Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող չիլիցի բերդապահ՝ Քլաուտիօ Պրաւօ հեռացաւ իր կազմէն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ 37 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ անգլիական ակումբին հետ:
Պրաւօ, որ 2016-ին Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Սիթիի, անոր հետ կատարեց 61մրցում:
Ան, մանչեսթըրեան կազմին հետ, դարձաւ Անգլիոյ կրկնակի ախոյեան, իսկ մէկ անգամ ալ՝ երկրին բաժակակիր: