«Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Շրջագիծին Մէջ
Այսօր Սկսաւ Հնգօրեայ Ընդհանուր Զօրաշարժը
«Քորոնա» համաճարակին գծով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը այսօր սկսած է գործադրուիլ, եւ այս դրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2020:
Կը նախատեսուի, որ հնգօրեայ այս ժամանակամիջոցին բոլոր հաստատութիւնները փակ մնան եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ որդեգրուած զգուշութիւններու իմաստով Ներքին ապահովութեան ուժերը աւելի խստապահանջ դառնան:
Ճշդուած օրերուն փակ պիտի մնան մարզասրահները, մարզադաշտերը, մարզական ակումբները, խորհրդաժողովներու յատուկ սրահները, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, ժողովրդային շուկաները, ծովեզերքի քալելու յատուկ մայթերը, լողափները, լողաւազանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները:
Այս բոլորին կողքին պիտի ջնջուին կրօնական բոլոր առիթները, մարզական մրցումները, իսկ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով, պիտի փակուին ճաշարաններն ու սրճարանները, ինչպէս նաեւ պիտի կասեցուի բնակարանները սննդեղէն եւ պատրաստ ճաշ առաքելու ծառայութիւնը:
Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ տարբեր հաստատութիւններ փակ պահելու իմաստով արձանագրուած են կարգ մը բարեփոխումներ, որոնց լոյսին տակ ճշդուած է, թէ տօնական օրերուն ընթացքին
անուշավաճառներն ու ճաշարանները պիտի գործեն առաւօտեան ժամը 6:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00, պայմանաւ որ անոնք իրենց վաճառատուներուն մէջ յաճախորդներ չընդունին եւ բաւարարուին անուշեղէնի ապսպրանքները բնակարանները առաքելու ծառայութեամբ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կլկլակներու բնակարանային առաքումը արգիլուած է:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 4202-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 182 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 168-ը տեղացիներ, իսկ 14-ը Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 55 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1753 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան Հալպայի կառավարական հիւանդանոցի բացումին առիթով հաստատեց, որ նախորդ 30 տարիներուն ընթացքին որդեգրուած սխալ քաղաքականութիւնները զիրենք հասցուցած են այս կացութեան` աւելցնելով, որ առողջապահութեան մէջ քաղաքականութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ հանգամանքներ չկան:
«Մենք ձեր կողքին ենք, իսկ դուք ազատ էք քննադատելու մեր քաղաքականութիւնն ու ռազմավարութիւնը: Անկեղծօրէն կ՛ըսենք, որ նուաճումները կաթիլ առ կաթիլ կ՛իրականանան եւ այդ ընթացքը երբեք պիտի չկասեցնենք», հաստատեց ան:
Հիւսիսային Լիբանան իր կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հասան այցելեց նաեւ Թրիփոլիի կառավարական հիւանդանոց, ուր ստուգեց «Քորոնա»-ի յատուկ բժշկական բաժանմունքին աշխատանքները:
«Ոեւէ հիւանդի հասնելու եւ զայն փրկելու իմաստով թերացած իւրաքանչիւր բժիշկ կամ հիւանդապահ բերման պիտի ենթարկուի եւ պիտի հարցաքննուի», հաստատեց ան:
Հասան ընդգծեց նաեւ, որ այս փուլին տարրալուծարաններուն կողմէ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան ճշգրիտ արդիւնքներ հայթայթելու աշխատանքը իր կարգին առաջնահերթութիւն է:
Միւս կողմէ, բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ երէկ այցելեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց եւ ստուգեց «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուածներու բաժանմունքը, ընկերակցութեամբ` Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատի:
Ապու Շարաֆ գնահատեց կատարուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ արժեւորեց հիւանդանոցին, բժիշկներու սենտիքային եւ առողջապահութեան նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը:
Այս առիթով Ապու Շարաֆ բժիշկներու սենտիքային կողմէ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին 25 միլիոն լ. ոսկիի նուիրատուութիւն մը կատարեց` հաստատելով, որ եթէ անոնք միասնաբար չգործակցին, ապա տան երդիքը բոլորին վրայ փուլ պիտի գայ: