Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Վարած Է Երկրի Նոր Կառավարութեան Անդրանիկ Նիստը

Օգոստոս 4, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 3 օգոստոսին տեղի ունեցած է կառավարութեան անդրանիկ նիստ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նիստի  օրակարգին վրայ ընդգրկուած էր «Արցախի Հանրապետութեան 2020-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը,  որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան  ելեւմուտքի նախարար Վահրամ Բաղդասարեանը: Ան նշած է, որ  նախագիծը  մշակուած է ի կատարումն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020-2025 թուականներու  ծրագիրի շարք մը դրոյթներու, ըստ որոնց, Արցախի Հանրապետութեան 2020-ի պետական պիւտճէի ծախսերը կը նախատեսուի աւելցնել 14,810 միլիոն դրամով, իսկ պետական պիւտճէի եկամուտքերը` 5,100  միլիոն դրամով`  պայմանաւորուած Հայաստանի Հանրապետութենէն ստացուող պիւտճէական վարկի գումարի չափով: Փոփոխութիւններու հիմամբ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է օրէնքի նախագիծին, որ, ընթացակարգի համաձայն, պիտի ուղարկուի Ազգային ժողովի քննարկման:

Այնուհետեւ երկրի ղեկավարը նիստի մասնակիցներուն ներկայացուցած է նախատեսուող բարեփոխումները` ըստ ոլորտներու: «Խոշոր ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացումը թոյլ կու տայ  շրջանցել համաշխարհային տնտեսութեան անկման հաւանական բացասական հետեւանքները մեր հանրապետութեան համար», նշած է Արայիկ Յարութիւնեան եւ աւելցուցած, որ ընթացիկ ծրագիրներու յաջող իրականացման պարագային յաջորդ տարի կը սպասուի երկնիշ տնտեսական աճ:

Խօսելով նիստին քննարկուած ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման մասին` նախագահը ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններուն հետ սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման համակարգի իւրաքանչիւր օղակի մէջ պաշտօնեաներու բարեխիղճ վերաբերմունքի, կարգապահութեան, օրէնքի դիմաց բոլորին հաւասարութեան, աշխատանքային խումբերու մէջ ներդաշնակ մթնոլորտի պահպանման սկզբունքներուն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ, երկրի ղեկավարը զգուշացուցած է, որ այն պետական պաշտօնեաները, որոնց աշխատանքն ու վարքագիծը կը հակասեն այդ սկզբունքներուն, ազատ պիտի կացուցուին իրենց պաշտօններէն:

Նախագահը նաեւ կարեւոր նկատած է հանրապետութեան մէջ ձեւաւորուած ներքին կայունութեան մթնոլորտի պահպանումը, որ թոյլ կու տայ իրականացնել Արցախի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած երկու կարեւորագոյն խնդիրները` անվտանգութեան ապահովումը եւ ընկերային-տնտեսական զարգացումը: Այդ ծիրին մէջ նախագահը ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղած է` զբաղելու միայն կառուցողական քննադատութեամբ եւ զերծ մնալու ստեղծուած կայունութիւնը խաթարող քայլերէ:

 

Նախորդը

Հըթթի Հրաժարեցաւ. Շարպել Ուեհպէ` Արտաքին Գործոց Նախարար

Յաջորդը

Մասնագէտները Անվստահութիւն Եւ Դժգոհութիւն Կը Յայտնեն Հանրակրթութեան Նոր Չափորոշիչներուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?