը։

Հիմա՝ Կիպրոս տունը նստած՝ կ՚աշխատիմ, կը գրեմ եւ կը մտածեմ։ Նոր թռիչք։ Նոր վիճակ։ Եթէ այս պիտի ըլլայ մեր կեանքը եւ անոր ապրելու ոճը՝ կ՚ուզե՞նք, պիտի յարմարի՞նք։

Լիբանանի լուրերուն կը հետեւիմ։ Բայց նաեւ մնայուն կապի մէջ եմ բարեկամներուս հետ։ Եթէ աշխարհագրականօրէն արգիլեցին զիս վերադառնալու տուն, չեն կրնար միտքս, սիրտս ու հոգիիս կապուածութիւնը արգիլել։ Լիբանանի վիճակը դժուար է։ Քաղաքական անորոշութիւն եւ ընկերային ու տնտեսական ահաւոր դժբախտութիւն։ Եթէ մէկ կողմէ կը զարմանամ, բայց շատ աւելի կը բարկանամ, թէ մեր երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը չի զգաստանար եւ չ՛ուզեր անդրադառնալ ահաւոր աղէտէն դուրս գալու ելքեր որոնելու մասին։ Ու տակաւին անհամաձայնութիւնը վերածուած է կեանքի ոճի եւ ուղղութեան, երբ բոլորն ալ որոշած են չ համաձայնիլ։ Բայց հապա ժողովուրդը ու անոնց զրկանքները։ Հարազատներ կորսնցուցած իւրաքանչիւր ընտանիք։ Տուն, կալուած ու անտէր մնացած մարդիկ։

Լիբանանցի ծանօթ դերասան եւ արուեստագէտ Զիատ Ռահպանի հետաքրքրական եւ սրամիտ դիպուկ ակնարկ մը ըրած էր Դիմատետրի իր էջին վրայ. «Լիբանանցին շատ սուրճ կը խմէ։ Կ՚ակնկալուի իրմէ, որ շատ աւելի արթուն եւ զգաստ ըլլայ»։

Բայց ո՞ւր է արթնութիւնը եւ ո՞ւր է զգաստութիւնը։

Հալէպէն եկած լուրերը նոյնքան տխուր են։ Համավարակը տարածուած է քիչ մը ամէն տեղ։ Շատ են վարակուողները ու տակաւին մահերը։ Իւրաքանչիւր օր նոր տխուր լուր մը կը ստանանք Հալէպի հայ գաղութէն վարակուողներու եւ մահացածներուն մասին։ Եթէ անծանօթներ, բայց նաեւ լաւ բարեկամներ կան մահացողներուն շարքին։ Տխուր եմ եւ արցունքներս կը խեղդեմ։ Հալէպը շատ սիրելի է ինծի։ Ծնողացս ծննդավայրը եւ ինծի համար ալ նոյնքան հարազատ։ Բայց տակաւին որքան աղէտներ պիտի հարուածեն սփիւռքահայ ամուր ամրոցներէն «Երազային Հալէպը»։

Քուէյթի մէջ մաս կազմեցի  լիբանանահայ գաղութի օժանդակութեան յատուկ յանձնախումբին։ Տարբեր հայկական կառոյցներէ ներկայացուցիչներով հաւաքուեցանք նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ մասնակցութիւն բերելու լիբանանահայ գաղութին։ Քուէյթի հայկական գաղութը թիւով փոքր է, բայց հայութեան համար տրոփող սիրտ է։ Այս օրերուն աւելիով համոզուեցայ, թէ ինչքան հայկականութիւն կայ Քուէյթի գաղութին մէջ։ Ցերեկ եւ գիշեր միացուցին եւ ուզեցին ամէն գնով օգտակար ըլլալ Լիբանանի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Յանձնախումբին համար կարեւորը հայն էր եւ հայուն հասնիլն էր։ Այս եթէ մէկ կողմէ քաջալերական էր, բայց նաեւ յուսադրիչ։ Այո՛, այս դժուար օրերուն մէջ կան նոյնքան յուսադրիչ երեւոյթներ։

Հայաստանի պետականութիւնը իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը հասցուց ոչ միայն լիբանանահայութեան, բայց նաեւ Լիբանանին։ Այս ցոյց կու տայ երկու երկիրներու բարեկամական ամուր կապերը։ Ու տակաւին կ՚իմանանք, թէ յատուկ ծրագիր մը կը մշակուի հայրենի պետութեան կողմէ՝ օժանդակելու համար բոլոր լիբանանահայերուն, որոնք կ՚ուզեն Հայաստան տեղափոխուիլ։

Արցախի Հանրապետութիւնը նոյնպէս հասաւ լիբանանահայ համայնքի նիւթական եւ բարոյական օգնութեան։ Նախագահը յայտարարեց, թէ պատրաստ է օժանդակելու։

Սփիւռքը ամբողջ զօրաշարժի ենթարկուած է այս օրերուն՝ հասնելու համար լիբանանահայ համայնքին եւ անոր կարիքներուն։ Բայց նաեւ օժանդակելու, որպէսզի լիբանանահայ գաղութը վերակազմակերպուի։

Նոր թռիչք։ Նոր վիճակ։ Երեւի՝ այո՛։ Բայց կայ նաեւ նոր միտք եւ նոր հոգի։ Երեւի նոյնքան ճիշդ պիտի ըլլար ըսել վերանորոգուած միտք եւ հոգի։ Նոր թռիչքներու եւ նոր վիճակներու մէջէն հայկական նոր ու նորոգուած եւ վերանորոգուած միտք եւ հոգի մը մէջտեղ կու գայ։ Եւ այս է, որ յուսադրիչ է։ Միտք մը ու հոգի մը, ուր հայուն մտաւոր, հոգեկան եւ ֆիզիքական կարողականութիւնները կը մէկտեղուին ու կը համախմբուին, որպէսզի հայը շարունակէ ապրիլ։

Հայաստան, Արցախ, Լիբանան, Սուրիա եւ հայութիւնը ամէն տեղ։ Այս յուսադրիչ երեւոյթը պէտք է վերածել ազգային նոր եւ նորոգուած ու վերանորոգուած ռազմավարութեան մը։

Նոր թռիչք՝ նոր վիճակ։ Նոր, նորգուած եւ վերանորոգուած միտք եւ հոգի։

Անպայմանօրէն հայուն նոր-նորգուող-վերանորոգուած միտքը եւ հոգին։

 

 

Նախորդը

Մի Քանի Դիտարկում Իրան-ԱՄՆ Դիւանագիտական Դիմակայութեան Մասին

Յաջորդը

Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Եւ Ազգային Գործիչ Հայկազուն Թրթռեան Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?