Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Միջոցները Կը Խստանան. Լիբանան Չորսօրեայ Դրութեամբ Փակ Կը Մնայ` Երկու Փուլով

July 28, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2933-ի, Մահուան Պարագաներունը` 51-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 946-ի

«Քորոնա» համաճարակի դէմ պայքարի Լիբանանի ազգային խորհուրդը երէկ,  նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, գումարեց նիստ մը, որուն լոյսին տակ տրուեցան կարգ մը որոշումներ, որոնք յայտարարեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմին:

Ան նշեց, որ այսօրուընէ` երեքշաբթի, 28 յուլիս 2020-էն սկսեալ մինչեւ 10 օգոստոս 2020, փակ պիտի մնան մարզասրահները, մարզադաշտերը, մարզական ակումբները, խորհրդաժողովներու յատուկ սրահները, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, ժողովրդային շուկաները, ծովեզերքի քալելու յատուկ մայթերը, լողափները, լողաւազանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները:

Ան հաստատեց, որ պիտի ջնջուին կրօնական բոլոր առիթները, մարզական մրցումները, իսկ ճաշարաններն ու սրճարանները, ինչպէս նաեւ հանրութեան երթեւեկի մարզին մէջ գործող ինքնաշարժները իրենց կարողութեան միայն 50 առ հարիւրին հիման վրայ պիտի աշխատին:

Ֆահմի յայտնեց, որ ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-էն սկսեալ Լիբանանի սահմաններուն վրայ Լիբանան մուտք գործել փափաքողները ստիպուած են ցոյց տալ իրենց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքը` այն պայմանով, որ  անիկա ճամբորդութենէն միայն 4 օր առաջ կատարուած ըլլայ:

Ֆահմի շեշտեց, որ այսօրուընէ` երեքշաբթի, 28 յուլիս 2020-էն սկսեալ Լիբանան ժամանող բոլոր քաղաքայինները «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան պիտի ենթարկուին եւ 48 ժամուան բնակարանային մեկուսացումի մէջ պիտի մնան` մինչեւ արդիւնքներուն յստակացումը:

Ան նշեց, որ հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2020, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-էն երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020 Լիբանանի մէջ փակ պիտի մնան բոլոր անձնական հաստատութիւնները, առեւտրական կեդրոնները, շուկաներն ու ընկերութիւնները, կրթական ու դրամատնային մարզը եւ պիտի արգիլուին ամէն տեսակի համախմբումներ:

Այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին առողջապահական եւ բժշկական, սննդեղէնի յատուկ, զինուորական, դեղորայքի, ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, տեղեկատուութեան հաստատութիւններն ու նաւահանգիստները եւ օդակայանը, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները:

Միւս կողմէ, այսօր Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պաապտայի մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ, պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին արժեւորումը պիտի կատարէ երկրին մէջ տիրող առողջապահական վտանգաւոր կացութեան եւ համապատասխան յանձնարարութիւններով դուրս պիտի գայ:

Կը նախատեսուի, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կառավարութեան առաջարկէ խստացնել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի միջոցառումները:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2933-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 132 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 120-ը` տեղացիներ, իսկ 12-ը` Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 51 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 946 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի մերժէ ընդունիլ Պէյրութ ժամանող քաղաքայիններ, որոնք «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն չեն կատարած` աւելցնելով, որ ընկերային ապահովագրութիւն (տաման) չունեցող լիբանանցի քաղաքացիները առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն պիտի բուժուին` «Քորոնա» ժահրով վարակուելու պարագային:

Ան հաստատեց, որ անընդունելի է, որ որեւէ կառավարական հիւանդանոց մերժէ հիւանդ ընդունիլ. «կը հասկնամ, որ դժուար կացութեան մէջ ենք, սակայն մեր կարելին պէտք է ընենք», հաստատեց ան:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Ժապալ Շէյխի Մէջ Արձանագրուած Ապահովական Միջադէպ. Իսրայէլ Զայն Կը Նկատէ Հըզպալլայի Մարտիկներուն Կողմէ Գործուած Ներթափանցում Մը, Իսկ Հըզպալլա Կը Հերքէ Իսրայէլեան Ուժերուն Հետ Որեւէ Բախում Կամ Կրակոց

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.