Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ՝ Արմէն Մելիքբեկեան, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան մը հետ այցելեց Շենքաւիթ համայնքին մէջ վերակառուցուող մարզադաշտը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ նախագահին այս այցելութեան գլխաւոր նպատակն է, մօտէն հետեւիլ հոն կատարուող շինարարական աշխատանքներուն:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Մելիքբեկեան ըսաւ. « Ֆետերասիոնը ունի ծրագիր՝ «ներդրում՝ ներդրման դիմաց»: Իւրաքանչիւր տեղ, ուր մեծածաւալ ներդրում կը կատարուի, մենք հոն մեր մասնակցութիւնը պիտի ունենանք»: