-Այսօր՝ Պայէրն Միւնիխ-Լիոն
Երէկ գիշեր, Լիզպոնի մէջ (Փորթուգալ) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն եւ Լայփցիկ:
Փարից Սեն Ժերմէն, 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով, ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին:
Գերմանական կազմին դէմ, յաղթական խումբին կոլերը նշանակեցին՝ Մարքինիոս (13-րդ) Անխել Տի Մարիա (42-րդ) եւ Խուան Պերնաթ Վելասքօ (56-րդ):
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, այսօր՝ չորեքշաբթի, իրարու դէմ կը մրցին՝ Պայէրն Միւնիխ եւ Լիոն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչ կը վերաբերի աւարտականի ճակատումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 23 օգոստոսին, դարձեալ ժամը 22:00-ին՝ (Պէյրութի ժամանակացոյցով):