Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Սկաուտական Խմբապետական Առցանց Համագումարին Աշխատանքները Ընթացք Առին

Յուլիս 28, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 25 յուլիս 2020-ի յետմիջօրէին ընթացք առին Համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական խմբապետական առցանց համագումարին աշխատանքները, մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 27 շրջաններու եւ Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու 70 բարձրաստիճան խմբապետներու:

Համագումարի բացման աշխատանքներուն հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Համաշխարհային սկաուտական շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահը, սկաուտական գիրքերու եւ «Արարատեան» կարգի աշխատանքային խմբակներու անդամներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան ներկայացուցիչը եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնախումբի մասնագէտներ, ընդամէնը` 85 մասնակիցներ:

Համագումարը նախատեսուած էր գումարել այս օրերուն (26 յուլիսին) Գիւմրիի մէջ, սակայն «Քորոնայ»-ի համաճարակը շրջեց այդ կարելիութիւնը եւ զայն փոխադրեց առցանց հարթակ:

Բացման նիստը, որ ուղղակի սփռուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Դիմատետրի էջով, սկսաւ առցանց` Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատու Թալին Օրտողլեան բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն եւ անդրադարձաւ անցեալին կատարուած սկաուտական խմբապետական համագումարներու կարեւորութեան եւ ընդգծեց. «Այս համագումարն է, որ պիտի գծէ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան գալիք տարիներու տեսլականը»:

Ան մատնանշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` հաւատալով համագումարին ունեցած կարեւորութեան եւ շրջանցելով «Քորոնա»-յի համաճարակին համաշխարհային դժուարութիւնը, ինչպէս նաեւ մեկնակէտ ունենալով «սկաուտական կեանքը աշխոյժ պահելն ու կարգ մը աշխատանքներու ծրագրումը կատարելու հեռանկարը` կազմակերպեց առցանց այս հաւաքը` քաջ գիտնալով, որ ան չի կրնար փոխարինել ֆիզիքական ներկայութեամբ կատարուած համագումար մը»:

Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնական խօսքը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ

անդրադարձաւ համագումարին աշխատանքին, որուն միջոցով «Բարձրաստիճան խմբապետներուն իրաւունքը կը տրուի երիտասարդներու ձայնը հասցնելու միութեան ամէնէն բարձր մարմինին եւ ժողովին»: Ան ներկայացուց համագումարին նպատակները եւ շեշտեց. «Համագումարը պիտի հաստատէ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ 100-ամեակի սկաուտական աշխատանքներուն ուղեգիծը, եւ խմբապետները իրենց փորձառութեամբ ու գիտելիքներով մասնակից պիտի դառնան միութեան ապագայ ուղիին մշակման»:

Իր կարգին, Համաշխարհային սկաուտական շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ Բագրատ Եսայեան ողջունեց ժողովն ու ժողովականները: Ան այսօրուան ժամանակաշրջանը համեմատեց շուրջ 25 տարի առաջուան պայմաններուն` Արցախեան ազատամարտի շրջանին, երբ հայկական բոլոր կառոյցները համախմբուած էին հայրենիքի շուրջ: Ան ընդգծեց, որ այսօր եւս նման պայմաններ կը տիրեն Հայաստանի մէջ, հաստատելով, որ նորահաս սերունդին մօտ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով կարեւոր ընելիք ունի ՀՄԸՄ-ը, որ իր ունեցած պատմական յաջող փորձառութիւնը այսօր ան ի գործ կը դնէ մեր ժողովուրդին համար, յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ տէր կը կանգնի մեր ժողովուրդին` հայրենիքի դրօշը բարձր պահելով:

Այնուհետեւ, համագումարի մասնակիցներուն իր բարեմաղթութիւններն ու ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Համաշխարհային սկաուտական Բիւրոյի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հընտաուի, որ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ը եւ դժուար պայմանները յաղթահարելով յառաջ երթալու մղեց բոլորը:

Պաշտօնական խօսքերու աւարտին համագումարի աշխատանքներու վարիչ Թալին Օրտողլեան ներկայացուց բացման նիստին օրակարգն ու ընթացքը: Ապա ներկայացուց համագումարին մասնակիցները` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ աշխատանքային խմբակներու ներկայացուցիչներ:

Օրակարգի առաջին կէտով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տեղեկատուական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Շահինեան` Քանատայէն, ներկայացուց խմբապետական առցանց ֆորումի ստեղծման մանրամասնութիւնները:

Անոր յաջորդեց կարճ դադար մը, որմէ ետք` առցանց երկրորդ նիստով մասնակից շրջաններու խմբապետները փաուըր փոյնթերով ներկայացուցին իրենց շրջաններու սկաուտական աշխատանքները, թիւերը, դժուարութիւններուն ու ապագայի ծրագիրները:

Չորս ժամուան նիստերէ ետք համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան աշխատանքային երեք խմբակի, որպէսզի յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին առանձնաբար քննարկեն ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը յուզող հիմնական հարցեր եւ շաբաթ, 8 օգոստոսին, նոր նիստերով ներկայացնեն եւ բոլորին կողմէ հաստատեն իրենց ներկայացուցած բանաձեւերն ու առաջարկները:

Զօրակցութիւն` Հայկական Բանակին

Համագումարի բացման նիստերու քննարկումներէն ետք մասնակիցները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայկական յաղթական ու քաջարի բանակին, որուն գոյութիւնը նկատեցին ամուր երաշխիք մեր հայրենիքի ապահովութեան ու անկախութեան, իսկ անոր սխրանքները ներշնչող օրինակ` ՀՄԸՄ-ի «կամաւոր բանակ»-ին:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (27 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

Մեր Պայքարը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?