Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աշխատանքի լծուեցաւ Սպիտակ տունէն եւ Քոնկրեսէն աջակցութիւն ապահովելու համար` Լիբանանին:
Առ այդ, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով, արդէն իսկ սկսած է 18 միլիոն տոլարի նպաստը բաժնել ու յաւելալ 30 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն վաւերացուցած է: