Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապալ Շէյխի Մէջ Արձանագրուած Ապահովական Միջադէպ. Իսրայէլ Զայն Կը Նկատէ Հըզպալլայի Մարտիկներուն Կողմէ Գործուած Ներթափանցում Մը, Իսկ Հըզպալլա Կը Հերքէ Իսրայէլեան Ուժերուն Հետ Որեւէ Բախում Կամ Կրակոց

July 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերուն համաձայն, երէկ յետմիջօրէին բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաայի Ժապալ Շէյխի մօտակայքը արձանագրուած է ապահովական միջադէպ մը, որուն մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան ռմբակոծումներ կատարուած են Քֆարշուպայի բարձունքներուն վերեւ:

Իսրայէլեան ուժերը յայտարարեցին նաեւ, որ Քֆարշուպայի մօտակայքը կրակոցներ արձանագրուած են իրենց եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ, առանց մանրամասնութիւններու կամ շօշափելի փաստերու` լուսանկար, վիտէօ եւ այլն:

Տակաւին խօսուեցաւ Քըրիաթ Շմոնա իսրայէլեան բնակեցման վայրին մէջ պայթումներ լսուելու, եւ Ժապալ Շէյխի վրայ իսրայէլեան հրասայլի մը ռմբակոծման մասին:

Իսրայէլեան ուժեր թռիչքներ գործեցին Լիբանանի վերեւ եւ կեղծ յարձակումներ կատարեցին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններու վրայ:

Իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին նաեւ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններ`  նիւթական վնասներ պատճառելով ցանուած տարածքներու, նաեւ Հապպարիէի մէջ բնակարան մը թիրախ դարձնելով իրենց հրթիռին:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը անմիջապէս հաղորդակցութիւններ կատարեցին բոլոր կողմերուն հետ` ինքնազսպումի կոչ ուղղելով անոնց:

Երկու ժամ ետք Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք ոչ մէկ բախումի մասնակից դարձած են եւ բնաւ չեն կրակած:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Ալի Քամել Մըհսենի նահատակութեան համար մեր պատասխանը անպայման պիտի տրուի, իսկ սիոնականները պէտք է սպասեն իրենց կրելիք պատիժին»:

«Հապպարիէ գիւղաքաղաքին ռմբակոծումն ու քաղաքացիներէն մէկուն բնակարանին վրայ հարուածին դիմաց լուռ պիտի չմնանք», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ապահովական այս միջադէպը բնութագրեց լուրջ` Լիբանանն ու Հըզպալլան պատասխանատու նկատելով անոր:

Նախագահելէ ետք ապահովական նիստի մը, Նեթանիահու Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնէն յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ պայքարիլ հիւսիսային իր շրջանին դիմաց իրանեան զինուորական տեղակայումին դէմ:

Ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա լիբանանեան պետութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ` Իրանի պատճառով:

Նեթանիահու յայտնեց, որ Հըզպալլայի բջիջ մը երէկ ներթափանցած է իսրայէլեան հողեր, իսկ իսրայէլեան ուժերը ձախողեցուցած են այդ փորձը` շնորհիւ իրենց նախազգուշական պատրաստուածութեան:

«Մեզի համար լուրջ վտանգ կը սպառնան դէպի մեր հողերը կատարուող ներթափանցման փորձերը: Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները պատասխանատու են Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումի: Մեր պատասխանը ուժգին պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները պատասխանատու նկատեց Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի վրայ գործուած որեւէ յարձակումի:

«Լիբանանէն եւ Սուրիայէն Իսրայէլի վրայ գործուող որեւէ յարձակում ցնցիչ եւ ցաւալի հարուած մը պիտի հասցնէ այդ երկիրներուն», ընդգծեց Կանց:

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն հսկել Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին ու Լիբանանի հետ սահմանին: «Անոնք կազմ ու պատրաստ պիտի մնան որեւէ պարտականութեան, որովհետեւ մենք պիտի չարտօնենք, որ Իսրայէլի բնակիչներուն անվտանգութեան կամ Իսրայէլի գերիշխանութեան որեւէ վտանգ սպառնայ», հաստատեց ան:

Երեկոյեան Ատրահի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է իր հողերէն կատարուող բոլոր գործողութիւններուն:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ անմիջապէս կապ հաստատած է լիբանանեան բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն հետ` երաշխաւորելու համար սահմանային անդորրը:

Թինընթի ըսաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողմէ արձանագրուած ապահովական միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Միջոցները Կը Խստանան. Լիբանան Չորսօրեայ Դրութեամբ Փակ Կը Մնայ` Երկու Փուլով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Սպառնացած Են Պատժամիջոցներ Հաստատել Հաֆթարի Դէմ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.