Շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Այնճարի մէջ կատարուեցաւ ԱՖՀԻԼ ապահովագրական քարտերու բաշխումը, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին անունով ներկաները ողջունեց Լալիկ Խօշեան եւ ըսաւ. «Կոմիտէին հետեւողական ջանքերով եւ ԱՖՀԻԼ ապահովագրական հաստատութեան տնօրէնութեան հետ գործակցութեամբ, Այնճարի մէջ բնակող եւ պէյրութաբնակ այնճարցի հայրենակիցներուն ապահովագրութեան միտող կենսական աշխատանքը արդէն իր լրումին հասած է` հանդիսանալով միասնականութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը»:
Ան նշեց, որ ընկերային ու առողջապահական իմաստէն անդին կ՛անցնի այս ծրագիրը, որովհետեւ այդպիսով ոչ միայն կը կերտուի առողջ եւ ապահով ընկերութիւն մը ունենալու գաղափարը, այլ գործնական դրսեւորում կը ստանայ: «Այս նախաձեռնութիւնը բարացուցական դրսեւորումն է ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ճիգերուն` պաշտպան հանդիսանալու մեր սիրելի ժողովուրդին եւ ամրօրէն տէր կանգնելու անոր բարօրութեան եւ ապահովութեան: Մեր ժողովուրդը արժանի է հանգիստ, ապահով եւ խաղաղ կեանք մը ապրելու», շեշտեց Լ. Խօշեան:
Աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին` իրենց նուիրումին, աջակցութեան եւ համագործակցութեան համար: Ան մաղթեց բոլոր մեր հայրենակիցներուն քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ` յոյս յայտնելով, որ բոլորին միասնական ջանքերով Այնճարը շարունակէ մնալ ապահով, առողջ, բարօր, համերաշխ եւ կուռ համայնք մը:
Ապա ան հրաւիրեց ԱՖՀԻԼ ապահովագրութեան անձնակազմի անդամ Շաղիկ Պէրպէրեանը, որ նախ ներկայացուց ԱՖՀԻԼ-ը, որ իր աշխատանքով եւ առաքելութեամբ միշտ կանգնած է ժողովուրդի կողքին եւ լիբանանահայ գաղութին առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու ճիգ ի գործ կը դնէ մնայուն կերպով:
Ան բացատրեց, որ ԱՖՀԻԼ-ը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի առաջարկով եւ հովանաւորութեամբ, պատրաստած է ապահովագրութեան քարտեր Այնճարի հայրենակիցներուն եւ պէյրութաբնակ այնճարցիներուն, որոնք այսպիսով պիտի ունենան արկածներու դէմ ապահովագրութիւնը, ինչպէս նաեւ` տարրալուծարանի Սպասարկութեան ապահովում:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց կոմիտէին եւ կամաւոր աշխատողներուն, ինչպէս նաեւ` հայրենակիցներուն, որոնք միշտ միասնակամ ձեւով կոմիտէի բոլոր նախաձեռնութիւններուն քաջալերողն են:
Այնուհետեւ տեսերիզի վրայ ներկայացուց եւ բացատրութիւններ տուաւ արկածներու տարբեր տեսակներու մասին, ինչպէս նաեւ թուարկեց Պէյրութի եւ Պեքայի այն հիւանդանոցներն ու տարրալուծարանները, ուր անհրաժեշտութեան պարագային հայրենակիցները կրնան դիմել:
Ապա քարտերու բաշխման աշխատանքը կատարեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները:


