ԱՇՈՏ ՎԱՒԵԱՆ
Անկեալ դնիմ դի անկենդան, կարկեալ ի խաւսից,
կաշկանդեալ ձեռաւք, լքեալ անդամաւք,
խփեալ շրթամբք, կափուցեալ աչաւք…
արտասուելի նմանութիւն, լռեցեալ լեզու:
(ՆԱՐԵԿ, Բան ՀԳ)
Յայտնի եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի գործունէութեան տարիները եղել են Գարեգին կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանում: Նա վարել է զանազան պատասխանատու պաշտօններ, եղել է Հայաստանում Քրիստոնէութեան ըանդունման 1700-ամեակի գրասենեակի վարիչ-քարտուղար: Իր բովանդակ կեանքն անց է կացրել Վեհափառի հետ սերտ յարաբերութիւնների պայմաններում եւ լաւագոյնս ճանաչել է նրան: Օգոստոսի 27-ը Գարեգին Բ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ապա` Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է, այսօր նա կարող էր դառնալ 88 տարեկան: Այս առիթով եւ Վեհափառի կենդանի նկարագիրը ձեւաւորելու ակնկալիքով ներկայացնենք Մեսրոպ սրբազանի յօդուածը գրուած 1999 թուականին:
***
Նստած եմ Վեհափառի սնարին մօտ ու Նարեկ կը քաղեմ: Վերջին օրերուն այդպէս էր, իր սենեակԷն դուրս եւ ներս միշտ աղօթք կար, Աւետարանի ընթերցում: Նարեկը… նաւահանգիստ, խաղաղութեան բոյն, աղօթքի շտեմարան:
Կը կարդամ, կ’աղօթեմ եւ կ’անդրադառնամ, թէ ինչքան մեծ էր Նարեկայ Սուրբը, ինչքան խորունկ էր անոր թափանցելու կարողութիւնը մարդկային կացութեան մէջ: Եւ թէ ինչպէս ան կը յաջողէր ամենասրատես աչքով տեսնել մարդու ցաւը, տառապանքը, բողոքը, ընդվզումը, կարեկցանքը, դառնութիւնը, յոյսը եւ այդ բոլորը վերածել բառերու, նախադասութիւներու, հրաշալի արտայայտութիւններու: Կը կարդամ այս տողերը, հոգեվարքի պահուն կարդացուելիք այս աղօթքը, ու կը մտածեմ, որ եթէ Գարեգին Կաթողիկոսը իր ամբողջ պերճախօսութեամբ, իր ձայնի ամենահմայիչ շեշտերովը փորձեր ինքզինք արտայայտել, հազիւ թէ յաջողէր հասնիլ Նարեկացիի տագնապին: Երբ ինքզինքին կը նայէր, կը դիտէր եւ կ’ըսէր. «հորժամ իբրեւ անկենդան դի ինկած եմ այստեղ, կարկուած խօսքից, կաշկանդուած ձեռքերով, լքուած անդամներով, փակուած շրթերով ու աչքերով, արտասուելի նմանութիւն, լռած լեզու»…
Լռած լեզու էր Վեհափառը, խփուած շրթներ, վերջին օրերուն ալ կափուցեալ աչք, եւ նոյնիսկ կաշկանդեալ ձեռք: Ինչո՞ւ տառապանքներուն ամենէն խորունկը, անհասկանալին վիճակուեցաւ այս սքանչելի մարդուն, որ Կիլիկիոյ եւ այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն էր: Մէկը, որ քառասուն տարիներ բեմերէն, խորաններէն հմայեց մարդիկը իր պերճախօս լեզուով, ոսկեբերան արտայայտութիւներով, դէմքի եւ աչքի սքանչելի ճկունութեամբ: Ընդվզեցուցիչ է. հիմա ալ կ’ըսեն, որ վերջին ամիսներուն, երբ քաղցկեղը կը հիւծէր զինք ու լափեց իր լեզուն, կաշկանդեց իր մտքի եւ սրտի, հոգիի ալ թռիչքը, ան երբեք չբողոքեց, մէկ անգամ դառնութիւն չհոսեցաւ իր աչքերեն, մէկ անգամ իսկ չընդվզեցաւ իր ճակատագրին դէմ, մէկ անգամ չբողոքեց, թէ Աստուած ինչո՞ւ ըրաւ իրեն այս:
Միշտ ինքնազուսպ, միշտ հաւասարակշիռ մարդ էր, եւ ոչ մէկ հառաչանք, ոչ մէկ ափսոսանք լսուեցաւ իրմէ: Յունական ողբերգութեան մը հերոսն էր կարծէք, մէկը, որ վիրաւորուեցաւ իր ամենահզօր կարողութեան մէջ, իր ամենէն խորունկ էութեան մէջ, այն, որուն թերեւս այնքան կարեւորութիւն կու տար, այն, ինչը որ ուժ, հնարաւորութիւն տուաւ իրեն տասնամեակներ շարունակ ամբոխներու հետ խօսելու, զրուցելու եւ հմայելու զանոնք: Եւ արդարեւ, Վեհափառի լեզուն, իր շրթները յաւէտ լռած էին շատ աւելի առաջ, քան երբ ինք յաւէտ լռեց այս աշխարհին եւ հեռացաւ միանալու իր հայրերու Աստծուն:
Գարեգին Վեհափառը 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կեանքի ամենէն շքեղ եւ փայլուն անձնաւորութիւններեն մէկն էր, իմաստուն, խոհեմ, զգաստ, հեռատես, դիւանագէտ անձնաւորութիւն ըլլալէ եւ մնալէ յետոյ` հմուտ աստուածաբան, հոգեւորական, Եկեղեցական մեծ գործիչ, հաւատաւոր էքումենիստ, ուսուցիչ, գեղեցիկ ճառախօս, գրասէր եւ գրագէտ Հայրապետ, բանասէր գիտնական, առաջնորդ, հայ լեզուի ոսկերիչ: Իր այս բոլոր շնորհներով իրեն համար Հայ Եկեղեցին փոքր էր: Ատոր համար ինք դարձաւ ճառագայթուն անձնաւորութիւն մը համաշխարհային մակարդակի մը վրայ եւ դարձաւ աշխարհի մէջ ամենէն շատ ճանչցուած հայերեն մին: Ռահուիրայ եղաւ տարբեր-տարբեր ճակատներու վրայ, որովհետեւ ինք ուր որ եղաւ, ինչ որ ըրաւ, ինչ որ իրագործեց` իրագործեց ամենեն փայլուն եւ գեղեցիկ կերպով: Ինք փայլուն աշակերտ էր եղած Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Դարձաւ Դպրեվանքի տեսուչ, դարձաւ հմայիչ վարդապետ: Գնաց Օքսֆորտ, ուր եւ երկուսուկէս տարի ուսանեցաւ եւ այնտեղ բոլորին համար դարձաւ Արեւելքեն եկած գեղեցիկ եւ իմաստուն վարդապետը: Վերադարձաւ Անթիլիաս ու դարձաւ Զարեհ Առաջին Կաթողիկոսի մօտիկ գործակիցներէն մին, եղաւ տեսուչ դպրեվանքի, դասախօս` Ամերիկեան Համալսարանի եւ ըստ ամենայնի արժեւորեց ինքզինքը: Եղաւ Լիբանանի բեմերուն զարդը, քարոզիչը, ուսուցիչը, դաստիարակը:
Վեհափառը կազմաւորուած էր յատկապէս Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի եւ Շահան Պերպերեանի շունչով: Կարծեմ որ այս երկու անձնաւորութիւններն էին, որ ամենեն խորը կերպով տպաւորած էին զինք եւ կազմաւորած իր անհատականութիւնը: ժամանակակից հոգեւորականութենէն իրեն համար օրինակներ եղած էին Երուսաղէմի Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքը եւ, յատկապէս Զարեհ Վեհափառը: Այս տիպարներու շունչին տակ կազմաւորուած անձնաւորութիւնը, Օքսֆորտի մէջ մշակուած միտքը, Քեսապի` իր ծննդավայրի աւանդութեամբ յագեցած իր հոգին զինք դարձուցին իւրայատուկ անձնաւորութիւն, եւ միշտ մեսիական ակնկալութիւններ կապուեցան իրեն:
Ամէն մարդ զինք կը դիտէր բարձրագոյն աստիճանին վրայ, եւ ատոր համար, ուր որ գնաց, ինչ պաշտօնի ալ կոչուեցաւ, այդ եղաւ ամենէն բարձր մակարդակի վրայ: Այնպիսի ակնկալութիւններ կը կապուէին իր անձնաւորութեան, որ երբ տեղ մը կ’երթար, առաջնորդ ըլլար, տեսուչ ըլլար կամ ուրիշ պաշտօնի մէջ կամ նոյնիսկ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, միշտ ու միշտ ինք բարձունքի վրայ էր, եւ ատկէ յետոյ հնարաւոր միայն մէկ ճամբայ կար (քանի աւելի բարձր գագաթներ նուաճելը անհնար կ’ըլլար)` այն վայրէջք պիտի ըլլար կամ յուսախափութիւն կամ ակնկալութեանց մէջ քիչ մը զարգացում եւ պատրանաթափութիւն: Այսպէս եղաւ իր պարագային ամէն տեղ, եւ ատիկայ եղաւ իր դժբախտութիւնը, որովհետեւ միշտ չէ, որ կը յաջողին անոնք, որոնք բարձունքներեն կը ճախրեն միայն, երբեմն մրջիւնի քայլերով առաջացողն ալ կրնայ տեղ հասնիլ:
1977 թուականի մայիսի 22-ին անիկայ ընտրուեցաւ Աթոռակից Կաթողիկոս Խորէն Կաթողիկոսի հետ միասին վարելու համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընթացիկ գործերը: Անհաւատալի օր մըն էր այդ. ի՜նչ խանդավառութիւն էր, ի՜նչ ուրախութիւն էր, լաւ կը կը յիշեմ, ինք դասախօսն էր Դպրեվանքի 50-ամեայ տարեդարձին առիթով եւ երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահի բեմը բարձրացաւ, կէս ժամ անընդհատ ծափահարութիւն եղաւ: Ժողովուրդն այդ առաւօտ զինք կ’ընտրէր արդէն, թէեւ նոյն երեկոյ Անթիլիասին մէջ տեղի պիտի ունենար Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Օծուեցաւ 29-ը մայիսին եւ տասնութ տարի հմուտ եւ ձեռներէց կերպով վարեց Կիլիկիոյ Աթոռի ճակատագիրը` 1977-83 իբրեւ Աթոռակից Կաթողիկոս եւ 1983-ի փետրուարի 9-են յետոյ իբրեւ լիիրաւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Դժբախտ օրեր շատ ունեցաւ. Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմը տակաւին չէր վերջացած ու շարունակուեցաւ մինչեւ 80-ական թուականներու կէսերը, բայց այս ամբողջ տարիներու ընթացքին Գարեգին Վեհափառը մնաց պատնէշի վրայ, եղաւ քաջարի Հւսյրապետ, կորովի Կաթողիկոս: Իսկապէս հայր էր ժողովուրդին, եւ հասաւ բոլորին, հասաւ կազմակերպութեանց, միութիւններում մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութեանց օժանդակեց, որպէսզի անոնք կարենան իրենց գործը կատարել առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ: Խօսեցաւ, գրեց, այցելեց եւ ամրօրէն կառչեցաւ Լիբանանին, Լիբանանի անկախութեան, Լիբանանի ամբողջականութեան:
Օրեր եղան, երբ ստիպուած էր նկուղներուն մէջ մնալ, վերահաս ռումբերեն ազատուելու համար, եւ մի քանի անգամ իր կեանքը նախախնամութեան շնորհիւ միայն փրկուեցաւ, որովհետեւ ռումբեր էին, որ կ՛իյնային Անթիլիասին վրայ, կը դպնային Զարեհեան դամբարանին, կը դպնային ուրիշ շէնքերու, կը կոտրտէին պատուհաններ, բայց հրաշքով տպարանին նկուղին ծուարած միաբաններն իրենց Վեհափառին հետ ապրեցան եւ ֆիզիքապէս անվնաս անցուցին այդ դժխեմ տարիները` կոտրուած սրտով, բեկուած տրամադրութեամբ, բայց անսասան հաւատքով, եւ երբ 1988-ի երկրաշարժը եղաւ Հայաստանի մէջ, նոյն այդ ընկճուած ժողովուրդն առաջիններեն եղաւ, որ Գարեգին Վեհափառին հետ միասին հասաւ Հայաստանին օգնութեան: Անոնք նոյնպէս օգնութեան հասան, երբ Արցախեան գոյամարտի պատճառով տեղի կ’ունենար պայքար, արիւն կը հոսէր, կեանքե-կեանք կ’երթային հայոց զինուորները, բայց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կանգնեցաւ իր եղբօր` Վազգէն Վեհափառի կողքին` ամենէն դժուարին օրերուն իսկ երկրաշարժէն, ընկերային յեղափոխութենէն մինչեւ անկախութեան պայքար: Այս տարիներուն է, արդէն որ առաւելագոյն մտերմութիւն մը ստեդծուեցաւ Վազգէն եւ Գարեգին Հայրապետներուն միջեւ:
Երկու Հայրապետներուն բարեկամութիւնը կը սկսէր շատ աւելի առաջ անշուշտ: Անոնք առաջին անգամ հանդիպած էին` մէկը արդէն Հայոց Կաթողիկոս, միւսը` վարդապետ, 1956-ին, Անթիլիասին մէջ: Յաջորդ տարիներուն, հակառակ Անթիլիաս-էջմիածին տարակարծութեանց, վէճերուն, անհասկացողութեանց, Վազգէն Հայրապետը յատուկ սէր մը կը շարունակէր տածել այդ երիտասարդ վարդապետին հանդէպ: Տեսաւ անոր գործը 1963-ին Երուսաղէմին մէջ, երբ Խորէն Կաթողիկոսի հետ հաշտութիւն կը կնքուէր, տեսաւ 65 թուականին Ատիս-ապեպային մէջ, աւելի ուշ տեսաւ 1967-ին Էջմիածնի մէջ, երբ առիթ տուաւ, որ արդէն Գարեգին եպիսկոպոսը քարոզէ Մայր Տաճարին մէջ: Երբ դուրս եկան Վեհարան, Վազգէն Առաջինը այնտեղ պանակէ մը նուիրեց Գարեգին եպիսկոպոսին եւ ըսաւ. «եկեղեցիին մէջ ուզեցի համբուրել քեզ, բայց անյարմար զգացի, եկուր, այստեղ ճակատդ համբուրեմ»: Ահա այսքան տպաւորուած Էր Գարեգին եպիսկոպոսի քարոզով, որը տրուած Էր Գրիգոր Լուսաւորչի «Մուտն ի Վիրապ»-ի կիրակի օրը: Նոյն այս բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ յաջորդ տարիներուն եւ 1977 թուին, երբ աթոռակից պիտի ընտրուէր Գարեգին Սրբազանը, Մայր Աթոռ Աուրբ Էջմիածնին տրուած երաշխիքներու վրայ Վազգէն Առաջինը Անթիլիաս ուղարկեց Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանը, որպէսզի մասնակցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ընտրութեանը: Եւ այն, ինչ որ խոստացուած էր 77-ին, իրագործուեցաւ յաջորդ տարիներուն Անթիլիասի Ազգային Ընդհանուր ժողովին կողմէ, երբ Էջմիածնի համար ընդունելի բանաձեւումներ կամ փոփոխութիւններ եղան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնադրութեան մէջ:
Յետագային հարցերը շարունակեցին մնալ հարցեր, վէճերը` վէճեր, բայց այս բոլորէն վեր կար անձնական սէրը, բարեկամութիւնը, մտերմութիւնը, որ իր առաջին յուզիչ արտայայտութիւնը ունեցաւ 1988-ի դեկտեմբերի 11-ին, երբ Գարեգին Կաթողիկոս փութաց եւ Էջմիածին եկաւ երբ երկրաշարժեն միայն երեք-չորս օր անցած Էր, որպէսզի Վազգէն Վեհափառի կողքին ըլլար, եւ այդ օրը խորհրդանշական շարժումով մը Մայր Աթոռին նուիրեց իր կրծքի ոսկեայ արծիւը, որպէսզի ատով հոգացուին տառապեալ ընտանիքի մը կարիքները: Ատկէ յետոյ, 1989 թուականին, կը յիշեմ, թէ ինչպէս Գարեգին Բ-ն որպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Արտակարգ օրեր Էին. Վազգէն Վեհափառը միասին Էր իր երիտասարդ եղբօր հետ, անոնք շրջեցան Հայաստանով մէկ. Նորավանք, Տաթեւ, Շաքիի ջրվէժ, Սիսիան, Գորիս, ամբողջ այդ շրջանին մէջ երկու Հայրապետները այցելեցին եւ իրենց ներկայութեամբ երջանկութիւն, ուրախութիւն բերին երկրաշարժէն ընկճուած, արցախեան շարժումէն խանդավառուած եւ հոգիով զօրեղ ժողովրդին:
Անցաւ մէկ-երկու տարի, Հայաստանը անկախացաւ, դժուարութիւններ եղան` ընկերային, զինուորական վտանգներ ստեղծուեցան, Գարեգին Կաթողիկոսը Լիբանանին մէջ իր շուրջը հաւաքեց աւանդական երեք կուսակցութիւնները եւ խնդրեց, աղաչեց, պահանջեց, որպէսզի Սփիւռքի կուսակցութիւնները զօրաւիգ կանգնին Հայաստանի Հանրապետութեանը, որպէսզի այդ օրերուն մտահոգութիւն պատճառող անխոհեմ շարժումները չվնասեն Հայաստանի իսկ գոյութեանը: Հայաստանի անկախ իրադրութեան մէջ նոյնպէս շարունակուեցաւ երկու Վեհափառներուն բարեկամութիւնը մինչեւ 1994: Կը յիշեմ Վազգէն Վեհափառը միշտ կարօտով կ’արտայայտուէր Գարեգին Կաթողիկոսի մասին, եւ 1990-ի աշնան անգամ մը, երբ Ամերիկայէն հեռաձայնով կը խօսէինք, ինձի պատմեց, թէ ինչպէս Երեւանի պետական համալսարան գացած էր եւ, առաջին անգամը ըլլալով, համալսարանի ուսանողութեանը խօսած էր Հայ Եկեղեցուոյ առաքելութեան մասին, ուրախ էր, եւ ինծի ըսաւ. «չեմ գիտէր, ինչպէս եղաւ, բայց յանկարծ մտածեցի, որ կողքիս պէտք էր ըլլար Գարեգին Կաթողիկոսը: Վստահ էի, որ ան ալ շատ աղուոր պիտի խօսէր երիտասարդութեան հետ»:
Գարեգին Վեհափառը պատրաստ եղաւ կերպով մը հրաժարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր տասնութ տարուայ հայրապետութենեն եւ գալ Ս. Էջմիածին: Ոմանք կրնան ամբաստանել եւ մեղադրել զինք, որ իր շարժումներուն մէջ փառասիրութեան հետքեր կային, ոմանք կրնան ըսել, որ վեղարի խաչի մը համար եկաւ, բայց ես կը հաւատամ գործին, ես կը հաւատամ այն ճշմարտութեան, որ Գարեգին Կաթողիկոս պատմութեան համար կ’ապրէր, երբեմն պատմութեան համար կը շնչէր եւ ինչ որ կ’ընէր, պատմութեան յղացքովը կ’ընէր: Գիտէր, որ ինք պատմութեան համար մեծ դեր պիտի կատարէր, եթէ պատահէր, որ այդ քայլը առնէր, եւ իբրեւ Կիլիկիոյ արծիւ, թռիչք առնէր եւ սաւառնէր Հայոց պատմական հողերու վրայեն` գալ հանգչելու համար Լուսաւորչի գահին վրայ:
Կիլիկիոյ ժողովուրդը դառնացաւ, որ իր Հայրապետը բառին իսկական առումով զինք լքեց, անոնք չընդունեցին, որ իրենց սիրելի Կաթողիկոսը, այն, զօր կը պաշտէին, պիտի «լքեր» զիրենք, իրենց տունը եւ երթար այսպէս ըսած, «հայրութիւն» ընէր ուրիշ խումբի մը. անշուշտ սխալ էր այդ մօտեցումը, սակայն մարդկային հասկացողութիւն էր: Հայաստանի մէջ ալ Վեհափառը նոյնպէս պէտք եղածին պէս չգնհատուեցաւ, անախորժ կացութիւններ ստեղծուեցան, չեմ կրնար ըսել, որ ոմանք դիտումնաւոր կերպով դժուարութիւններ ստեղծեցին, բայց եղան, դժուարութիւններն աւելի բազմացան եւ իր գործը չդիւրացուցին: Բայց ան թեմեր հիմնեց, այցելեց շատ թեմեր, լայնօրէն բացաւ Հոգեւոր ճեմարանի դռները, կառուցեց Հոգեւոր ճեմարանի հանրակացարանի նոր շէնքը, ձեռնարկեցաւ կառուցումը Երեւանի Մայր Տաճարին, բացաւ Օշականի Սուրբ Մեսրոպ դպրատունը, կատարեց բազմաթիւ եկեղեցիներու օծումը եւ ասոնց կարգին ունեցաւ նաեւ հրատարակչական բազմաբեղուն գործունէութիւն: Առանց երախտագիտութեան ակնկալութեան շատ գործեր ալ ըրաւ…:
Սակայն ան իր արժանիքին շքեղութեամբ ո՛չ լիիրաւ ապրեցաւ, ո՛չ ալ գնահատուեցաւ: Որովհետեւ զինք կը ճանչնայի շուրջ քառասունհինգ տարիներէ ի վեր, իր շունչին տակ մեծցած էի, իր հմայքներու մէջ յափշտակուած աճած էի, գիտէի, թէ ինչ կրնար տալ ինք հայ ազգին, մեր պետութեանը, այս տարածաշրջանին, եթէ կարենար ինքզինք ըլլալ եւ քիչ մըն ալ կեանք ունենար: Չորս տարի ապրեցաւ իբրեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ, չորս տարուան երեքը հազիւ կրցաւ աշխատիլ, վերջին մէկ տարին լման հիւանդութեամբ անցուց, ուրիշ կէս տարին Սփիւռքին մէջ` այցելելով թեմերը եւ կազմակերպելով զանոնք եւ կապելով զիրենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, այնպէս որ իսկապէս ժամանակ չունեցաւ եւ չկրցաւ ըլլալ այն, ինչ որ կուզեր որ ըլլար: Փշրուած նշխար մըն էր ինք, կիսուած նշխար մը լաւագոյն պարագային, որուն կէսը միայն բաշխուեցաւ, իսկ միւս կէսը իբրեւ ցաւ, իբրեւ անլուռ տառապանք, իբրեւ անխօս բերան իջաւ գերեզման:
Կ’ուզեմ վրձնի արագ հարուածներով ներկայացնել այն, ինչ որ ինք ինձի համար էր իբրեւ մարդ, հոգեւորական, էքումենիստ, ճառախօս, ուսուցիչ գրագէտ, գրասէր, բանասէր, առաջնորդ եւ հայ լեզուի ոսկէ գրիչ, ոսկեգործ:
Մարդը իր մէջ զուարթ էր, աշխոյժ, սրամիտ: Մակերեսային անմիջականութիւն մը ունէր, որ սակայն, որոշ տեղ մը կանգ կ’առնէր եւ ինք թոյլ չէր տար, որ մարդիկ կարենան ճանչնալ զինք իր էութեան մէջ: Միշտ խորհուրդ մը կը պահէր իր անձին շուրջ: Երեխաներու հետ մտերիմ էր, զուարթ, աշխոյժ: Ընկերային շրջանակի մէջ միշտ կ’աշխատէր ըլլար խօսակցութիւն ղեկավարողը, առանց որ երբեք ըլլար անձնակեդրոն մարդ: Հոգեւորականը իր մէջ կը ներկայանար իբրեւ անկեղծ հաւատաւոր քրիստոնեայ իր խոր էութեան մէջ: Ան եղաւ Աւետարանին գեղեցիկ քարոզիչը, իրենն էր այն, ինչ որ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքը կ’ըսէր եւ կը բանաձեւէր հետեւեալ կերպով. «կոչումի գիտակցութիւնն է, որ կը կատարելագործէ մարդը» : Այդ կոչումի գիտակցութիւնն է որ զինք տարաւ միշտ դէպի կատարելութիւն, դէպի ոգեկանութիւն եւ ինք հւսջողեցաւ մարդիկը Աստծոյ բերել, ամենեն գեղեցիկ ճամփաներէն առաջնորդելով զիրենք. ամենէն զուլալ աղբիւրներեն անոնց խմցնելով Աւետարանի կենդանի ջուրը: Իբրեւ հոգեւորական եւ ազգային գործիչ, եղաւ նախաձեռնող, ազգասէր Հայրապետ: Ինքը ազգին համար պատրաստ էր շատ մեծ զոհողութիւններով միայն թէ այնպէս չըլլար, որ իր հաւատքը, իր հոգեւորականի գիտակցութիւնը եւ արժանապատուութիւնը զոհուէր: Ամէն տեղ, ուր եղաւ, Լիբանանին մէջ, Պարսկաստան, Ամերիկա, թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհրդի շրջանակին մէջ, միշտ ու միշտ գործեց Հայ Եկեղեցուոյ համար: Հայ դատի ջերմ ախոյաններեն եղաւ. Եղեռնի 50-ամյւսկեն մինչեւ 70-ամեակ, Լիբանանեն մինչեւ Ամերիկա, ԵՀԽ-ի բեմերեն, օտար երկիրներու մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն, օտար պետերու, նախագւսհներու, թագաւորներու, վարչապետներու, եկեղեցական ղեկավարներու հետ իր հանդիպումներու ընթացքին միշտ ու միշտ պայքարեցաւ Հայ Դատի յաջողութեան համար: Ուղղակի եւ անուղղակի կերպով նպաստեց եւ օժանդակեց հայկական բոլոր կազմակերպութեանց, որպէսզի տարբեր-տարբեր ատեաններու մէջ ալ անոնք հետապնդեն Հայ Դատը:
Գարեգին Վեհափառը եղաւ մեծ աստուածաբան: Մեր վերջին յիսուն տարիներու ընացքին մատի վրայ համրուող աստուածաբաններեն եղաւ թերեւս ամենեն ժողովրդականը: Այն, որ կրցաւ Շնորհալիին նման, ամենեն խորունկ եւ բարդ ճշմարտութիւնները արտայայտել պարզագոյն եւ գեղեցկագոյն ձեւով: Անշուշտ ունէինք եւ ունինք աստուածաբաններ, որոնք սակայն չոր են կամ ձեւով մը իրենց բիւրեղեայ դղեակին մէջ են պարփակուած: Բայց Գարեգին Կաթողիկոսը երբ կը խօսէր Հայ Եկեղեցուոյ մասին եւ կը քարոզէր Հայ Եկեղեցուոյ ճշմարտութեանց մասին, կը բացատրէր Հայ Եկեղեցուոյ աստուածաբանութիւնը` Աստուածածնի անձը, Քրիստոսի անձը, Աստծոյ բնութիւնը, այս բոլորի մէջ պարզութիւն մը կը դնէր եւ մատչելիութիւն մը կ’ուտար, որով պարզ ընթերցողը կամ համեստ անձնաւորութիւն մը կարենար լսել եւ հասկնալ զինք: Որպէս աստուածաբան իր ամենեն մեծ գործերեն մէկը եղաւ այն աւարտաճառը, որ գրեց «Հայ Եկեղեցուոյ աստուածաբանութիւնը ըստ հայ շարականներու» նիւթին շուրջ, որը դժբախտաբար անտիպ կը մնայ: Անգլերենով ունեցաւ կարեւոր հրատարակութիւններ, որոնցմէ մին` «Հայոց Եկեղեցին եւ Քաղկեդոնի ժողովը», դարձաւ դասագիրք եւ է ու կը մնայ վերջին հարիւրամեակի հայկական աստուածաբանական ամենեն արժէքաւոր գործերեն մին: Իբրեւ էքումենիստ` Եկեղեցիներու միութեան հաւատացող անձ, ինքը եղաւ ռահուիրայ մը: ճիշտ է, էքումենիզմը իրմէ առաջ սկսած էր Հայ Եկեղեցուոյ մէջ, բայց ինք երբ 1955-ին առաջին անգամ հանդիպեցաւ Անթիլիասի մէջ ԵՀԽ-ի ներկայացուցիչ Էակովոս արքեպիսկոպոսին եւ ընդունեցաւ կրթաթոշակ, որպէսզի երթայ եւ ուսանի, Անգլիայի ուսանողութեան երկուսուկէս տարիներէ յետոյ, իր Անթիլիաս վերադարձին, իսկապէս հաւատացող մը դարձաւ Եկեղեցիներու միութեան եւ գործեց, եւ ըստ այնմ ալ աշխատեցաւ, գրեց, քարոզեց միշտ ու միշտ:
Իբրեւ էքումենիստ, անիկայ նաեւ աշխատեցաւ կազմակերպելու 1965-ի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու համաժողովը Ատիս-ապեպայի մէջ, ուր արեւելեան հոգեւոր պետեր, առաջին անգամ ըլլալով, հանդիպում ունեցան Ատիս-ապեպայի մէջ` հովանաւորութեամբ այն ատենուայ Եթովպիոյ կայսր Հայլէ Սելասիէին: Ինք եղաւ այդ շարժման մեծերէն մին, դարձաւ փոխատենապետը եւ վարիչներեն մէկը նաեւ The Theological Education Fund-ին: Մեր մէջ ոմանք կը կարծէին, որ էքիւմենիզմը առիթ է, որ Հայ Եկեղեցին ճանչցուի օտարներուն կ’ողմէ: Մեր մէջ ոմանք կը կարծէին, որ Աթոռներու պայքարի բերումով պէտք է որ երկու Աթոռները ներկայ ըլլային, ոմանք կը կարծէին, բայց ինք աւելի անդին կ’անցնէր, եւ Շնորհալիի նման, այդ հոգին է, որ կ’արտայայտէր եւ կուզեր, որ Եկեղեցիները միանան, բայց ճշմարտութեան հիման վրայ, ոչ թէ մէկը զօրաւոր, մէկը տկար դիրքերուն վրայ կանգնած, այլ Աւետարանը ըլլար դատաւորը, եւ բոլոր Եկեղեցիները Աւետարանին համեմատաբար ճշտէին իրենց կեցուածքը եւ որտեղ որ էր ճշմարտութիւնը, այն յաղթանակէր եւ այդ Եկեղեցին: Այդպէս ալ ըրաւ ինք, երբ աշխատեցաւ տարբեր Եկեղեցիներու եւ Միութիւններու եւ տեղական, համայնքներու եւ անոնց խորհուրդներու մէջ, ըլլայ Եւրոպա, ըլլայ Ամերիկա, ըլլայ Միջին Արեւելք:
Իբրեւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, ինք կրցաւ այդ հանգամանքը օգտագործել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հզօրութեան համար, որովհետեւ յատկապէս իր ընտրութեան առիթով երեւան եկաւ այն խոր յարգանքը, որ երկիրներ եւ Եկեղեցիներ կը տածէին իրեն հանդէպ, եւ վստահաբար, որ ատիկայ պիտի ըլլար անստգիւտ դրամագլուխ մը, որով ինք պիտի կարենար օգտակար ըլլալ ոչ միայն Հայաստանեաց Եկեղեցիին, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ ԱՊՀ-ի բոլոր երկիրներուն, հանդիսանալով նաեւ կերպով մը խօսնակը նախկին Սովետական Միութեան Եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն: Այդ հանգամանքով ալ ինք ընդառաջեց Պապի հրաւէրին եւ 1996-ին գնաց Հռոմ, Վատիկան եւ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Յովհաննէս-Պողոս Երկրորդ Պապին հետ եւ ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որ, կրնամ ըսել, չարամտօրէն օգտագործուեցաւ ի հեճուկս իրեն, բայց ի վերջոյ երբ որ մարդիկ հանդարտօրէն կարդացին, ընկալեցին, տեսան, որ ոչինչ չկար տարբեր, եւ այն, ինչ որ ըսած էր Գարեգին Վեհափառը, Շնորհալին ըսած էր դարեր առաջ, եւ արժանացած հայ ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցուոյ յարգանքին եւ սիրոյն:
Այդ ոգին էր, որ գնահատեց Յովհաննէս-Պողոս Պապը եւ յաջորդ տարին զինք հրաւիրեց, որպէսզի Աւագ Ուրբաթ օրը Խաչի Ճանապարհին` Չարչարանաց Ճանապարհին աղօթքները ինք խմբագրէ: Վեհափառը չգնաց, իր կողմեն Ներսէս Սրբազանը գնաց եւ ներկայացուց Հայոց Եկեղեցին Հռոմի մէջ, այսինքն Քոլիզէումի մէջ կարդաց Հայոց Հայրապետին աղօթքը, աղօթք, որ եղաւ նաեւ աղօթք տառապեալ Հայրապետին իր մահուան մահիճին մէջ: Նոյն այդ գնահատութեամբ էր, որ Յովհաննէս-Պողոս Պապը շատ փափակեցաւ այցելել Հայաստան, տեսնել Արարատ լեռը եւ աղօթել Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ, բայց, դժբախտաբար, այդ ալ չիրականացաւ, Պապի միօրեայ այցելութեան փափաքն ալ չիրականացաւ եւ այս երկրի վրայ այս երկու հոգեւոր պետերը այդպէս այլեւս չհանդիպեցան իրարու:
Գրագէտ էր Գարեգին Վեհափառը, գրագէտ այն իմաստով, որ իբրեւ հոգեւորական, իբրեւ քարոզիչ, բնական է` գրող ըլլար, բայց ինք անդրանցաւ այդ հանգամանքը եւ չեղաւ միայն քարոզիչ մը կամ աստուածաբան մը, այլ դարձաւ նաեւ հայ լեզուի ծառան, հայ մշակոյթի ծառան, եւ իբրեւ գրագէտ ալ ուզեց ճանչցուիլ, գնահատուիլ եւ սիրուիլ եթէ կ’ուզէք: Փորձեր ըրաւ, գրեց, եւ իսկապէս հաճոյք էր իրեն, երբ իրեն ստորագրութիւնը կ’երեւէր, ըսենք «Բագին» ամսագրին մէջ: Եւ՛ իբրեւ մտաւորական, եւ՛ յատկապէս իբրեւ գրագէտ կ’առնէր դրուագներ, դէպքեր, հայոց պատմութեան էջեր, երբեմն ուրիշներու կողմէ աննշմար անցած, փոքրիկ բան մը եւ այդ կը վերածէր գրական էջի մը: Երբ որ գերեզման մը կ’այցելէր Պարսկաստանի մէջ, կամ երբ որ Նոր Զելանտայի մէջ Վարդանանց կը տօնէր, կամ երբ որ Արաքսի մօտ էր կ’անդրադառնար, թէ ինչպէս Հին Ջուղայի բնակիչները երբ կը թողնէին ու կ’անցնէին Արաքսը. իրենց եկեղեցիներին, տուներուն բանալիները կը նետէին Արաքսի մէջ… այսպէս էր ինք,… յանկարծ կը կարդար Առաքէլ Դաւրիժեցի մը, Առաքէլ Դաւրիժեցիին մէջ կը տեսնէր այն որսորդին պատմութիւնը, որ Սիւնեաց աշխարհի մէջ, ժայռերու մէջ կը գտնէր ոսկրացեալ հայ վանականի մը, վեղարաւոր հայ վանականի մը կմախքը եւ կը ներշնչուէր ատկէ:
Գարեգին Կաթողիկոսը այդ դրուագի մէջէն հայ վանականութեան վերածնունդին մասին կը մտածէր, ատոր մէջեն կը շօշափէր հայ վանքերու վերածնունդին գաղափարը, հայ գրչութեան աճումը, հայ հոգիին ճախրումը եւ ուրիշին կը փոխանցէր այդ ներշնչումը: Այդպէս կ’ընէր գրքի ճամփով, իբրեւ տեսուչ Դպրեվանքի եւ նաեւ գրի ճամփով, եւ իր գրագիտութիւնը չէր բաւականանար ադով, այլ նաեւ ան ծանօթ եղաւ իբրեւ բանասէր եւ գրասէր: Իրեն կպարտինք ,խաղբակեանք կամ Պռօշեանք հայոց պատմութեան մէջէ կոթողային հատորի երկրորդ անգամ հրատարակութեան պատրաստումը, որ Կիւլպենկեան հաստատութեան կողմէ հովանաւորուեցաւ, եւ որ Գարեգին եպիսկոպոսը խմբագրեց հոգելոյս Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոսի աննախադէպ գործերը այս երկու ընտանիքներու մասին, որոնք որոշ դարաշրջանի մը հայոց պատմութիւնը գրեցին եւ կամուրջ հանդիսացան Բագրատունեաց թագաւորութենէն մինչեւ նոր ժամանակները:
Գրասէր էր Վեհափառը բառին բովանդակ առումով: Գէթ հայ իրականութեան մէջ չեմ ճանչնար ես որեւէ աշխարհական կամ եկեղեցական անձ, որ այնքան կապուած ըլլայ գիրքին: Գիրքը իրեն համար պաշտամունքի առարկայ էր. եթէ կ’ուզէք, կը սիրէր գիրքը, ինչի մասին ալ որ ըլլար եւ ուր որ երթար, որ քաղաքը որ այցելէր, կարծէք աղօթքեն յետոյ իր առաջին գործը կ’ըլլար գրատուն մը փնտրել: Կ’երթար, ժամերով կը յամենար, դարակներուն մէջ կը խորասուզուէր… տեսած եմ զինք Փարիզ, տեսած եմ Լոնտոն, տեսած եմ զինք Թորոնթոյ, Մոնրէալ, Լոս Անճելըս կամ Նիւ Եորքի մի քանի աստուածաբանական գրախանութները, ուր որ կը մտնէր, կը պրպտէր, կը կարդար եւ գիրքեր կը հաւաքէր, հոգ ալ չէր ընէր, թէ որքան ծանր’ պիտի ըլլան, փոխադրումը ինչպէս պիտի ըլլայ, կը հաւաքէր, եւ հիանալին այն էր, որ կը կարդար, կը կարդար եւ ամենւսհեռւսուոր շրջաններուն մէջ, ուր որ ապրած էր, ըսենք, Նոր Ջուղա կամ Անթիլիաս, պատերազմի տարիներուն, կամ Հայաստան, ուր որ եղաւ, միշտ ամենէն նոր եւ այժմէական գիրքերը իր տրամադրութեան տակ էին. աստուածաբանական, պատմական, փիլիսոփայական, հայեցողական… գիրքերը կ’առնէր, կը գրէր, կը նօթագրէր եւ իր պզտիկ կարմիր գիրքին մէջ կ’արձանագրէր կարեւոր մտածումներ: Օրինակի համար, ըսենք, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Համըրշոլթի «մարքինկզ» անունով գիրքը, կ’առնէր եւ կը հիանար այդ մարդուն մտածումներով, նօթեր կ’առնէր ու օրը կու գար, ժամը կու գար, երբ որ դասախօսութեան մը ընթացքին, քարոզի ընթացքին ինք գեղեցկօրէն կը մէջբերէր այդ մտածումը եւ այդ մտածումին կու տար նոր կեանք, նոր թռիչք: Ատոր համար ալ իր քարոզները եւ իր բանախօսութիւնները, Ամերիկայի մէջ եղած ատեն ալ իր ճառախօսութիւնները, ճաշկերոյթի մը ընթացքին խօսքերը միշտ համեմուած էին օտար մեծ փիլիսոփաներու, քաղաքագէտներու, դիւանագէտներու, աստուածաբաններու մտածումներով, որով սովորական հայ ունկնդիրը կը հաղորդուէր ժամանակակից մտածումով, ժամանակակից մարդոց բարձր մտածումներու արտայայտութեամբ:
Ես իրեն կը պարտիմ գրքի հանդէպ սէրը, իրեն կը պարտիմ գրքի հանդէպ պաշտամունքը, եւ նաեւ իրեն կը պարտիմ գիրք հրատարակելու մոլուցքը, եթէ կ’ուզէք, եւ Վեհափառի այս գրքասիրութիւնը արտայայտուեցաւ ամենաքոնքրետ կերպով, երբ 1978-են սկսեալ եւ ամէն տարի Անթիլիասի մէջ հոկտեմբերին կազմակերպեց հայ գրքի ցուցահանդէս: Հոկտեմբերի Թարգմանչաց շաբաթ օրը, կիրակին Անթիլիասի Մայրավանքը կը վխտար աննախընթաց բազմութեամբ: Երկար-երկար տարիներ (թերեւս, Պոլիսի տասնհինգեն առաջուայ օրերը կը յիշեցնէին այդ օրերը) հազարաւոր գրասէրներ կու գային եւ Անթիլիասի վանքին մէջ կը պտտէին, կը տեսնէին, կը գնէին Լիբանանի հայ հրատարակիչներու գործերը, եւ ինքն ալ, ամէն անգամ, ժամերգութիւնեն յետոյ պիտի դասախօսութիւն մը տար «Հայ գիրքը եւ հայ մարդը» թեմայի վարիասիոններու շուրջ: Հիմա անոնք առանձին հատորին մէջ են եւ հիանալի խորադիրներ ունին եւ, այսպէս, պրիսմակին տարբեր ճակատներ են, ուր կ’արտացոլայ հայ մարդու վերաբերմունքը հայ գիրքի հանդէպ, յատկապէս, Գարեգին Վեհափառի վերաբերմունքը հայ գիրքին հանդէպ:
Եւ, վերջապէս, իբրեւ գրագէտ, գրասէր, բանասէր անձ, ես կ’ուզեմ մէկ բան ալ աւելցնել, որ Վեհափառը նաեւ հայ լեզուի ոսկերիչ էր. գեղեցիկ բառեր, գեղեցիկ արտայայտութիւններ իրեն հաճոյք կը պատճառէին, չէր գոհանար եղած բառամթերքով, չէր գոհանար մտածումի կոկուած յուներեն ընթանալով, միշտ գեղեցիկին, բարձրին հետամուտ էր: Ատոր մէջ իրեն նպաստած էին հայ բանասիրութեան իր խոր ծանօթութիւնը, հայ մատենագրութեան իր խորամտութիւնը: Խորենացի կամ Եղիշէ, Կորիւն, Յովհաննէս Պատմաբան, Շնորհալի, Լամբրոնացի, Տաթեւացի, այս բոլորէն ինք քաղած էր, ջանասէր մեղուի նման ամենեն համեղ արտայայտութիւնները, բառերը, դարձուածքները եւ իր խօսքերը կը համեմէր մեր հայրերու խօսքով, մտածումներով: Իզուր չէ, որ ինք դասախօսութիւններու եւ հրատարակութեանց շարք մը սկսաւ Անթիլիասի մէջ` «Մեր հայրերը կխօսին մեզի» բնաբանով, որովհետեւ մեր հայրերը իրմով կը խօսէին մեզի եւ իրենց բառերուն ամենէն ընտիրներովը եւ ճոխագոյններովը:
Ինք ծանօթ էր նաեւ միջնադարեան գրականութեան եւ մեր արդիական գրականութեան, իր պաշտած գրողներեն էր Վահան Թեքէեանը, իրեն անծանօթ չէին Սիամանթոն, Վարուժանը, իրեն անծանօթ չէին նորագոյն բանաստեղծներեն Մուշեղ Իշխանը, Պարոյր Սեւակը, Համոյ Աահեանը, Կոստան Զարեանը, Աբրահամ Ալիքեանը, Վահէ Օշականը: Երբեմն մեզի անծանօթ գրողներ կային, բայց ինք ճանչցած էր զանոնք, եւ առիթ որ ըլլար, կը գնահատէր, կ’ապրեցնէր զանոնք: Յետոյ, իր լեզուի գործածութիւնը ուրիշ ճոխութիւն ունէր, վերջերս առիթ ունեցայ ընթերցելու յօդուած մը իր լեզուին իմացութեան մասին, եւ այդտեղ հաճոյքով կարդացի վերլուծումը եւ ուսումնասիրութիւնը այդ հայաստանեան հեղինակին, որ կ’ըսէր, թէ շուրջ հազար նորարարութիւններ ունի Գարեգին Վեհափառը հայերենի մէջ. նոր ածանցումներ, նոր բարդութիւններ, ըսելու նոր կերպեր, բառերու նոր շեշտաւորումներ, բառաստեղծումներ:
Իսկապէս, վաղը երբ ուսումնասիրուին անոնք եւ քիչ մը աւելի տարածուին, պիտի ճոխացնեն հայ լեզուագանձարանը, հայ լեզուի բառարանը:
Բայց այս համապատկերը լման պիտի չըլլար, եթէ չյիշէի Գարեգին Վեհափառը իբրեւ ուսուցիչ ու դաստիարակ, եւ յատկապէս իբրեւ Հայր Գարեգին: Հայր Գարեգին… մեր ամենասիրած անձնաւորութիւնը մեր ուսուցիչ Հայր Գարեգինն էր: Վեհափառը ինծի ուսուցիչ եղաւ Պէյրութին Ս. Նշան վարժարանին մէջ, ուր մեզի կը դասաւանդէր հայոց պատմութիւն եւ քրիստոնէական բարոյագիտութիւն: Դպրեվանքի մէջ մեզի ուսոյց Հայ Եկեղեցուոյ պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն: Շատ աշակերտ ունեցաւ ան, Դպրեվանք, Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան վարժարան, Համազգայինի ճեմարան, Ամերիկեան Համալսարան: Աբեղայութենեն մինչեւ Կաթողիկոսութիւն ան եղաւ ու մնաց ուսուցիչ բառին ամենեն ազնուական իմաստով: Թէ մեզ միշտ աշակերտ նկատեց` տարբեր բան. մեզմէ ոմանք կը նեղուէին ատկէ, ուրիշներ յարգանքով կ’ընդունէին այդ, բայց Գարեգին Վեհափառը բոլորիս համար մնաց ուսուցիչ, եւ իբրեւ ուսուցիչ մեզի համար ինք միշտ Հայր Գարեգինի պատկերով ալ մնաց – մեծցաւ ինք, մեծ դէմք հանդիսացաւ, եպիսկոպոս, Կաթողիկոս դարձաւ, Հայ Եկեղեցուոյ պատմութեան մէջ դարձաւ առաջին այն անձը, որ Կիլիկիոյ Աթոռեն բարձրացաւ Ս. Էջմիածնի գահը, բայց մեզի համար ամենէն գեղեցիկը, ամենէն վսեմը, ամենէն սիրելին` Հայր Գարեգինը մնաց: Անթիլիասի Դպրեվանքի մեր տեսուչը, մեր երազը, մեր ներշնչումի պատկերը: Երանի միշտ Հայր Գարեգին մնար եւ եկեղեցական քաղաքականութեան եւ տնտեսական հարցերու թնճուկներուն մէջ երբեւէ մտած չըլլար:
Ինչ ըսեմ, փորձեցի այս կարճ խօսքերու մէջէն ներկայացնել բազմարդիւն, բազմաշնորհ, բազմատաղանդ անձ մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Վեհափառը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա Ծայրագոյն Պատրիարք Կաթողիկոսը, հրաշք անձնաւորութիւն մը, հիանալի մարդ մը, մեծ հոգեւորական մը, խորհուն աստուածաբան մը, բայց որ հակառակ անոր, որ եղաւ լեզուի ոսկերիչ, հռչակուեցաւ Ոսկեբերան, Երրորդ Շնորհալի, մտածումի, թռիչքի լաւագոյն արտայայտիչ, Աստծոյ մէկ անքննելի կամքով դարձաւ լուռ, լուռ տառապանքի մարդը, ինք, որ Գրիգոր Լուսաւորչի մասին երբ կը քարոզէր, կը գործածէր շարականին բառերը’ «քնար քաղցրախօս» բառերը, ինքը դարձաւ «խորտակուած քնար»:
Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը, բարի յիշենք զինք մեր աղօթքներուն մէջ, մեր սիրելի եւ թանկագին Հայրապետը` Գարեգին Վեհափառը, Հայր Գարեգինը: