Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրայատուկ Վերամուտ

Օգոստոս 24, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Լիբանանի մէջ մենք տակաւին պաշտօնապէս ամառնային արձակուրդի շրջանին մէջ ենք, սակայն աշխարհին շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ վերամուտը արդէն տեղի ունեցած է կամ տեղի պիտի ունենայ: Եւ որովհետեւ ամբողջ աշխարհը կ՛ապրի բացառիկ վիճակ մը` «Քովիտ-19» ժահրին պատճառով, մարդիկ մեծ զգուշութեամբ կը վարուին` խստօրէն յարգելով հիւանդութեան դէմ պայքարելու միջոցառումները: Ասիկա յատկապէս դժուար է դպրոցներուն մէջ, ուր փոքրիկ դասարանի մը մէջ հաւաքուած կրնան ըլլալ 20-30 աշակերտներ:

Ամերիկայի Ֆլորիտա նահանգին մէջ առաջին դասարանի ուսուցչուհի մը` Փաթրիսիա Տովի յղացած է իւրայատուկ գաղափար մը` այս բացառիկ վերամուտը հաճելի դարձնելու եւ ապահովութեան օրէնքները դիւրութեամբ յարգել տալու համար:

Տովի Ճիփ ինքնաշարժներու մեծ սիրահար մըն է: Եւ երբ ան համացանցին վրայ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս ուրիշ ուսուցչուհի մը դասարանին սեղանները ինքնաշարժներու վերածած է, ան անմիջապէս որդեգրած է գաղափարը: Ան մտադրած է ամբողջ դասարանը վերածել «բացօթեայ ճամբու» մը` զայն զարդարելով բնութեան մէջ գտնուող տարրերով եւ սեղանները ճիփերու վերածելով:

Դպրոցը հայթայթած է եռակողմանի փլեքսիկլաս թափանցիկ տախտակներ` սեղանները մեկուսացնելու համար, մինչ Տովի եւ անոր օգնական ուսուցչուհի մը իրենց տունէն բերած են մնացած առարկաները: Իւրաքանչիւր սեղանը ինքնաշարժի վերածելու աշխատանքները տեւած են մօտաւորապէս եօթը օր: Այս ձեւով, 26 օգոստոսին, վերամուտի օրը, իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի ունենայ իրեն անձնական «ինքնաշարժ»-ը` դասարանին մէջ շարուած:

Այդ առաջին օրը աշակերտները առիթը պիտի ունենան նաեւ շինելու իրենց ինքնաշարժին անձնական թիւերու տախտակը: Տովի կ՛ենթադրէ, թէ բաւական հաճելի պիտի ըլլայ նման մթնոլորտի մը մէջ դաս սորվիլը, մանաւանդ երբ պարզապէս նկատողութիւն մը ընելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ ըսել «Մանիշակագո՛յն ինքնաշարժ, ուշադրութիւ՛ն, ճամբէն դուրս չելլես…»:

96 Տարեկան
Համալսարանաւարտ Ուսանողը

Մնանք «դպրոցական» մթնոլորտին մէջ, սակայն ուղղուինք դէպի Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքը:

29 յուլիսին Ճիւզեփփէ Փաթերնօ, իր դասարանին առաջնութիւնը շահելով, աւարտեց Փալերմոյի համալսարանը` պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան մարզերուն մէջ: Այս ձեւով ան նաեւ մցանիշ մը արձանագրեց` դառնալով երկրին տարիքով ամէնէն մեծ աւարտականը…  96 տարեկանին:

Ճիւզեփփէ ծնած էր աղքատ ընտանիքի մը մէջ եւ կրցած էր ստանալ միայն տարրական ուսում: Հետագային ան բանակ մտած էր եւ մասնակցած համաշխարհային Բ. պատերազմին: Ապա, ան ստիպուած եղած էր աշխատիլ շոգեկառքի ընկերութեան մէջ, ամուսնացած էր եւ կազմած ընտանիք:

Սակայն ան միշտ պահած է ուսումի սէրը: Այս ձեւով է, որ ան իր դպրոցական վկայականը կրցած է առնել 31 տարեկանին, եւ վերջապէս` 2017-ին որոշած է համալսարան արձանագրուիլ:

1984-ին, երբ ան իր գործէն հանգստեան կոչուեցաւ, նաեւ իր ուսման ամբողջ ընթացքին, ան աշխատեցաւ իր մօրը նուիրած գրամեքենային վրայ` իր փնտռտուքները ընելով գիրքերուն մէջ եւ ոչ թէ «Կուկըլ»-ի վրայ: «Քովիտ-19» ժահրի համաճարակին ժամանակն է միայն, որ ան ստիպուած տունը մնալով սկսաւ դասերուն հետեւիլ համացանցին միջոցով:

Այս կարեւոր անկիւնադարձէն ետք, Ճիւզեփփէ տակաւին ուրիշ ծրագիրներ ունի: Ան կ՛ուզէ շարունակել սորվիլ, իր գիտելիքները հարստացնել, շարունակել կարդալ եւ սկսիլ գրել: «Իմ նպատակս ասիկա է: Գիտութիւնը կը նմանի պայուսակի մը, որ հետս կը պտտցնեմ, անիկա գանձ մըն է», կ՛ըսէ ան:

Պտոյտ

Այս օրերուն հաւանաբար մենք շատ առիթը չունինք տունէն դուրս ելլելու, այցելութիւններ կատարելու… Սակայն բարեբախտաբար մենք միջոցը ունինք կարճ ճամբորդութիւն մը կատարելու` առանց լքելու մեր տունը, այս տողերուն ընդմէջէն:

Այսօր մենք պիտի ուղղուինք դէպի Արեւելք եւ այցելենք Հնդկաստանի Ժայփուր քաղաքին մէջ գտնուող Հաուա Տահալ` «Հովերու պալատը»:

Այս կառոյցը շինել տուած է Սաուայ Փրաթափ Սինկ Մահարաճան` իբրեւ շարունակութիւն քաղաքի պալատին: Ընդհանուր կառոյցը ունի բուրգի մը ձեւը եւ օժտուած է 953 «ժիհարոքան»-ներով, փոքրիկ պատուհաններ, որոնք աւանդական մարուագի ոճով փորագրուած են փեթակի մը ներքին բաժանմունքներուն տպաւորութիւնը տալով:

Անոր այս իւրայատուկ պատուհանները կարելիութիւնը կու տային թագաւորական ընտանիքի կիներուն եւ թագուհիներուն տեսնելու դուրսի աշխարհը` առանց յայտնուելու, ինչպէս նաեւ զով օդը շնչելու ամառնային տաք օրերուն:

Սակայն այս կառուցուածքը ունի նաեւ միակ սենեակի մը խորութիւնը, շատ պարզ սենեակներ եւ ընդարձակ փակ: Ան հինգ յարկանի է, սակայն ոչ մէկ աստիճան գոյութիւն ունի. նեղ անցքերով կարելի է անցնիլ յարկերուն միջեւ: Պալատը շինուած է վարդագոյն եւ կարմիր աւազաքարերով, ինչպէս քաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող ուրիշ կառոյցներ, որոնք Ժայփուրին տուած են անոր ծածկանունը` «Վարդագոյն քաղաք»:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացո՛ւր 1-178` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս գտնել մէջտեղի ձուկին հասցնող ճամբան:
Նախորդը

Ճատրակ. Համաշխարհային 44-րդ Առցանց Օլիմփիատ. Հայաստանի Հաւաքականը Յաղթեց Թուրքիոյ՝ 4,5-1,5 Արդիւնքով

Յաջորդը

Անդրադարձ. Թուրք Մտայնութեան Դրսեւորումներ՝ Յիշեցում

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?