Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնագէտները Անվստահութիւն Եւ Դժգոհութիւն Կը Յայտնեն Հանրակրթութեան Նոր Չափորոշիչներուն Նկատմամբ

Օգոստոս 4, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աշոտ Մելքոնեան. «Ասիկա Ազգային
Անվտանգութեան Խնդիր Է»

Պատմութեան չափորոշիչները մշակած խումբի ղեկավար Լիլիթ Մկրտչեանը թուրք հեղինակներու հետ գրած աշխատութեան մէջ հայկական դասագիրքերու հեղինակները մեղադրած է այն բանի համար, որ հայ կիները անտեսուած են եւ անոնք հայրիշխանական հասարակութիւն կը ներկայացնեն` ըստ «Երկիր»-ին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը «Հանրակրթական դպրոցի պատմութեան ծրագիրներու նախագիծերու, անոնց ետին կանգնած ուժերու գործունէութեան եւ յարակից հարցերու մասին» նիւթով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Որպէսզի ցոյց տան, թէ որքա՛ն նսեմացուցած ենք հայ կնոջ դերը պատմութեան մէջ, մեզ կը քննադատեն, թէ ինչո՞ւ չենք յանդիմանած Արտաշէսին, որ անամօթաբար գնաց, պարանը նետեց եւ գետի միւս ափէն Սաթենիկը առեւանգեց, մէջքն ալ ցաւցուց. հապա կնոջ հանդէպ այդպիսի վերաբերմունք կարելի է՞: Կը պատկերացնէ՞ք, անհեթեթը ո՛ւր հասած է` մարդիկ նստած, մտածած են, թէ կարելի է օրինակ բերել, որ հայ մարդը անտեսած է հայ կինը», նշեց Աշոտ Մելքոնեան:

Ան ընդգծեց, որ բոլորը գիտեն, թէ հայ մարդուն համար հայ կինը, որ մայր է առաջին հերթին, քոյր է, սրբութիւն է, եւ մենք` հայերս, որպէս ընտանեկան ընկալման առումով բարձր աստիճանի վրայ կանգնած, ինչպէս միշտ մեծարած ենք հայ կինը. «Եւ ուրեմն եղաւ, որ մենք անտեսա՞ծ ենք հայ կինը… խայտառակութիւն է: Դուք անգամ մը կարդացէք Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու կամ Ռուսիոյ պատմութիւնը, տեսէք` գիշեր-ցերեկ կինե՞րը ստեղծած են պատմութիւնը»:

Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ բոլոր հաւանական թագուհիներու անունները մեր դասագիրքերուն մէջ կան` Էրատոյէն սկսեալ, մինչեւ Փառանձեմ, Այծեմնիկ եւ միւսները: Հետաքրքրականը այն է, որ նոյնիսկ մեր պատմաբանները առանձին աշխատութիւններով անդրադարձած են.  Արտակ Մովսիսեանը հայոց թագուհիներու մասին աշխատութիւն ունի եւ Էդիկ Մինասեանը երկու գիրք գրած է` ազգային ազատագրական շարժման մէջ հայ կիներու դերակատարութեան մասին:

«Մինչդեռ տողատակի կը քննադատուինք մենք` բոլորս, այն մարդիկը, որ հայոց պատմութիւն դասաւանդած են այդ խումբի անդամներուն», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

Մեր հիմնարկը քննարկած է, եւ աշխատակիցներու մեծագոյն մասը գտած է, որ ասիկա ազգային անվտանգութեան խնդիր է եւ զուտ գիտակրթական խնդիր ըլլալէ արդէն տեղափոխուած է այդ դաշտը, ուստի մենք յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած ենք ԱԱԾ-ի ուշադրութիւնը հրաւիրելով հարցին վրայ. ըստ «Երկիր»-ին` յայտարարեց Աշոտ Մելքոնեանը ասուլիսի ընթացքին:

Յայտարարութեան մէջ պատմաբանները նաեւ նշած են, որ եթէ չափորոշիչները մշակող յանձնախումբը կ՛անտեսէ նախորդ դասագիրքերը` զանոնք որակելով խորհրդային ժամանակներու շունչով գրուածներ, ապա թող բարի ըլլան հաշուի առնել Հայոց պատմութեան ակադեմական հատորները, որոնք անաչառ պատմութիւնը կը  ներկայացնեն Հայաստանի եւ սփիւռքի լաւագոյն պատմաբաններու  մատուցումով:

Յայտնենք, որ «Երկիր»-ի հրապարակումէն ետք, որով կը բացայայտուի, որ «պատմութիւն» եւ «հասարակագիտութիւն» նիւթերու չափորոշիչները մշակող յանձնախումբի անդամները արտասահմանեան դրամաշնորհային ծրագիրներ իրականացուցած են` Թուրքիոյ հանդէպ թշնամիի կերպարը վերացնելու ուղղութեամբ եւ երկու աշխատութիւն հրապարակած այս նիւթով, լայն հանրութիւնը անվստահութեան  կը յայտնէ հանրակրթութեան չափորոշիչները այդ ոգիով շարադրելու գործընթացին: Մասնագէտները կ՛արձանագրեն չափորոշիչներու հակահայկական յստակ դրսեւորումներ: Հայաստանի  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը այս հարցին վրայ կը հրաւիրէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ուշադրութիւնը:

Նախորդը

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Վարած Է Երկրի Նոր Կառավարութեան Անդրանիկ Նիստը

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?