Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հաղորդէ, թէ երկուշաբթի, 27 յուլիսին դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հետ` փոխանցելու Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի նամակը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան առկայ պայմաններուն մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի խորհրդարանական համագործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային ընթացիկ օրակարգին առնչուող շարք մը հարցեր: